«Հայաստան» Հիմնադրամը Կը Յայտարարէ Տարբերանշանի Մրցոյթ


«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը յայտարարէ Հիմնադրամի տարբերանշանի եւ վերաոճաւորման (rebranding) առաջարկներու բաց մրցոյթ։

Մրցոյթը նպատակ ունի վերաիմաստաւորելու Հիմնադրամին դերը իբրեւ Համահայկական ամբողջական ներուժը միաւորող, մեր Հայրենիքի հանդէպ հոգատարութիւն դրսեւորող կառոյց։ Տարբերանշանի վերաոճաւորման հայեցակարգը պէտք է ներառնէ Հիմնադրամին անուանումը հայերէն («Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ) եւ անոր կիրառման հնարաւորութիւն տայ նաեւ անգլերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ Տարբերանշանը պէտք է ըլլայ ժամանակակից ու նորարարական լուծումներով, արտայայտէ Հիմնադրամին առաքելութիւնը։

Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ բոլոր հետաքրքրուած կազմակերպութիւնները կամ անձիք՝ անկախ բնակութեան վայրէն, մասնագիտութենէն եւ քաղաքացիութենէն։ Մշակուած առաջարկի փաթեթը պէտք է ներառնէ տարբերանշանի էսքիզն ու անոր կիրառման հնարաւոր տարբերակները։ Անիկա պէտք է ներկայացուի ելեկտրոնային եղանակով՝ հայերէն կամ անգլերէն, առաւելագոյնը 10 էջէ բաղկացած Adobe Acrobat Reader (PDF) ձեւաչափով, որ պէտք չէ գերազանցէ 20 ՄՊը։

Դիմումին փաթեթը պէտք է կազմուած ըլլայ շարք մը բաղադրիչներէ, ինչպէս՝ տարբերանշանի էսքիզ, ունենայ կիրառման հնարաւոր լուծումներ (գունաւոր, մոնոխրոմ, մեծ չափերով՝ պաստառի վրայ, փոքր չափերով՝ այցեքարտի համար, տարբեր այլ կիրառման հնարաւորութիւններ), գաղափարի հակիրճ նիւթի նկարագրութիւն, գաղափարի հեղինակներու մասին տեղեկատւութիւն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրի մասնակցութիւնը ներկայացուած փաթեթի մշակման գործին մէջ։

Նշենք, որ յայտերը կ՝ընդունուին մինչեւ Փետրուար 16ը ներառեալ: Յայտը պէտք է ուղարկել d.banuchyan@himnadram.org ելեկտրոնային հասցէին՝ վերնագիր (subject) տողին վրայ նշելով New Himnadram Re-Branding բառակապակցութիւնը։ Լաւագոյն երեք տարբերանշաններուն ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 18-էն 22: Հանրային քննարկումը պիտի կայանայ Փետրուար 23-27ի ընթացքին: Վերջնական տարբերանշանի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 8ին: