Հայկական Բանակին Մէջ Ծառայող Աղջիկներուն Մասին Washingtonpostի Անդրադարձը (լուսանկարներ)


«Փանորամա»․- «Լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տան առաջին կին կռուողները՝ քանի մը տասնամեակի պատմութիւն ունեցող հակամարտութեան ընթացքին»․ այսպէս վերնագրուած է  Washingtonpostի  հայկական բանակին մէջ ծառայող աղջիկներու ու երիտասարդ կիներու մասին հրապարակումը:

«Տասնեակ տարիներ տեւող հակամարտութեան ընթացքին՝ անցեալ տարի Կովկասի մէջ Ատրպէյճանի ու հայերու զինուած ուժերուն միջեւ բախումները պատճառ դարձան, որ շատ երիտասարդ կիներ ու աղջիկներ վիճարկեն աւանդական իրենց դերը ու զէնք վերցնեն: Անոնք առաջամարտիկներ են, որոնք կը դիմադրեն շատ պահպանողականներու, որովհետեւ անոնք որոշած են ասպարէզ ունենալ այնտեղ, ուր կիները դեռ մուտք չեն գործած», կը գրէ պարբերականը:

Աղբիւրը կը նշէ, թէ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ 23 աղջիկ առաջին անգամ ռազմական ուսումնարան ընդունուեցաւ 2014ին, իսկ Ստեփանակերտի մէջ`  անցեալ տարի:

Լուսանկարիչը այցելած է Երեւանի ու Ստեփանակերտի ռազմական բարձրագոյն հաստատութիւններ: Ան նշած է, որ թէեւ շատ ընտանիքներ ունին բանակին մէջ ծառայողներ, բայց կիներու ծառայելուն դէմ են:

«Կանայք պէտք չէ բանակի մէջ ըլլան, ատիկա անոնց տեղը չէ: Անոնք ուղղակի նման չեն տղամարդոց», ըսած է Երեւանի ռազմական ուսումնարանի հրամանատարներէն մէկը:

Հակառակ բազմաթիւ խոչընդոտներու` աղջիկներն ու երիտասարդ կիները իրարու հետ ստեղծած են ամուր կապեր:

«Սովորաբար, երիտասարդ կինը չի լքեր ծնողներուն տունը, քանի դեռ ամուսնացած չէ: Ամուսնանալէն ետք ան կ՝ապրի ամուսինի ընտանիքին հետ: Կը կարծեմ, որ նաեւ այս պատճառով է, որ կիները կը ստեղծեն ամուր ընկերութիւն, անոնք աւելին են, քան դասընկերները, նման են ընտանիքի», նշած է լուսանկարիչը։