«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 19րդ «Թելեթոն»ին Հանգանակուեցաւ 15.428.777 Ամերիկեան Տոլար


«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Թելեթոն 2016»ը, որ իրականացաւ «Իմ Արցախ» խորագիրին ներքեւ, հանգանակեց 15.428.777 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում: Հանգանակութիւնները պիտի նպատակաուղղուին Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ուղղուած քայլերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի բազմազաւակ ընտանիքներու համար առանձնատուներու կառուցման: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պիտի շարունակուին նպատակային ծրագիրները:

Թելեթոնին պիտի միանան նաեւ հիմնադրամի տեղական մարմինները Պրազիլի մէջ (26-27 Նոյեմբեր` թելեթոն), Լիբանանի մէջ (7 Դեկտեմբեր` ռատիոթոն) եւ Բրիտանիոյ մէջ (11 Դեկտեմբեր` թելեթոն եւ բարեգործական քայլարշաւ):

«Թելեթոն 2016»ի մեծագոյն նուիրատուներն եղան` Անդրանիկ եւ Սեդա Պաղտասարեանները (Միացեալ Նահանգներ)` 5 միլիոն ամերիկեան  տոլար, Սամուէլ Կարապետեանը (Ռուսիա)` 1 միլիոն ամերիկեան  տոլար, Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւնը (Հայաստանի Հանրապետութիւն)` 350.000 ամերիկեան տոլար, Ռէյ Յարթունեանը (Միացեալ Նահանգներ)` 200.000 ամերիկեան տոլար, Սամուէլ Ալեքսանեանը (Հայաստանի Հանրապետութիւն)` 200.000 ամերիկեան  տոլար, Վարուժան Գրիգորեանը (Հայաստանի Հանրապետութիւն)` 100.000 ամերիկեան տոլար, «Ֆլեշ» ընկերութիւնը (Հայաստանի Հանրապետութիւն)` 100.000 ամերիկեան տոլար, Յակոբ Պաղտասարեանը (Միացեալ Նահանգներ)` 100.000 ամերիկեան տոլար, Գագիկ Ծառուկեանը (Հայաստանի Հանրապետութիւն)` 100 միլիոն հայաստանեան դրամ, «Կրանտ Հոլտինկ»ը (Հայաստանի Հանրապետութիւն)` 60 միլիոն հայաստանեան դրամ եւ Մաքուր երկաթի գործարանը (Հայաստանի Հանրապետութիւն)` 20 միլիոն հայաստանեան դրամ:

Հիմնադրամը կը շարունակէ նուիրատուութիւններ ընդունիլ: