Հայրենիքի Մէջ Ընթացք Առին ՀՄԸՄի 100ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւնները


«Երկիր», «Ազդակ»․- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի (Հայաստանի Ազգային Սկաուտական կազմակերպութիւն ) Բիւրականի բանակավայրին մէջ Յուլիս 19ին ընթացք առին ՀՄԸՄի 100ամեակի նուիրուած տօնակատարութիւնները` միութեան 110 մասնաճիւղերուն նուիրուած յուշաքանդակի բացումով եւ համաՀՄԸՄական 11րդ ընդհանուր բանակումի մեկնարկով:

Նշենք, որ Յուլիս 19-29 Հայաստանի մէջ մեծ շուքով պիտի նշուի ՀՄԸՄի` Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր միութեան մէկդարեայ յոբելեանը: Այդ ծիրէն ներս հայրենիք եկած են 3000 ՀՄԸՄականներ: Պատմական բանակումին կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած 1200 սկաուտներ:

Յուշաքանդակի բացման արարողութեան ներկայ էին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան, Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեան, նախկին ՀՄԸՄականներ, պատուաւոր հիւրեր:

Հանդիսութիւնը սկսաւ «Մեր հայրենիք» քայլերգի կատարողութեամբ եւ դրօշակի արարողութեամբ: ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի երեքական արիներ եւ արենուշներ բարձրացուցին Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի դրօշները:

Բացման խօսքով ներկաները ողջունեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի արենուշներէն Անահիտ Անդրէասեան: Ան ծանօթացուց յուշաքանդակը եւ հրաւիրեց սփիւռքի նախարարը, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ յուշաքանդակի բարերար տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գրաճեաններու ներկայացուցիչ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անդրանիկ Պահարեանը` քողազերծելու յուշաքանդակը պատող կտորը:

Յաջորդեց յարգանքի ծաղկեմատոյցը: Սփիւռքի նախարարն ու ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ծաղիկներ զետեղեցին նորաբաց յուշաքանդակին դիմաց` առ ի յարգանք եւ երախտագիտութիւն միութեան 110 մասնաճիւղերուն ծառայած ու ծառայող նուիրեալներուն:

Խօսք առաւ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւ նշեց, որ մեծապէս տպաւորուած է բանակող սկաուտներու չափազանց դրական տրամադրութիւններով: «Այս բանակումը եւ յուշաքանդակը մեզ կը լեցնեն արդար հպարտութեամբ», նշեց ան եւ յոյս յայտնեց, որ չորս տարի ետք, համա-ՀՄԸՄական յաջորդ բանակումը կը կատարուի մասնակիցներու կրկնապատկուած թիւով:

Հայրապետեան հաստատեց, որ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը իրենց վճռակամ տրամադրութիւնը կը յայտնեն միշտ ըլլալու ՀՄԸՄի կողքին:

Խօսքին աւարտին, նախարար Հայրապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄի ու բանակումի պատասխանատուներուն եւ դիտել տուաւ, որ միասնաբար մենք մեծ ազգ ենք` հպարտ հայերով ու ՀՄԸՄականներով:

Խօսք առաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ ըսաւ, թէ Բիւրականի բանակավայրի մուտքին կանգնեցուած յուշաքանդակը կրկնօրինակն է միութեան 90ամեակին առիթով` 2005ին Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիրին մէջ կանգնեցուած յուշակոթողին, որ Սուրիոյ պատերազմի սեւ օրերուն քարուքանդ եղաւ հաւատադրժողական ուժերուն կողմէ: Յուշաքանդակին կրկնօրինակը, մետաղեայ յուշանուէրի ձեւով, պահուած կը մնայ ՀՄԸՄ-ի թանգարանին մէջ, Պէյրութ: Օրին, յուշաքանդակը կը ներկայացնէր միութեան 90 մասնաճիւղերը իրենց հիմնադրութեան թուականներով: Նոր կանգնեցուած յուշաքանդակը, Հայաստանի հողին վրայ եւ ՀՄԸՄի Բիւրականի բանակավայրին մէջ, կը ներկայացնէ միութեան 110 մասնաճիւղերը` Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ -«Կամք»էն (հիմնուած` 1912ին) մինչեւ նորագոյն միաւորը` Վանքուվըրը (հիմնուած` 2018ին):

Յուշաքանդակի բացումէն ետք, ներկայ հիւրերը, պատասխանատուներն ու ժողովուրդը ուղղուեցան բանակավայրին գլխաւոր դաշտը, ուր տեղի ունեցաւ 100ամեակի բանակումին բացումը` «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ» նշանաբանով: Այնտեղ, դրօշակի 26 կայմերուն դիմաց խրոխտ ու կարգապահ շարքեր կազմած էին 26 երկիրներէ եկած 1200 սկաուտներ, որոնց միացնողը ՀՄԸՄն էր եւ հայութիւնը, Հայաստանը եւ ազգային մեր մեծ տեսլականը` ամբողջական հայութեամբ ամբողջական, հզօր եւ բարգաւաճ հայրենիքի մը կերտումը:

Բիւրականի մէջ, դրօշակի արարողութեան ընթացքին, կողք-կողքի կանգնած էին հպարտ հայութեան այսօրուան ներկայացուցիչները` Շուէտէն, Հոլանտայէն, Մոսկուայէն, Վիեննայէն, Միւնիխէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Պուլկարիայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն, Աւստրալիայէն, եւ տակաւին` Եգիպտոսէն, Երուսաղէմէն, Յորդանանէն, Իրաքէն, Քուէյթէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Իրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններէն եւ անշուշտ ազատ ու անկախ Հայաստանէն:

Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ սկաուտական «Ով հայ արի» քայլերգով:

Խօսք առաւ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտողլեան եւ ըսաւ, որ պատիւ եւ ուրախութիւն է ՀՄԸՄի 100ամեակի բանակումին մասնակցութիւնը: «100ամեայ ալեհեր, բայց միշտ երիտասարդ այս միութիւնը իր առաջին քայլը առաւ դէպի երկրորդ 100ամեակ, եւ մենք բոլորս ականատեսներն ենք այդ իրադարձութեան», նշեց ան:

Իր խօսքը բանակողներուն ուղղելով, Օրտողլեան ըսաւ. «Եկէ՛ք այս պահուն ուխտենք, որ մենք իսկապէս պիտի դառնանք արժանի ժառանգորդները Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադիր հսկաներուն եւ անոնց կերտած պատուաբեր անցեալէն հաստատ քայլերով պիտի ուղղուինք դէպի յաղթական ապագայ:

Խօսքեր արտասանեցին Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեան,  

Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան:

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը ուղղեց սկաուտականի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան: Ան ըսաւ, թէ բանակումին նշանաբանը` «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ», լաւագոյնս կը ներկայացնէ ո՛չ միայն միութեան նուաճումներն ու գաղափարական երթը, այլ նաեւ` ՀՄԸՄի կամաւոր բանակին` սկաուտութեան յառաջընթացը դէպի փայլուն ապագայ, շեշտելով ազգային դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ցոյց տալով իր աննկուն կամքը` նուաճելու իր գերագոյն նպատակը:

Նաճարեան ընդգծեց, որ 1200 սկաուտներ քով-քովի եկած են ՀՄԸՄի սկաուտական ոգիով գործելու, դաստիարակուելու, զուարճանալու եւ հարստանալու նորանոր գիտելիքներով, որոնք մինչեւ իրենց կեանքին վերջը պիտի ըլլան զիրենք խրախուսող յիշատակներ: Սկաուտները համախմբուած են նաեւ ապրելու մեր ազգին ու հայրենիքին հզօրութիւնը եւ ամրապնդելու պայքարի մեր կամքը` մեր արդար դատի լուծման համար, կառչած մնալով մեր նահատակներու սրբազան կտակին, ՀՄԸՄի հիմնադիրներու գծած ուղիին:

Խօսքերու աւարտին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը 100ամեակի յուշանուէրներով պատուեց Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, Կոտայքի եւ Արագածոտնի մարզպետներ Ռոմանոս Պետրոսեանն ու Աշոտ Սիմոնեանը:

Հուսկ, բացման հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պատուի ա՛ռ»-ով եւ ոգեւորիչ տրամադրութիւններով, Արագածի փէշերուն յիշատակելի 10 օրեր անցընելու խանդավառ պատրաստութիւններով:

Նշենք, որ յուշաքանդակի բացումն ու բանակումին բացման արարողութիւնը ուղղակիօրէն սփռուեցան ՀՄԸՄի դիմատետրի էջով: Յառաջիկայ օրերու ձեռնարկներուն եւս կարելի է ուղղակիօրէն հետեւիլ նոյն էջով:

Այսօր՝ Յուլիս 10ին, Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ 100ամեակի ջահավառութիւն եւ ծառատնկում: Յուշահամալիրի թանգարանին մէջ պիտի կատարուի ՀՄԸՄի պատմութեան նուիրուած ցուցահանդէսի բացում եւ ՀՄԸՄի թանգարանի ալպոմի շնորհահանդէս: Ալպոմը իր տեսակին մէջ առաջինն է եւ կը ներկայացնէ միութեան թանգարանին գլխաւոր իրերն ու փաստաթուղթերը: