Հայաստան Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկեց Սուրիա


ԵՐԵՒԱՆ․- Փետրուար 14ին «Էրեբունի» օդակայանէն բեռնատար օդանաւը Սուրիա տեղափոխեց 40 թոն  մարդասիրական օգնութիւն: Անիկա կը  ներառէ պարէն, առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ:

«ՀԱՊԿ ծիրէն ներս եղած է Ռուսիոյ առաջարկը, համադրել ջանքներն ու օգնութիւն ուղարկել Սուրիա: Մենք շատ շնորհակալ ենք Ռուսիոյ՝ բեռնատար օդանաւի տրամադրման համար, որ հնարաւոր կը դարձնէ այս օգնութեան տեղափոխումը», լրագրողներուն յայտնած է Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:

Նախարարը շեշտած է ծանր վիճակի մէջ գտնուող Սուրիոյ ժողովուրդին օգնութեան տրամադրումը, քանի որ Հայաստանն ալ շատ անգամներ զգացած է մարդասիրական օգնութեան կարեւորութիւնը:

«Բարեկամ Սուրիոյ պարագային ատիկա առանձնապէս կարեւոր է: Մենք շատ լաւ կը յիշենք, որ մէկ դար առաջ արհաւիրքի ժամանակ Սուրիան բացաւ իր դռները հայ ժողովուրդին առաջ: Մենք յոյս ունինք, որ օր առաջ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատուի եւ մարդիկ կարենան վերադառնալ բնականոն կեանքի», ըսած է նախարարը:

ՀՀ նախագահի յանձնարարութեամբ սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն աջակցելու համար անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 3ին, ապա 5ին Երեւանէն Սուրիա մեկնած է մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող երկու օդանաւ: Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութեան բեռներուն վրայ մակագրուած էր. «Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն` Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին»: