Հայերէն Ուիքիփետիան Հատած է 250.000 Յօդուածի Սահմանը. Սուսաննա Մկրտչեան


«Արցախփրես»,- Ուիքիփետիան բազմալեզու ազատ հանրագիտարան է, որու հայերէն բովանդակութիւնը կը ստեղծուի վստահելի աղբիւրներու միջոցով:

«Ուքիմետիա Հայաստան» հանրագիտարանային գիտելիքներու տարածման աջակցող կազմակերպութեան նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան ըսած է, որ  ինք անչափ ուրախ է, որ Ստեփանակերտի, Քարվաճառի, Հադրութի  շրջանի Տող գիւղին մէջ եւս կը գործեն Ուիքի ակումբներ, ուր  յաճախողները  մեծ թիւով յօդուածներ կը  գրեն Արցախի մասին:

Ան նշած  է, որ ինք յատկապէս տպաւորուած է Քարվաճառի ուիքի ակումբի աշխուժութեամբ՝ ատիկա համարելով մեծ ձեռքբերում:

Ըստ Մկրտչեանի` հայերէն Ուիքիփետիայի մէջ միշտ կը ստեղծուին նոր յօդուածներ, ինչպէս նաեւ տարբեր լեզուներէ կը կատարուի թարգմանութիւններ.օրերս  հայերէն Ուիքիփետիան հատած  է 250.000 յօդուածի սահմանը:

«Հազարաւոր կամաւորներ կը զարգացնեն հայերէն Ուիքիփետիան, սակայն կրթական թեմաները աւելի քիչ են: Մենք սկսած ենք «Ես կը ստեղծեմ կարեւորագոյն յօդուած»  խորագիրով արշաւ մը, որու նպատակն է հայերէն Ուիքիփետիան բարձրացնել որակական նոր աստիճանի», աւելցուցած է ան:

Սուսաննա Մկրտչեան