Հայկական Տաղաւարը «Պէյճինկ Էքսփօ-2019» Ցուցահանդէսին Տիրացաւ Ոսկէ Մրցանակին


Հայկական տաղաւարը «Պէյճինկ Էքսփօ-2019» ցուցահանդէսին

“Արմենփրես”,- Հայաստան ազգային տաղաւարով մասնակցեցաւ «Պէյճինկ Էքսփօ-2019» ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 28-էն Հոկտեմբեր 7։ 162 օր տեւած ցուցահանդէսին լայնօրէն ներկայացուեցան հայկական այգեգործութիւնը եւ գիւղատնտեսութիւնը, գինեգործութիւնը, հայկական մշակոյթը եւ պատմութիւնը, բազմաթիւ անգամներ ցուցադրուեցան Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնները ներկայացնող տարբեր տեսանիւթեր:

Ցուցահանդէսի 6 ամսուան տեւողութեան հայկական տաղաւարը այցելուներուն ներկայացուց հայկական արտադրութիւններ, ինչպէս խաղողի եւ նուռի գինիներ, քոնեակ, մրգային պահածոներ, տուրմ, տարբեր տեսակի հայկական քաղցրաւենիքներ, հայկական թարմ ծիրան եւ այլազան մրգային չիրեր: Հայաստանի տաղաւարի այցելուներու թիւը կազմած է օրական 25-էն 30 հազար մարդ, իսկ այցելութիւններու ամենաբարձր թիւը արձանագրուած է Մայիս 2-ին՝ մօտ 120 հազար մարդ:

Սեպտեմբեր 22-ին, Պէյճինկի Այգեգործական համաշխարհային ցուցահանդէսի ծիրին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ նաեւ Հայաստանի Անկախութեան 28-րդ տարեդարձը։ Ձեռնարկին ներկայ եղան Չինաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Մանասարեան, «Պէյճինկ Էքսփօ-2019»-ի Բիւրոյի նախագահի տեղակալ Ճաօ Լեանբան, Չինաստանի մէջ  դեսպանութիւններու դիւանագէտներ եւ այլ հիւրեր։

Հոկտեմբեր 9-ին ցուցահանդէսի հանդիսաւոր փակման արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցած Պէյճինկի համաշխարհային պարտէզներու մրցանակաբաշխութեան «Հայկական տաղաւար»ը ստացաւ Պէյճինկի համաշխարհային ցուցահանդէսի ոսկէ մրցանակը:

Հայկական ծիրանը՝ «Պէյճինկ Էքսփօ-2019» ցուցահանդէսին