Հայեր՝ «Օսքար» Մրցանակին Թեկնածու Ֆիլմերուն Մէջ


“Ասպարէզ»․- Փետրուար 26ին կայացաւ Շարժապատկերի արուեստներու եւ գիտութեանց հիմնարկին շնորհած՝ 2017ի «Օսքար»ներու մրցանակաբաշխութիւնը. այս առիթով, ստորեւ կու տանք այս տարուան մրցանակներու թեկնածու ֆիլմերուն մէջ տարբեր ձեւերով դերակատարութիւն ունեցած հայ անհատներու ցանկը.

– «Arrival» ֆիլմի տեսողական տպաւորութեանց վերահսկիչ՝ Ճոզէֆ Գասպարեան

– «Fences» ֆիլմի թուային պատկերներու համադրող՝ Ալեքսիս Տարաքճեան

– «La La Land» ֆիլմի բեմահարթակներու ձեւաւորող՝ Դաւիթ Աղաճանեան

– «Lion» ֆիլմի արտադրութեան վարիչ՝ Շահէն Մկրտիչեան

– «Jackie» ֆիլմի յատուկ շպարումի արուեստագէտ՝ Ալեքսիս Գինեպանեան

– «Moana» ֆիլմի լուսաւորման արուեստագէտ՝ Քեթրին Իփճեան

– «Silence» ֆիլմի տեսողական տպաւորութեանց արուեստագէտ՝ Նայիրի Աբէլեան

– «Fantastic Beasts and Where to Find Them» ֆիլմի տեսողական տպաւորութեանց արուեստագէտ՝ Նայիրի Աբէլեան, եւ երաժշտութեան համադրող ու յօրինող՝ Ճեֆ Աթմաճեան

– «O.J.: Made in America» ֆիլմին մէջ կան Ռապըրթ եւ Քիմ Քարտաշեաններու մասին արխիւային տեսարաններ

– «A Man Called Ove» ֆիլմի երաժշտութեան յօրինող՝ Սարգիս Գույումճեան

– «Star Trek Beyond» ֆիլմի տեսողական տպաւորութեանց վերահսկիչ՝ Արա Խանիքեան, թուային պատկերներու համադրող՝ Արմէն Մայիլեան, տեսողական տպաւորութեանց գծով արտադրութեան օգնական՝ Քաթրինա Նաւասարդեան, եւ արտադրութեան համակարգող՝ Ճէյսըն Զօրիկեան

– «Suicide Squad» ֆիլմի դերասան՝ Ռաֆֆի Ադամեան, եւ տարազներու պատրաստութեան օգնական՝ Հուրի Մահսէրէճեան

– «Trolls» ֆիլմի ելեւմուտքի, հաշուապահութեան եւ այլ գործողութիւններու պատասխանատու՝ Արիգա Բարսեղեան

– «Jim: The James Foley Story» ֆիլմի արտադրութեան օգնական՝ Ինգա Յարութիւնեան

– «Hail, Caesar!» ֆիլմի դերասան՝ Արամազդ Ստեփանեան

– «Borrowed Time» ֆիլմի խորհրդատու՝ Քեթրին Սարաֆեան

– «Sing» ֆիլմի տեսողական տպաւորութեանց արուեստագէտ՝ Էտրիըն Պորզաքեան

– «Deepwater Horizon» ֆիլմի արտադրող՝ Մարք Վահրատեան, եւ հաշուապահ՝ Սալբի Սեմերճեան

– «Sully» ֆիլմի տեսողական տպաւորութեանց արուեստագէտ, յօրինող՝ Ժօուաու Պօղոսեան

– «Rogue One: A Star Wars Story» ֆիլմի տեսողական տպաւորութեանց արուեստագէտ՝ Ճոզէֆ Գասպարեան

– «13 Hours: The Secret Soldiers of Benghazi» ֆիլմի դերասան՝ Միքայէլ Պասմաճեան, դերասաններու ընտրութեան պատասխանատու՝ Տենիս Շամեան

– «Doctor Strange» ֆիլմի տեսողական տպաւորութեանց արուեստագէտներ՝ Արեւ Շանթիկեան եւ Մեսրոպ Թորիկեան

– «The Jungle Book» ֆիլմի ձայնի բաժանմունքէն՝ Միքայէլ Գրիգորեան, յատուկ տպաւորութեանց պատասխանատու՝ Մարք Կիւլէսէրեան, գծագրող՝ Էդուարդ Գրիգորեան եւ տեսողական տպաւորութեանց արուեստագէտ՝ Կրեկըրի Նազարեան։