Հայկական Բանակը Կը Նշէ Իր Հիմնադրութեան 30-րդ Տարեդարձը


«Արմենփրես»- Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախը եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը Յունուար 28-ին կը նշեն ՀՀ զինուած ուժերու՝ հայկական բանակի կազմաւորման 30-րդ տարեդարձը:

ՀՀ զինուած ուժերու կազմաւորումը սկիզբ առաւ արցախեան պատերազմի 1992-1994 թուականներուն, երբ արդէն անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ պատերազմի մէջ էր Ազրպէյճանի հետ: Հայկական բանակի ստեղծման մէջ սակայն վճռորոշ դեր խաղաց նաեւ 1990-ի անկախութեան հռչակագիրը, որով ազդարարուեցաւ Հայաստանի փաստացի անկախութիւնը եւ նոր իրաւական եւ գործնական հեռանկարներ բացաւ ազգային բանակի ստեղծմանը։

1992-ի Յունուար 28-ին կառավարութիւնը ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մասին» պատմական որոշումը` իրաւականօրէն ազդարարելով Հայոց Ազգային բանակի ստեղծումը: 1992-ի Մայիսին պաշտպանութեան նախարարութիւնը սկսաւ առաջին զօրակոչը Հայաստանի տարածքին` բանակը ժամկետային զինծառայողներով համալրելու համար։

Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի կազմաւորումը անցած է քանի մը փուլերով: Առաջին փուլը տեւեց 1988-էն 1992․ Ղարաբաղեան շարժումի եւ հայ-ազրպէյճանական պատերազմի պայմաններուն մէջ Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը դարձաւ աւելի քան հրատապ:

Երկրորդ փուլը տեւեց 1992-էն 1994, երբ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները կ’ենթարկուէին Ազրպէյճանի ռազմական յարձակումներուն:

Երրորդ փուլը սկսաւ 1994-ի Յունիսէն առ այսօր: Այս ժամանակաշրջանին մեծ աշխատանքներներ իրականացուցան բանակաշինութեան, սպայական ու ենթասպայական, կազմի պատրաստման եւ վերապատրաստման ուղղութեամբ։ 1990-ի Սեպտեմբերին կազմաւորուեցաւ Երեւանի յատուկ գունդը, իսկ Արարատի, Գորիսի, Վարդենիսի, Իջեւանի, Մեղրիի մէջ ձեւաւորուեցան հինգ վաշտեր:
ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ ծառայելու համար զօրակոչը նախատեսուած է 18-27 տարեկան արական սեռի ներկայացուցիչներուն համար` 2 տարի ժամկէտով։ Զօրակոչն ու զօրացրումը կ’իրականացուի տարին երկու անգամ` ամրանը եւ ձմրան:

2017-ին Պաշտպանութեան նախարարութիւնը շրջանառութեան մէջ է դրաւ «Ես եմ», «Պատիւ ունեմ» եւ «Դիտակէտ» նախագիծերը: Բանակի կազմաւորումէն ի վեր կը ան շարունակէ համագործակցութիւնը միջազգային տարբեր կառոյցներու հետ եւ կ’աշխատի այդ կապերը աւելի ընդլայնելու համար: Հայաստանը 1992-ի Մայիս 15-ին ստորագրելով Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագիրը, դարձաւ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ:

Ռուսիան կը համարուի Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական գործընկերը եւ երկու երկիրներու միջեւ կան ռազմատեխնիկական համագործակցութեան պայմաններ:

Բանակի քատրեր պատրաստելու համար ստեղծուեցան զինուորական օդուժի հիմնակը, բարձրագոյն զինուորական բազմաբնոյթ հրամանատարական պատրաստելու համար Վազգէն Սարգսեանի անուան Ռազմական հիմնարկը, Երեւանի Պետական Բժշկական համալսարանի ռազմաբժշկական բաժինը: Ապայներու պատրաստութիւնը եւ վերապատրաստթիւնը տեղի կ՛ունենայ նաեւ արտասահմանեան երկիրներու ռազմական ուսումնականներուն մէջ։ Օրինակ այսօր Ռուսիոյ եւ Յունաստանի մէջ զինուարական կրթութիւն կը ստանան աւելի քան 1500 սպայ եւ կրտսէր զինուորական:

Հայկական զինուած ուժերու գործունէութեան մէջ կարեւոր դեր ունին հայ խաղաղապահներու առաքելութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ՝ ինչպէս Քոսովօ, իրաք, Աֆղանիստան եւԼիբանան, Մալի։

2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Զինուած ուժերու ծառայողները եւս անօրինակ սխրանքներ գործեցին` պաշտպանելով հայրենիքի սահմանները, չխնայելով սեփական կեանքը: Երեք տասնամեակի մէջ երեք պատերազմով անցած բանակի ուսերուն այժմ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն դրուած է: Հայոց բանակը եղած է եւ կը մնայ մեր երկրի սահմաններու եւ անվտանգութեան երաշխաւորը:

Տօնդ շնորհաւոր՝ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿ