Հայաստան Յայտնուած է Ծերացող Հասարակութիւններու Վերին Շեմին


«Փանորամա».- ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնադրամի տուեալներով` Հայաստան յայտնուած է ծերացող հասարակութիւններու վերին շեմին: Հիմնադրամի կանխատեսումները կը վկայեն, որ Հայաստան շուտով պիտի հատէ այդ շեմը` 2050 թուականին 65էն բարձր տարիք ունեցողները պիտի կազմեն բնակչութեան 22-23 տոկոսը:

ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնադրամի «Օժանդակութիւն բնակչութեան հարցերով քաղաքականութիւններու իրականացման» ծրագրի համակարգող Աննա Յովհաննիսեան ըսած է, որ  ՀՀ կառավարութիւնը, Աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարարութիւնը, ՄԱԿի բնակչութեան հիմնադրամը այժմ կը ձեռնարկեն բազմաթիւ քայլեր, տարբեր ռազմավարական ծրագիրներ կը մշակեն` ՀՀ ժողովրդագրական քաղաքականութեան ազգային ծրագիրը վերամշակելու հետ կապուած:

Մարտ 7ին տեղի ունեցած ծերաբուժութեան խնդիրներուն նուիրուած համաժողովին ժամանակ Տարեցներու առողջութեան եւ խնամքի ապահովման  հիմնադիր Արթուր Թորոսեան յայտարարած է, որ գործող ընկերային ծառայութիւններու ներկայ համակարգը չի բաւարարեր տարեցներու ընկերային, հոգեբանական, իրաւական, առողջապահական, բնակարանային ապահովութեան կարիքներու ամբողջական ծաւալը։

Անոր խօսքով` Հայաստանի մէջ կը շարունակէ մտահոգիչ մնալ խնամքի կարիք ունեցող տարեցներուն մատուցուող ընկերային եւ առողջապահական ծառայութիւններուն որակը եւ մատչելիութիւնը:

«Ընդհանրապէս կը բացակային ծերաբուժական եւ բուժքոյրական նեղ մասնագիտական ծառայութիւնները: Տարեցները սեփական իրաւունքներու եւ գործող ծառայութիւններու վերաբերեալ ունին իրազեկուածութեան ցած մակարդակ: Միջին եւ ցած եկամուտ ունեցող երկիրներու մէջ, որոնց մէջ է նաեւ Հայաստանը, 65-էն բարձր տարիք ունեցող մարդոց համար ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու հետեւանքով յառաջացած խնդիրները 2-3 անգամ աւելի են», նշած է ան` աւելցնելով, որ մօտեցումները փոխելու խնդիր կայ:

«Մեր գերակայ նպատակը այս ոլորտին մէջ մասնագէտներու բացը լրացնելն է, հանրապետութիւնով ներդնելով ծերաբուժութեան ծառայութիւններու համակարգ, բարելաւել տարեցներու խնամքի որակը, պատրաստել խնամքի մասնագէտներ», շեշտած է Թորոսեան: