«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 21րդ Թելեթոնին Հանգանակուեցաւ 11 Միլիոն 109 Հազար 633 Տոլար


Նոյեմբեր 22ին, Լոս Անճելըսի մէջ՝ ուղիղ հեռարձակումով տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 21րդ ամենամեայ թելեթոնը, որու ընթացքին հանգանակուեցաւ 11 մլն 109 հազար 633 տոլար։ Հանգանակութիւնը դեռ կը շարունակուի, հետևաբար գումարը կրնայ աճիլ:

Հանգանակուած միջոցները, ինչպէս միշտ, պիտի տրամադրուին թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Արցախին: Մասնաւորապէս` «Հեռուստամարաթոն–2018»ի միջոցներով պիտի շարունակուին Արցախի մէջ իրագործուող երկու կարեւոր ծրագիրները, որոնք սկսած էին նախորդ տարի` «Բերքառատ Արցախ» խորագիրով հեռուստամարաթոնի միջոցներով:

Առաջինը արցախեան գիւղատնտեսութեան համար կենսական նշանակութեան խորքային հորերու հորատման եւ կաթիլային համակարգի կառուցման ծրագիրն է: Մարտունիի եւ Ասկերանի շրջաններու մօտ 200 հա տարածք ոռոգելի կը դառնայ, ոռոգման ջուրը հասնելով արցախցիներու ցորենի դաշտերը, պտղատու այգիները: 13 խորքային հոր արդէն փորուած է: Կ՛ընթանան հորատանցքերու վրայ ջրմուղ կայաններու կառուցման աշխատանքներ:

Հեռուստամարաթոնի երկրորդ ուղղութիւնը Արցախի մէջ արեւային վահանակներու տեղադրումն է: Ծրագիրը սկսած է Շուշիի շրջանէն: Առաջինը Քարին տակ համայնքն էր, ուր արդէն 50 բնակարաններու մէջ կ՛օգտագործեն այլընտրանքային ուժանիւթ: 2019ին արեւային ուժանիթէն պիտի օգտուին նաեւ Ասկերանի շրջանի համայնքները:

Իսկ  այս տարուան Թելեթոնի գումարներէն մաս մը պիտի ուղղուի Տաւուշի մարզի գիւղատնտեսական ծրագիրներու զարգացման, ինչպէս նաեւ Հալէպի հայերու կարիքներուն: