Հայկ Մարութեան Ստանձնեց Երեւանի Քաղաքապետի Պաշտօնը


“Արմենփրես”,- Երեւանի աւագանիի առաջին նիստին ընթացքին՝ «Իմ քայլը» դաշինքի ընտրական ցուցակի առաջին թիւով՝ Հայկ Մարութեան օրէնքի ուժով ստանձնեց Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը: «Հիմք ընդունելով, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն արդիւնքներով «Իմ քայլը» դաշինքը ստացած է աւագանիի անդամներու տեղերուն 50 տոկոսէն աւելին, ուստի Երեւան քաղաքի մէջ տեղական ինքնակառավարման մասին» օրէնքի 44րդ յօդուածի երկրորդ մասին համաձայն՝ «Իմ քայլը» դաշինքի ցուցակը գլխաւորող Հայկ Մարութեան օրէնքի ուժով կը համարուի Երեւանի ընտրուած քաղաքապետ», յայտարարած է նիստը վարող Լիլիթ Պիպոյեան:

Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան շնորհաւորած է ներկաները Երեւանի աւագանիի առաջին նիստին առիթով եւ ընդգծած՝ ինք երջանիկ է, որ աւագանիի անդամները կը ներկայացնեն Երեւանի բնակիութիւթւնը։ «Մենք բոլորս միասին ունինք պատմական հնարաւորութիւնու ի կատար ածելու այն բոլոր երազանքները, որ տարիներ շարունակ ունէինք, ի կատար ածելու այն երազանքները, որ ունին մեր երեւանցիները․․․Երեւանի աւագանիի կազմը ըստ խմբակցութիւններու չեմ տարբերեր, որովհետեւ մենք բոլորս պէտք է աշխատինք միասին, պէտք է ամէն վայրկեան մտածենք մեր քաղաքին, մեր երեւանցիներուն մասին», ըսած է ան:

Դիմելով Երեւանի աւագանիի անդամներուն՝ Մարութեան յորդորած է միշտ ուշադիր ըլլալ Երեւանի բնակիչներու բոլոր խնդիրներուն, ահազանգերուն, անյապաղ արձագանգել ու բոլոր հարցերը դնել աւագանիի նիստի քննարկման ու անոնց անյապաղ լուծումներ տալ:

Նորընտիր քաղաքապետին երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 13ին՝ Երևանի քաղաքապետարանին մէջ հրաւիրուած Երևանի աւագանիի նիստին ընթացքին: