«Հայեր Միացէք». Բացառիկ Երգարան Մը


Մարգար Շարապխանեան


Վերջերս Երեւանին մէջ հրատարակուած տասնեակ մը գրքեր կան գրադարանիս գրասեղանին վրայ, որոնք իրենց հերթին կը սպասեն… խօսելու: Այս մէկը սակայն ուրիշ է, կը հրմշտկէ, որ առաջ անցնի: Բառերուն ու երաժշտութեան հեղինակը ազգային հանրածանօթ երգիչ Գուսան Հայկազունն է, որ անձամբ նուիրեց զայն ինծի: Չդիմացայ իր հրմշտուկին եւ սկսայ իրմով զբաղիլ ու զինք (երգարանը) ուզեցի ծանօթացնել երգասէր ու ընթերցասէր հասարակութեան։

Երգարանին խորագիրն է «Հայեր Միացէք»։ Անոր սկիզբի էջերուն տպաւորապաշտ էջեր ունին Արմինէ Հայկազունը, որ խմբագիրն է նաեւ գրքին, Գրիգոր Գուզիկեանը, Արսէն Գրիգորեանը, Վրէժ Սարուխանեանը, որոնք վաստակաւոր ու անուն ունեցող երգիչներ են, ծանօթ երգչախումբի ղեկավար, գրող ու հրապարակախօս, եւ որոնք անկեղծօրէն ու արժանավայել կերպով կը գնահատեն ժողովրդասէր Հայկազունի տարիներէ ի վեր կատարած հայրենանուէր գործը: Այս գրքին մէջ յատկանշական են նաեւ, գրեթէ բոլոր երգերուն  ընկերացող երաժշտական նօթագրութիւնները, երգերուն կապակցութեամբ տրուած բացատրութիւններն ու քերթուածներուն ընդմէջէն  սաւառնող ազգային ոգին:

Այս երգարանի ներսի վերջին կողքին, հնարամիտ կերպով միացուած է, բոլոր երգերը լսելի դարձնող փոքր երգասկաւառակ մը:  Երգարանը կը սկսի »Հայեր Միացէ՛ք» հայրենակերտիչ ու անմոռանալի ազգայնաշունչ երգով, զոր Հայկազունը գրած է 1988ի Մայիսին՝ Արցախեան ժողովրդական պատմական օրերուն:

Եւ այսպէս երգէ երգ առաջ… մինչեւ մեր օրերը… եւ մինչեւ իր ներզգացական ու անձնական թելերը հնչեցնող երգերը:

Գուսան Հայկազուն իր գրած վերջին երգին, «28 Մայիս, 2Օ17», մէկ տան մէջ, արդարացի համոզումով կ՛ըսէ․ «Լինես թագաւոր, բարի կամ դաժան,  Նախարար, գուսան թէ սարի չոբան,  Սուտ է ամէն բան, կ՛անցնի կը գնայ,  Հայրենիքն է լոկ, որ պիտի մնայ»:

Թելադրելի է, որ ունենանք այս երգարանը, որ ազգաշէն ու հայրենատէրի ոգիով ակաղձուն, գանձարան մըն է այս օրերուն։

Արագածոտնի մարզ, Ուշի գիւղ