«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թորոնթոյի Ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան Կը Շնորհաւորէ Արայիկ Յարութիւնեանը


Մկրտիչ Մկրտիչեան

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին:

 Ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Մեծարգոյ Պրն. Յարութիւնեան,

Մեծ ուրախութեամբ ստացանք Ձեր ընտրութեան լուրը: Արժանի էք: Թորոնթոյի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի լման կազմի անունով սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեզ` մաղթելով ամենալաւը մեր Արցախ եւ Հայաստան աշխարհին:

Մենք, Հիմնադրամի Թորոնթոի զինուորներս, պիտի շարունակենք սատար կանգնիլ Արցախին եւ Ձեզի մեր փոքր ուժերով: Այս պահուն մեր մայր ծրագիրներն են կառուցել Պատարա գիւղի դպրոցը եւ ամբողջութեամբ վերանորոգել Շուշիի Դանիէլ Ղազարեան դպրոցը:

Մենք ամէնքս տեղեակ ենք աշխարհի վրայ տիրող այս ճգնաժամային պայմաններուն եւ ուրախ ենք, որ Արցախի կառավարման ջահը, որ մինջեւ հիմա լաւ ձեռքերու մէջ էր, պիտի անցնի Ձեզի պէս խելօք, փորձառու եւ ուժեղ մարդու»: