Հայկական Դրամը 25 Տարեկան է


1993ի Նոյեմբեր 22ին, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ ազգային արժոյթը՝ դրամը, որմով վերջ գտաւ խորհրդային եւ ռուսական դրամանիշներու գործածութիւնը։ Այդպիսով հիմք դրուեցաւ Հայաստանի հիմնական ելեւմտական կառոյցներուն, ինչպէս՝ դրամատնային համակարգին։

Քառորդ դար առաջ ներդրուեցան 10, 25, 50, 100 եւ 200 դրամ անուանական արժէքներով թղթադրամներ, իսկ մէկ տարի անց՝ 1994ին՝ 10, 20, 50 լումայ եւ 1, 3, 5, 10 դրամ անուանական արժէքներով մետաղադրամները։ Առաջին թղթադրամներէն 5 տարի անց՝ շրջանառութեան մէջ դրուեցան 1000 դրամ եւ 5000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամները։

Հայկական դրամի 25ամեակին առիթով, Նոյեմբեր 22ին, աստիճանաբար շրջանառութեան մէջ կը մտնեն երրորդ սերունդի թղթադրամները:

1000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամի վրայ պատկերուած է Պարոյր Սեւակը, 5000 դրամի վրայ՝ Ուիլիըմ Սարոյեանը, 10 հազար դրամի վրայ՝ Կոմիտասը, 20 հազար դրամի վրայ՝ Յովհաննէս Այվազովսկին, 50 հազար դրամի վրայ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը: Շրջանառութեան մէջ պիտի մտնէ նաեւ նոր՝ 2000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամը՝ Տիգրան Պետրոսեանի պատկերով:

Նոր սերունդի թղթադրամները տպագրուած են բարձրորակ հումքի վրայ, որոնք կրնան օգտագործուիլ 3-4 անգամ աւելի երկար: Նոր թղթադրամները կը ներառեն այս պահուն գործող լաւագոյն պաշտպանական յատկանիշները՝ թղթադրամի հումքի մէջ ներառուած տեսանելի եւ անտեսանելի մանրաթելեր, պաշտպանական ներկեր, պաշտպանական մանրագիծեր, որոնք թղթադրամի պատճէնահանման պարագային կ՝աղաւաղեն պատկերը։