«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Աւանդական Հանգանակային Ճաշկերոյթը Տեղի Ունեցաւ Խանդավառ Մթնոլորտի Մէջ


Յա­րու­թիւն Դեր­ձա­կեան


Հա­յաս­տան Հա­մա­հայ­կան Հիմ­նադ­րա­մի տա­րե­կան հա­մա­գա­ղու­թա­յին հան­գա­նա­կա­յին ճաշ­կե­րոյ­թը, որ այս տա­րի նո­ւի­րո­ւած էր Գա­նա­տա­յի հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան (Confederation )150-ա­մեա­կին, ինչ­պէս նաեւ՝ Թո­րոն­թո­յի «Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի 25-ա­մեա­կին, մեծ շու­քով տօ­նախմ­բո­ւե­ցաւ Նո­յեմ­բեր 12-ին Հայ Կեդ­րո­նի գե­ղե­ցիկ սրա­հին մէջ։ 

Հիմ­նադ­րա­մի Թո­րոն­թո­յի մաս­նա­ճիւ­ղը իր հիմ­նադ­րու­թեան թո­ւա­կա­նէն ի վեր ա­զա­տագ­րո­ւած Ար­ցա­խի վե­րա­շի­նու­թեան եւ զար­գաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն իր մեծ ներդ­րու­մը բե­րե­լով գիւ­ղե­րու մէջ օգ­տա­կար ծրա­գիր­ներ կ’ի­րա­կա­նաց­նէ, ազ­գա­նո­ւէր եւ մար­դա­սի­րա­կան աշ­խա­տանք կը տա­նի, մին­չեւ օրս ի­րա­կա­նաց­նե­լով  72 մեծ ու փոքր ծրա­գիր­ներ։

Ե­րե­կոյ­թը սկսաւ Գա­նա­տա­յի, Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ազ­գա­յին քայ­լերգ­նե­րով, մէկ­նա­բա­նու­թեամբ՝ Ար­մէ­նիա Սար­գի­սեա­նի, դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ` Թա­լին Ար­թի­նեան-Քը­լը­պո­զեա­նի։

Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վար Թէ­նի Նի­կո­ղո­սեան ներ­կա­նե­րը ող­ջու­նե­լէ ետք, պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րը մէկ առ մէկ ներ­կա­յա­ցուց. ներ­կա­նե­րուն մէջ կը գտնո­ւէին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թէան Գա­նա­տա­յի Ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Լե­ւոն Մար­տի­րո­սեան, հիւ­պա­տոս Սա­սուն Յով­հան­նէ­սեան, Հա­յաս­տա­նի Թո­րոն­թո­յի պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տոս Պերճ Սուաս­լեան,  հո­գե­ւոր հայ­րեր, Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան խորհր­դա­կան եւ Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Խո­րէն Մար­տո­յեան, օ­րո­ւան պատ­գա­մա­բեր, խմբա­վար Փի­թըր Ուն­ճեան ու կո­ղա­կի­ցը, եղ­բայ­րը Հայկ Ուն­ճեան եւ կո­ղա­կի­ցը, քա­ղա­քիս մէջ գոր­ծող քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու, միու­թիւն­նե­րու, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ սրա­հը ամ­բող­ջու­թեամբ լեց­նող եւ հիմ­նադ­րա­մի սա­տա­րող շուրջ 400 բա­րե­րար­նե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու բազ­մու­թիւն մը։

Նի­կո­ղո­սեան անց­նող 25 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հիմ­նադ­րա­մին ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին փո­խան­ցեց լայն տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մէ յի­շեց նո­րա­կերտ դպրոց­ներ, հի­ւան­դա­նոց­ներ, մայ­րու­ղի­ներ, ջրամ­բար­ներ, կեան­քի կեդ­րոն­ներ, ու­սում­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­ներ եւ այլ հաս­տա­տու­թիւն­ներ։

Դես­պան Լե­ւոն Մար­տի­րո­սեան խօսք առ­նե­լով ող­ջու­նեց Հիմ­նադ­րա­մի տա­րե­կան հան­գա­նա­կու­թեան բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը, ը­սե­լով՝ “Հիմ­նադ­րա­մը կը շա­րու­նա­կէ ի­րա­կա­նաց­նել իր բա­ցա­ռիկ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւ բեղմ­նա­ւոր գոր­ծու­նէու­թեան շնոր­հիւ կը վա­յե­լէ մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­մակ­րանքն ու վստա­հու­թիւ­նը, ու­շագ­րաւ է, որ Հիմ­նադ­րա­մը կը մէկ­տե­ղէ եւ կը միա­հիւ­սէ մեր բո­լո­րի գա­ղա­փար­նե­րը եւ մի­ջոց­նե­րը՝ հա­մախմ­բե­լով եւ հզօ­րաց­նե­լով Հա­յաս­տա­նը, Ար­ցա­խը եւ Սփիւռ­քը”: Դես­պա­նը ընդգ­ծեց եւ ա­ռանձ­նա­ցուց մաս­նա­ւո­րա­բար Թո­րոն­թո­յի մաս­նա­ճիւ­ղի աշ­խա­տան­քը, որ տա­րի­ներ շա­րու­նակ կ’ա­պա­ցու­ցա­նէ իր ու­ժը եւ մեծ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հաս­նե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը։ Դես­պան Մար­տի­րո­սեան իւ­րա­քան­չիւր նո­ւի­րա­տո­ւի ան­հա­տա­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց՝ շեշ­տե­լով, որ 25 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­նե­րու ծրա­գիր­ներ ի­րա­կա­նա­ցան, միայն այս փաս­տը տո­ւեալ աշ­խա­տան­քի խօ­սուն վկա­յու­թիւնն է։ Դես­պա­նը Մկրտիչ Մկրտի­չեա­նին յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ յայտ­նե­լով մաղ­թեց, որ նոյն կո­րո­վով շա­րու­նա­կէ այս ազ­գօ­գուտ աշ­խա­տանք­նե­րը։

Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժի­նին մէջ  սոփ­րա­նօ Ար­մէ­նիա Սար­գի­սեան իր քաղցր ձայ­նով շատ գե­ղե­ցիկ կեր­պով մէկ­նա­բա­նեց իր յօ­րի­նած “Վար­դան” ա­նուն եր­գը, ջու­թա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ տոքթ․ Հեն­րիկ Կա­րա­պե­տեա­նի, կի­թա­ռի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ Է­տըմ Պէթս­թո­նի, որ աժ­նա­ցաւ բո­լո­րին ջերմ գնա­հա­տան­քին։

Օ­փե­րա­յի սի­րո­ւած երգ­չու­հի սոփ­րա­նօ Լին Ա­նոյշ Իշ­նար․ նշա­նա­ւոր եր­գա­հան Ար­մէն Տիգ­րա­նեա­նի “Վար­դի­թեր” եւ Ա­նուշ օ­փե­րա­յէն “Ամ­պի Տա­կից” եր­գե­րով հան­դէս ե­կաւ, դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ Թա­լին Ար­թի­նեան-Քը­լը­պո­զեա­նի։ Ան իր հրա­պու­րիչ ձայ­նով ու ան­սայ­թաք մէկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով հմա­յեց ներ­կա­նե­րը՝ արժանանալով ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։

Ապա տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն՝ Հիմ­նադ­րա­մի Թորոնթոյի մասնաճիւղի 25-ա­մեա­կի տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, ինչ­պէս նաեւ կարկանդակի հատում՝ ձե­ռամբ դես­պա­նի եւ խմբա­վար Փի­թըր Ուն­ճեա­նի։

Սե­ղան­նե­րու օրհ­նու­թիւ­նը կա­տա­րեց Ս․ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր Հո­վիւ Հայր Ե­ղիա Ծ․ Վրդ․ Քի­րէ­ջեան։ Ճա­շի տե­ւո­ղու­թեան պաս­տա­ռի վրայ ցուցադրուեցան 2016-ի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տան Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րամ­ի զանազան մասնաճիւղերուն կա­տա­րած գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը։

Թո­րոն­թո­յի Հիմ­նադ­րա­մի եր­կա­րա­մեայ ժրա­ջան ու ան­խոնջ ա­տե­նա­պետ Մկրտիչ Մկրտի­չեան հան­դէս ե­կաւ հիմ­նադ­րա­մի վար­չու­թեան ա­նու­նով. ան Ար­ցա­խի մէջ 2016-2017 տա­րեշր­ջա­նի շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մա­սին նկար­նե­րով ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տա­լէ ա­ռաջ, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին սի­րա­յօ­ժար եւ կա­մա­ւոր կեր­պով կը սա­տա­րեն Թո­րոն­թո­յի հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծու­նէու­թեան։ Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նաեւ “Նոր Հայ Հո­րի­զոն” հե­ռա­տե­սի­լին․ հա­յա­տառ մա­մու­լէն “Թո­րոն­թո­հայ” ամ­սա­թեր­թին․ “Լու­սա­բաց” շա­բա­թա­թեր­թին․ Մոն­րէա­լի “Ա­պա­գայ” եւ “Հո­րի­զոն” շա­բա­թա­թեր­թե­րուն, ինչ­պէս նաեւ յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Պոլ­սոյ “Մար­մա­րա” օ­րա­թեր­թին, ո­րոնք եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր ի­րենց սուղ սիւ­նակ­նե­րը սի­րա­յօ­ժար կը տրա­մադ­րեն հիմ­նադ­րա­մի ձեռ­նարկ­նե­րուն։ Մկրտի­չեան յայտ­նեց, որ 2016-ին հան­գա­նա­կա­յին ճաշ­կե­րոյ­թէն գո­յա­ցած գու­մար­նե­րով Թո­րոն­թո­յի հիմ­նադ­րա­մը Ուխ­տա­սար գիւ­ղին մէջ կը կա­ռու­ցէ դպրոց մը, Խնձո­րիս­տան գիւ­ղին մէջ կը կա­ռու­ցէ հա­մայն­քա­յին կեան­քի կեդ­րոն մը, բազ­մա­զա­ւակ ըն­տա­նիք­նե­րու հա­մար չորս ա­ռանձ­նա­տու­ներ եւ յա­ւե­լեալ ծրա­գիր­ներ։ Ապա ան ներ­կա­յա­ցուց 2018ի մայր ծրա­գի­րը, որ պի­տի ըլ­լայ “ՙՋու­րի Կեանք” բնա­բա­նով ո­ռոգ­ման ջուր մա­տա­կա­րա­րել  գիւ­ղե­րուն, ո­րուն նպա­տակն է Ար­ցա­խի տնտե­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կը բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար օգ­նել հայ գիւ­ղա­ցիին։

Այ­նու­հե­տեւ ցոյց տրո­ւե­ցաւ օ­րո­ւան հիւր բա­նա­խօս նախ­կին ջու­թա­կա­հար, Թո­րոն­թօ Սիմ­ֆո­նի նո­ւա­գա­խում­բի եւ Սկով­տիա­յի Ար­քա­յա­կան Ազ­գա­յին նո­ւա­գա­խում­բե­րու ե­րաժշ­տա­կան ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ղե­կա­վար Փի­թըր Ուն­ճեա­նի մէկ տե­սա­հո­լո­վա­կը, որ կը ղե­կա­վա­րէր Թո­րոն­թօ Սիմ­ֆո­նի Նո­ւա­գա­խում­բը։ Ան ծնած է Թո­րոն­թո­յի մէջ հայ հօր­մէ ու Սկով­տիա­ցի մօր­մէ։ Մկրտի­չեան հա­կիրճ տո­ղե­րով ներ­կա­յա­ցուց  օ­րո­ւան պա­տո­ւոյ հիւր բա­նա­խօս Ուն­ճեա­նը եւ զայն հրա­ւի­րէց, որ­պէս­զի իր սրտի խօս­քը փո­խան­ցէ։

Յայտ­նի խմբա­վար Փի­թըր Ուն­ճեան ման­րա­մաս­նօ­րէն խօ­սե­ցաւ իր կեան­քի դրո­ւագ­նե­րու մա­սին, մաս­նա­ւո­րա­բար շեշ­տեց, թէ ե­րաժշ­տա­կան կազ­մա­ւոր­ման շրջա­նին ներշն­չո­ւած էր Լոն­տո­նի մէջ ջու­թա­կի ու­սու­ցիչ Մա­նուկ Բա­րի­քեա­նէն, Նիւ Եոր­քի մէջ՝ Ի­վան Կա­լա­մեա­նէն եւ ղե­կա­վա­րու­թեան դա­սե­րու աշ­խա­տան­քի ըն­թաց­քին Herbert von Karaya-էն։  25 տա­րի­ներ Հիմ­նադ­րա­մի կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լով սրտանց շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր ի­րա­գոր­ծում­նե­ր, նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թե­լով հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը մաս­նակ­ցիլ հիմ­նադ­րա­մի ծրագ­րած կեն­սա­կան բո­լոր գոր­ծե­րուն։ Ուն­ճեան իր խօս­քին մէջ ը­սաւ, թէ 2018-ին պի­տի այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան ու պի­տի ղե­կա­վա­րէ Հա­յաս­տա­նի Ֆի­լար­մո­նիա նո­ւա­գա­խում­բը, որ­պէս հիւր ղե­կա­վար։

Ուն­ճեան իր խօս­քե­րու ա­ւար­տին ներ­կա­նե­րու կող­մէ բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նո­ւե­ցաւ։ Ձե­ռամբ Մկրտի­չեա­նի՝ խմբա­վար Ուն­ճեա­նին նո­ւի­րո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ շի­նո­ւած ման­րա­կերտ ե­րաժշ­տա­կան երեք գոր­ծիք­ներ՝ ՙՈւտ, Թառ եւ Քա­ման­չա, ինչ­պէս նաեւ 2010-ին National Geographic Travele-ի գրքոյ­կի նկար­նե­րու մրցոյ­թին ժո­ղո­վուր­դի քո­ւէ­նե­րով ա­ռաջ­նու­թեան մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցած Մկրտիչ Մկրտի­չեա­նի ոսպ­նեա­կէն դի­տո­ւած  “Ա­րա­րատ լե­րան” գու­նա­ւոր նկա­րը։ Իր մի­ջազ­գա­յին բազ­մա­մեայ ե­րաժշ­տա­կան վաս­տա­կին առ ի գնա­հա­տանք Փի­թըր Ուն­ճեա­նին Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան “Կո­մի­տաս” մե­տա­լի տու­չու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ու շնոր­հա­ւո­րա­գի­րը յանձ­նո­ւե­ցաւ ձե­ռամբ՝ դես­պան Մար­տի­րո­սեա­նի։

Մկրտի­չեան փայ­լուն գա­ղա­փա­րը ու­նե­ցած էր կապ հաս­տա­տե­լու նշա­նա­ւոր ոտ­նագն­դա­կի հա­յաս­տան­ցի մար­զիկ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեա­նի հետ, որ ներ­կա­յիս Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին խում­բի եւ Անգ­լիոյ Ման­չէս­թըր Էու­նայ­թէտ խում­բին մաս կը կազ­մէ։ Ան ձեռք ձգած էր Հեն­րիկ Մխի­թա­րեա­նի կող­մէ ստո­րագ­րո­ւած մար­զա­շա­պի­կը, ո­ր ա­ճուր­դի դրո­ւե­լով ա­պա­հո­վեց 25 հա­զար տո­լար։

Որ­պէս դրա­մա­հա­ւաք տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ զա­նա­զան ապ­րանք­նե­րու լուռ ա­ճուրդ։                     

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին նաեւ Թո­րոն­թո­յի շրջա­նի հա­մալ­սա­րա­նա­կան աւել քան 40 ա­շա­կերտ­ներ։ Այս ա­շա­կերտ­նե­րէն ե­րե­քը Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լու ի­րա­ւունք շա­հե­ցան գրա­ւոր պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ ինչո՞ւ կ’ու­զեն Հա­յաս­տան եր­թալ եւ ինչպէ՞ս կրնան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րել Հա­յաս­տա­նի բար­գա­ւաճ­ման։

Հիմ­նադ­րա­մի փոխատե­նա­պե­տու­հի Հու­րի Նա­ճա­րեան “Մենք կը կա­ռու­ցա­նենք մեր ա­պա­գան” բնա­բա­նով իր սրտի խօս­քը փո­խան­ցեց հե­տե­ւեալ կեր­պով “Հիմ­նադ­րա­մը հան­դի­սա­ցած է բո­լոր հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­ւաս­տիա­կա­նը իր բազ­մա­հա­զար ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մով, բա­րե­լա­ւած է Ար­ցա­խի եւ հայ­րե­նի աշ­խար­հի կեան­քը միա­ժա­մա­նակ գործ հայ­թայ­թե­լով մեր քոյ­րե­րուն ու եղ­բայր­նե­րուն, նաեւ ա­պա­հո­վե­լով շա­րու­նա­կա­կան տնտե­սա­կան զար­գա­ցում մեր զոյգ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն՚: Ան հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը նե­ցուկ կանգ­նե­լու ի­րենց յա­ռա­ջի­կայ աշ­խա­տանք­նե­րուն։   

Ե­րե­կոն իր ա­ւար­տին հա­սաւ Մկրտի­չեա­նի շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քե­րով. այս առ­թիւ ան յայ­տա­րա­րեց՝ թէ նո­ւի­րա­հա­ւա­քէն գո­յա­ցած է 670․000 գա­նա­տա­կան տո­լար, ո­րուն 130․000 տո­լա­րը նո­ւի­րո­ւած է մեծ բա­րե­րար Պերճ Սրկ․ Լիւ­լէ­ճեա­նի կող­մէ, որ պի­տի յատ­կա­ցո­ւի եր­կու գիւ­ղե­րու ջրա­մատ­ա­կա­րար­ման ծրագ­րին։