Հայաստան Պիտի Ունենայ «Noyland»


Հայաստանի կառավարութիւնը «Տիզնիլենտ» (Disneyland) եւ «Եունիվըրսըլ» (Universal) ընկերութիւններու փորձագէտները Հայաստան հրաւիրած է Վանաձորի մէջ «Տիզնիլենտ»ի նման վայրի մը նախագիծի իրագործման աշխատանքներու ծիրէն ներս: Այդ վայրը պիտի կոչուի «Նոյլենտ»: Այս մասին յայտարարեց վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

«Նախագծի աշխատանքները սկսած են մէկ տարի առաջ, մեկնարկած է 100 միլիոն տոլարի ներդրումային ծրագիրը արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներու մէջ, եւ այժմ իտալացի լաւագոյն խորհրդատուներ կ՛օգնեն մեզի Վանաձորի զարգացման հայեցակարգը մշակելու գործին», ըսած է վարչապետը:

Վերջինս նաեւ յայտնած է, որ կառավարութիւնը ներկայիս կը քննարկէ ենթակառուցային կարելի լուծումները, որոնք կրնան առաւել գրաւիչ դարձնել Վանաձորի մէջ հիմնադրուող ձեռնարկը: