Հայկական Գինիները Պիտի Ներկայացուին Գերմանիոյ MUNDUS VINI Հեղինակաւոր Մրցոյթին


«Փանարմինըն»․- Հայաստանի Խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամը՝ Զարգացող երկիրներէ ներմուծման խթանման կեդրոնին (CBI) աջակցութեամբ՝ Փետրուար 25ին Գերմանիոյ Նոյշտադ քաղաքին մէջ պիտի կազմակերպէ հայկական գինեգործական ընկերութիւններու մասնակցութեամբ MUNDUS VINI 20th Grand International Wine Awards մրցանակաբաշխութիւն եւ պաշտօնական ընթրիք, որուն ընթացքին պիտի մատուցուին հայկական գինիներ:

MUNDUS VINI մրցանակաբաշխութիւնը կը կայանայ 2001էն ի վեր եւ կը համարուի աշխարհի ամենահեղինակաւոր մրցոյթներէն մէկը:

Այս տարուան մրցոյթին ներկայացուած 52 տեսակ գինիները պիտի գնահատուին աշխարհի տարբեր երկիրներու 100 հեղինակաւոր մասնագէտներէ կազմուած ժիւրիին կողմէ: Գնահատումը պիտի ըլլայ 100նիշով: Անոնք պիտի գնահատուին գոյնի, հոտի, համի եւ ներդաշնութեան չափանիշներով: Գինիները կը համտեսուին եւ կը գնահատուին ժիւրիի 5-7 անդամին կողմէ: Յաղթողները կրնան յաւակնիլ Մեծ ոսկի, ոսկի եւ արծաթ մրցանակներուն:

Նախորդ տարիներուն եւս հայկական որոշ գինիներ արժանացած են MUNDUS VINIի տարբեր մրցանակներու: Մրցանակի արժանացած գինեգործական ընկերութիւնը այդ գինիի արտադրութեան պարագային շիշին վրայ, իբրեւ կանոն, կը փակցնէ մրցանակը հաւաստող համապատասխան նշանը:

2016ի Յունիսին Լիթվիայի «LITEXPO» կոչուող ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է պալթեան երկիրներու մէջ խոշորագոյնը համարուող 12րդ ամենամեայ գինիի ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսին ծիրէն ներս ներկայացուած էր նաեւ հայկական 9 գինիի գործարաններու շուրջ 60 տեսականի: 2016 Յունուար 11-13 Ամսթերտամի մէջ կայացած «Հորեգաւա» սնունդի փառատօնին ծիրէն ներս իրականացուող «Գինիներու մասնագիտական փառատօն 2016»ին` Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին աջակցութեամբ, ներկայացուեցան Հայաստանի հինգ գինեգործական ընկերութիւններ` «Զօրահ», «Տրինիտի», «Ոսկենի», «Կարաս» եւ «Արմենիա»:

2017 Փետրուարին Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամին աջակցութեամբ՝ Փետրուար 6-10 Մոսկուայի մէջ «Փրոտ Էքսփօ-2017» միջազգային ցուցահանդէսին մէկ միասնական տաղաւարով ներկայացուած է 12 հայկական գինեգործական ընկերութիւններ, որոնք ցուցադրած են աւելի քան 50 տեսակի հանգիստ եւ փրփրուն գինի: