Հայկական Խօսակցութիւն Մը՝ Երեք Դասընկերներու Միջեւ


«Մենք Ենք Մեր Սարերը» յուշարձանը, Ստեփանակերտ, Արցախ

Լոռի Պէրպէրեան

Հինգշաբթի օր մըն էր, երբ հետաքրքրական խօսակցութեան մը բռնուեցայ երկու դասընկերներուս հետ։ Դասերէն վերջ, Արին, Թէօն ու ես առանց անդրադառնալու արծարծեցինք հայու մը հետաքրքրող բոլո՜ր նիւթերը՝ Գանատահայու ու Լիբանանահայու իւրայատուկ տեսանկիւններէ։ Իւրաքանչիւրս մեր կարդացած-չկարդացածը, ծնողքէն լսածը, շրջապատին հաւատացածն ու կարծածը բերինք խօսակցութեան մէջ եւ բոլորը միասնաբար քննարկեցինք։ Արդիւնքը հիանալի էր:

Զրոյցը բռնկեցաւ հռչակաւոր դերասան Վարդան Պետրոսեանով ու անցաւ դէպի անոր տղուն դերին՝ «Ֆուլ Հաուս» սերիալին մէջ։ «Ֆուլ Հաուս»ի նիւթերը արծարծելէ ետք, լուսարձակը գնաց ներկայ Հայաստանի խնդիրներուն վրայ։ Այնքան արագ եւ բնական էր նիւթերու հաջորդականութիւնը, որ 15 վայրկեանէն արդէն կը քննարկէինք Արցախի առաջին պատերազմի յաղթանակին դրդապատճառները։ Դասընկերներուս տեսանկիւնէն երբեք չէի դիտած այս նիւթերը․ ինչե՜ր սորվեցայ։

Մեր ունեցած զարմանալիօրէն լայն եւ արձակ տեղեկութիւններով, շուտով սկսանք Հայաստանի աշխարհաքաղաքականութիւնը վերլուծելուն։ Երկար չտեւեց, որ սկսինք քննարկել Հայաստանի ներկայ եւ նախկին իշխանութիւններուն թերութիւնները եւ Հայաստանի ապագան՝ Ռուսաստանի կամ Ամերիկայի հովանիին տակ։ Այս նիւթին շուրջ Արիին հետ երկխօսութենէ ետք, Թէօն շատ տեղին խօսք մը յիշեցուց մեզի․ ըսելով՝ «Hindsight is 20/20»։ Ան իր կէտը ընդլայնեց ըսելով, որ իրաւունք չունինք ըսելու «եթէ ասանք ըլլար, աւելի լաւ կ’ըլլար», որովհետեւ չենք գիտեր ո՞ր երկրին հետ դաշնակցութիւնը աւելի հայասնպաստ արդիւնք պիտի ունենար։

Զրոյցին գլխաւոր նիւթերէն էր Արցախի երկրորդ պատերազմը։ Փորձեցինք ձեւեր հնարել յաջորդ պատերազմը կանխարգիլելու համար։ Ընդունեցինք, որ զօրաւոր դաշնակիցներու պէտք ունինք։ Պարսկաստանը թեկնածուներէն էր, բայց ան Ազրպէյճանի հետ քարիւղի առեւտուրէն կախեալ է, եւ այլ, եւ այլ․․․ Այնքան մանրամասնութիւններու մէջ մտած էինք, որ պահ մը պէտք էր իրարու յիշեցնէինք` խօսողը ճիշդ ո՞ր մէկ նիւթին մասին կ’արտայայտուէր։ Երբ Արցախի գրաւուած հողերն էին կիզակէտը, մէջբերում ըրինք օրէնքի դասապահէն, ուր սորված էինք, թէ երբ երկիր մը հողին վրայ բնակչութիւն չէ հաստատած, ինքնաբերաբար այլ երկիր մը հրաւիրած կ’ըլլայ, որ այդ հողը գրաւէ եւ իր ժողովուրդով լեցնէ։ Ես մնացի այն տխուր տպաւորութեամբ, որ թերեւս մենք արժանի չենք Արցախի հողերուն։ Այս շատ վտանգաւոր գաղափար մըն էր։ Շուտ մը միտքս շեղեցի․․․ 

Ժամանակ մը վերջ, անդրադարձանք Հայաստանի մէջ տիրող՝ տղայ զաւակ նախընտրելու մտածելակերպին, ինչպէս նաեւ քոյրերու ու եղբայրներու միջեւ դերերու անհաւասար բաժանման։ Հիանալի էր, որքան նրբութեամբ կը վարուէինք այս զգայուն նիւթերուն հետ։ Յետոյ կարգը անցաւ հայկական գիւղերուն։ Դժգոհեցանք, երբ զգացինք յառաջդիմութեան հսկայական տարբերութիւնը Երեւանի եւ հայրենիքին բոլոր գիւղերուն միջեւ։ Ստեփանակերտի եւ Արցախի սահմանամերձ գիւղերուն սպառնացող  մշտական վտանգը մեզ սրտանց մտահոգեց։ Այս ընթացքով, տեսանք, որ երրորդ պատերազմ մը անխուսափելի է․․․   

 

Վերջապէս, Արին եզրափակեց երկար խօսակցութիւնը, ըսելով, թէ «Ասոնք ամենէն դժուար խօսակցութիւններն են»։ Ճիշդ էր։ Բայց եթէ ոչ մենք՝ ո՞վ պիտի մտահոգուի այս հարցերով, եթէ ոչ մենք՝ ո՞վ պիտի փրկէ մեր հայրենիքը։ Իսկ թէեւ մենք հեռու ենք եւ ճիշդ չենք գիտեր հոն ինչ կ’ըլլայ, բայց ունինք առաւելութիւնը խնդիրները ամբողջութեամբ տեսնելու։ Խօսակցութիւնը կէս մնաց, երբ զանգակը զարկաւ ու մեր դասընկերները խուժեցին սենեակ։ Բայց աղմուկով հանդերձ՝ երեքս կը ջանայինք շարունակել զրոյցը։ Անբացատրելիօրէն սկսանք արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի մասին խօսիլ ու խանդավառրութեամբ փորձեցինք զանազանել «կ», «գ» եւ «ք» տառերուն արեւելահայերէնի հնչիւնները․․․