«Հայաստան» Հիմնադրամի Թորոնթոյի Մարմինի Շնորհիւ 2 Բազմազաւակ Ընտանիքներ Տուն Ունեցան


«Արցախփրես».- Դեկտեմբեր 6ին, Մարտունիի շրջանի Ճարտար համայնքին մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 4 սենեակնոց բնակարան նուիրեց Պողոսեաններու բազմազաւակ ընտանիքին:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արցախի գրասենեակի ղեկավար Վալերի Ղազարեան յայտնած է, որ բնակարանը կառուցուած է Թորոնթոյի տեղական մարմինի շնորհիւ:

«Տան կառուցումը սկսած էր 2016-ի Հոկտեմբերին: Բնակարանը ապահովուած է անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւններով. անիկա նաեւ կահաւորուած է», ըսած է Ղազարեան:

Ըստ անոր՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի բարերար Կարպիս Նորեանի միջոցներով Նոյեմբեր 5ին եւս մէկ բնակարան յաձնուած է Ասկերանի շրջանի Լուսաձոր համայնքի մէջ բնակուող Պետրոսեաններու բազմազաւակ ընտանիքին:

Ան նշած է, որ  բազմազաւակ ընտանիքներուն բնակարաններով ապահովելու ծրագրի ծիրէն ներս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 25րդ տուն շահագործման կը յանձնէ: Այս տարի բնակարան ստացած են 12 ընտանիքներ: Դեռ 10 ընտանիք ալ տուն պիտի ստանայ:

Լուսանկարները` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին