ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական շարժապատկերի թանգարանը պիտի ըլլայ կենդանի թանգարան, ուր այցելուները պիտի դիտեն ֆիլմեր, պիտի լսեն դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ պիտի հանդիպին շարժապատկերի գործիչներու հետ:
Դեկտեմբեր 14ին տեղի ունեցաւ շարժապատկերի թանգարանի առաջին խորհրդանշական նմուշներու յանձնման արարողութիւնը: «Յուզիչ է այն երեւոյթը, որ մեր շարժապատկերի շատ կարեւոր մասունքներ պիտի հաւաքուին մէկ յարկի տակ: Շարժապատկերի թանգարանը պիտի չըլլայ մեռած, այլ՝ կենդանի, ուր ֆիլմեր պիտի վերանորոգուին, դասախօսութիւններ պիտի տրուին եւ ֆիլմերու ցուցադրութեան համար պիտի յատկացուի փոքրիկ դահլիճ: Անոր շնորհիւ մենք պիտի շարունակենք մեր երազը՝ հայկական շարժապատկերը մարդոց հասցնելու», ըսաւ Շարժապատկերի մասնագէտներու միութեան նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան՝ աւելցնելով, որ աշխատանքները պիտի տեւեն մէկ-երկու տարի:
Ըստ վերջինիս՝ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան եւս մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած է շարժապատկերի թանգարան հիմնելու գաղափարը:
Արմէն Ամիրեան շնորհաւորեց թանգարան հիմնելու առաջին քայլերը եւ յայտնեց, որ իրենք արխիւներուն մէջ ստուգած են, այն իրերը, որոնք կրնան խօսիլ շարժապատկերի պատմութեան մասին, եւ գտած են մեծ թիւով ցուցանմուշներ:
Թանգարանին մէջ պիտի ցուցադրուին շուրջ 100-120 կարեւոր նմուշներ, մնացեալը պիտի ըլլան վերացական: Թանգարանը պիտի գործէ Շարժապատկերի մասնագէտներու միութեան շէնքին մէջ: