«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնին Հանգանակուեցաւ 9 Միլիոն 856 Հազար 100 Տոլար


«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իրականացուց ազգային նուիրատուութեան 22-րդ թելեթոնը` «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի․ կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներին» խորագիրով, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 9 միլիոն 856 հազար 100 տոլար:

Այս տարի 12-ժամ տեւած թելթոնի առաջին 4 ժամը տեղի ունեցաւ Երեւանի, իսկ յաջորդ 8 ժամը հեռարձակուեցաւ  Լոս Անճելըըսէն:

2019-ի ընթացքին հաւաքուած գումարները պիտի յատկացուին խմելու ջուրի եւ եւ արեւային ուժանիւթի կիրառման ծրագիրներու իրականացման համար Արցախի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երեք մարզերու` Տաւուշի, Լոռիի եւ Շիրակի մէջ: Ընդհանուր առմամբ հարիւրէ աւելի համայնքներ պիտի ունենան մշտական խմելու ջուր եւ ելեկտրականութիւն։

Նախորդ տարի «Թելեթոն-2018»-ի ընթացքին հիմնադրամին հանգանակուած էր 11 միլիոն 109 հազար 633 տոլար: