Հայկական Օրգանական Արտադրութիւնը Կ՛արտահանուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ


Մայիս 11ին, Հայաստանի օրգանական եւ բնական միրգ-բանջարեղէնէ պատրաստուած պահածոներով, անուշներով եւ հիւթերով բեռնուած բեռնատարը ուղեւորուեցաւ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ` 5+ աստղանի հիւրանոցներուն մատակարարելու համար:

Պայմանագիրը «Թամարա Ֆրութ» եւ «Al Falaj» ընկերութիւններու միջեւ կնքուած է  «Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ» ներդրումային համաժողովի ընթացքին: Արաբական գործընկերը արդէն 15 բեռնարկղ (container)  հայկական օրգանական եւ բնական արտադրանք պատուիրած է: Հայկական արտադրանքը արաբական երկիրներու հիւրանոցներուն պիտի տարածուի NOHF (Natural organic healthy food- բնական, օրգանական, առողջ սնունդ) մակնիշով:

«Հիմնադրամը պիտի շարունակէ գործունէութիւնը արտահանման զարգացման ուղղութեամբ, քանի որ արտահանումը Հայաստանի տնտեսութեան շարժիչներէն մէկն է», նշած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակ Աւակեան:

«Համագործակցութեան էապէս նպաստեց Մարտ 22ին Ապու Տապիի ներդրումային համաժողովը` Հայաստանի նախագահի մասնակցութեամբ: Անիկա բաւական արագացուց գործընթացը: Մարդիկ հաւատացին, վստահեցան Հայաստանին», նշած է «Թամարա Ֆրութ» ընկերութեան տնօրէն Բորիս Յովհաննիսեան:

«Այս արտադրանքի ե՛ւ որակը, ե՛ւ գինը կը համապատասխանէ արաբական շուկայի պահանջներուն ու գիներուն», նշած է «Ալ Ֆալաճ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Համադ Ալ Շահէյ:

Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու տնտեսական կապերու աշխուժացման ուղղուած «Հայաստան-ԱՄԷ» ներդրումային համաժողովը տեղի ունեցած է Մարտ 22ին, Ապու Տապիի մէջ, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ապու Տապի էﬕրութեան թագաժառանգ, ԱՄԷ Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Շէյխ Մոհամմետ պին Զայեդ Ալ Նահեանի բարձր հովանաւորութեամբ։

Համաժողովին ներկայացուած են գիւղատնտեսութեան եւ անասնաբուծութեան, ուժանիւթի, առողջապահութեան եւ դեղագործութեան, ՏՏ, զբօսաշրջութեան, անշարժ գոյքի ոլորտներու վերաբերեալ շնորհանդէսներ, Հայաստանի մէջ գործող օտարերկրեայ ընկերութիւններու յաջողուած պատմութիւններ, ներդրումային շարք մը նախագիծեր: