Հայոց Բանակին ՄԷջ Ծառայող Արցախցի 5 Եղբայրները


Լուսինէ Զաքարեան
Մարտակերտի «Ջրաբերդ» պաշտօնաթերթի խմբագիր 


«Բաւական չէ իր Ազգի զաւակը ըլլալ, պէտք է նաեւ անոր հրաշունչ զինուորը . նժդեհեան այս խօսքը կարծես անոնց համար  ըսուած է:

Յիրաւի, մեր օրերուն շատ չեն այն ընտանիքները կամ այն ծնողները, որոնց բոլոր զաւակները կը ծառայեն Պաշտպանութեան բանակի շարքերուն մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Գիշի գիւղի բնակիչներ Արտիւշա եւ Մելանիա Աւագիմեանները նման եզակի ծնողներէն են. անոնց 5 որդիները կը ծառայեն Հայոց բանակին մէջ:
Որդիներէն աւագը` Անդրանիկը, փոխգնդապետի կոչումով, կը ծառայէ Մարտակերտի N միաւորումին մէջ, իսկ Արթուրը` կրկին փոխգնդապետի կոչումով, կը ծառայէ Մարտակերտի N զօրամասին մէջ: Միւս որդիները` Արայիկը, Արկադեան եւ Ալեքսանդրը կը ծառայեն ԱՀ տարբեր զօրամասերու մէջ:

Անդրանիկ ու Արայիկ եղբայրները հասցուցած են վառօդի հոտը զգալ նաեւ Արցախեան պատերազմի ժամանակ, իսկ ապրիլեան դիմակայութեան ժամանակ, անոնք` 5 եղբայրներով եղած են առաջնագիծին վրայ: Նշենք, որ այդ օրերուն տղաներէն ետ չէր մնացած նաեւ անոնց հայրը` Արտիւշա Աւագիմեանը, չնայած պատկառելի տարիքին: Ան, ըլլալով Արցախեան գոյապայքարի աշխոյժ մասնակից, իրեն համար ընելիք  գտած էր նաեւ Ապրիլեան պատերազմի օրերուն: Ինչպէս ցաւով կը նշէ Արտիւշա Աւագիմեան, 2016-ի ապրիլին չկարողացաւ մասնակցիլ մարտական գործողութիւններուն, բայց մասնակցած է ճարտարապետական աշխատանքներուն` 2-րդ գիծին վրայ: Անոր մօտ կրկին հայրենիքի կանչն էր. ան Արցախեան պատերազմի մասնակից է, գիւղի տղաներուն հետ մասնակցած է  շարք մը մարտերու եւ 2 անգամ վիրաւորուած. առաջին անգամ ոտքէն` ստանալով հրազէնային վիրաւորում, իսկ միւս վիրաւորումը` նռնականետէ:

Մեր զրոյցի ժամանակ որդիներէն Արթուր Աւագիմեան, որ կը ծառայէ Մարտակերտի զօրամասին մէջ, հպարտութեամբ կը խօսէր հօր անցած ուղիէն. «Փորձած եմ նմանիլ հօրս: Ան ըլլալով գիւղի կամաւորական ջոկատին մէջ, 1992 թուականէն մասնակցած է Արցախեան գոյամարտին, եւ մէջս ունիմ  սկզբունք մը, որ պէտք է շարունակեմ հօրս սկսած գործը»: Մարտակերտի մէջ ծառայող աւագ եղբայրը` Անդրանիկը կրկին խօսեցաւ հօր հայրենասիրութենէն եւ իրենց դաստիարակութենէն, որմով եւ առաջնորդուած են իրենք, եւ դեռ կը շարունակեն առաջնորդուիլ:

Ինչպէս տղաները կ’ըսեն` հինգ եղբայրներով ծառայելը հպարտութիւն է: Իսկ փոքր եղբայրը` Ալեքսանդրը, որ կը ծառայէ Մարտունիի զօրամասերէն մէկուն մէջ, կ’ըսէ, որ միշտ ալ հպարտութիւն կ’ապրի, որ նման եղբայրներ ունի, եւ որ զինուորական են, ու իրենց կ’ըսեն` Աւագիմեան եղբայրներ: Ալեքսանդրը նոյնպէս լաւ զինուորական է, իր գործի գիտակը, հրետանաւոր է, եւ քաջ կը գիտակցի, որ հայրենիքը պէտք է պաշտպանել` ինչ գինով ալ ըլլայ: Ան կը շարժի ազատամարտիկ հօր, զինուորական եղբայրներու պատգամներով: Եւ պատահական չէ, որ 5 եղբայրներն ալ նախընտրած են զինուորական ըլլալ, քանզի անոնք սուրբ գործ կը կատարեն` հայրենիք կը պաշտպանեն, իսկ օրհասական պահերուն, կը նետուին առաջնագիծ` պաշտպանելու իրենց փայփայած եւ այդքան թանկ հայրենիքը եւ անոր սահմանները:

Մայրը` Մելանիա Աւագիմեան, հպարտ է իր զինուորական-որդիներով: Նման որդիներով կը հպարտանայ իւրաքանիչիւր մայր, սակայն տիկին Մելանեան հպարտութեան հետ մէկտեղ, համոզուած է, որ որդիները բարեխղճօրէն  կը կատարեն իրենց պարտականութիւններն առ հայրենիք: Ան հէնց ինքը կը յորդորէ որդիներուն, որ հայրենիքը թանկ է եւ պէտք է զայն պաշտպանել:

Ինչպէս նշեցինք, եղբայրները կը ծառայեն տարբեր զօրամասերու, տարբեր պաշտօններու մէջ, պարգեւատրուած են պետական եւ գերատեսչական պարգեւներով, բազմիցս խրախուսուած են վերադաս հրամանատարութեան կողմէ: Ըլլալով տարբեր անհատականութիւններ եւ տիրապետելով տարբեր զինուորական մասնագիտութիւններու, անոնք ունին նաեւ բնորոշող ընդհանուր գիծեր, որոնցմէ առաջնայինն են պարկեշտութիւնն ու բարեխղճութիւնը, բարձր պատասխանատուութիւնը եւ նուիրուածութիւնը` հարազատ հողն ու ջուրին:

Որդիները ծնողներէն սորված են, որ հայրենասիրութիւնն ամենաառաջնայինն է: Արայիկ Աւագիմեանի խօսքը եւս հօր մասին էր: Ան ըսաւ, որ Արցախեան պատերազմի ժամանակ տեսած են ազատամարտիկ հօրն ու իրենց մէջ սերմանուած է այն, որ պէտք է հայրենիքի համար ընել ամէն ինչ, որպէսզի իրենց երեխաներն ապրին ու մեծնան խաղաղ պայմաններու մէջ:

Մարտակերտի զօրամասին մէջ ծառայող, փոխգնդապետ Արթուր Աւագիմեան իր ծառայութեան մէջ դժուարութիւն չի տեսներ: Եթէ տուեալ հրամանատարը կրթուած է եւ կը զբաղի ինքնապատրաստութեամբ, ինքնակրթութեամբ` ի վիճակի է ղեկավարել իր ենթականերուն:

Աւագիմեան եղբայրները կ’ուրախանան մէկը միւսի ծառայողական յաջողութիւններով, կը խորհրդակցին դժուար պահերուն, սակայն դեռ մանկութենէն աւագ խորհրդատուի դերը, բազմամարդ ընտանիքի մէջ, վերապահուած  եղած է ծնողներուն:

Արթուր Աւագիմեանի խօսքով հօր դաստիարակութեան շնորհիւ  հասկցած են, թէ ինչ է եղբայրութիւնը. «Հայրս միշտ ըսած է, որ եղէք միասին, եղէք ամուր: Կը յիշեմ, փոքր ժամանակ ան ցախաւելի պատմութիւնը կը պատմէր եղբայրներուս, որ ցախաւելի մէկ փայտը աւելի շուտ կը ջարդուի, քան խուրձով ցախաւելը, ու ատկէ ելլելով կ’առաջնորդուինք այդ կարգախօսով` եղբայրութեան մէջ մէկս միւսին յարգելով, մէկս միւսէն խորհուրդներ հարցնելով: Ի հարկէ, մեծ եղբօրս աւելի շատ կը դիմենք, քանզի ինքն աւելի կիրթ է, աւելի գրագէտ, մշտապէս համագործակցելով մէկս միւսին հետ` զանգահարելով, հաւաքուելով, խորհրդակցելով կը կառուցենք մեր կեանքը»,- ըսաւ Արթուր Աւագիմեան:

Աւագիմեան եղբայրները կը ծառայեն տարբեր ուղղութիւններով, իրարմէ հեռու:Սակայն տղաները չեն դժգոհիր ոչ ընտրած ճանապարհէն եւ ոչ ալ զինուորականի բազմաթիւ զրկանքներով հարուստ կեանքէն, աւելին, կը մտածեն իրենց զաւակներուն եւս ապագային տեսնել զինուորականի համազգեստով:

Տիկին Մելանիա Աւագիմեան հպարտ է նաեւ իր թոռներով. ան ունի 17 թոռ, աւագ թոռը` Մհերը, այս տարի` ամառը, կը զօրակոչուի բանակ, իսկ տատիկը վստահ է, որ ան կ’ըլլայ լաւագոյն զինուորներէն մէկը եւ բարձր կը պահէ հօր եւ հօրեղբայրներու ու բոլորի պատիւը:

Կը մնայ ըսել, որ այսպիսի զինուորականներու, մարդոց եւ ընտանիքներու վրայ  հիմնուած  է ոչ միայն բանակը, այլեւ մեր պետականութիւնը: Անոնք առանց աւելորդ խօսքի, համեստօրէն կը կատարեն այն, ինչ կը ձեւաւորէ տուեալ ստորաբաժանման, զօրամասի եւ Զինուած ուժերու մարտունակութիւնը, կ’օգնէ ունենալու այն երկիրն ու հայրենիքը, որուն մասին երազած են մեր հայրերն ու պապերը եւ ուր ապրիլը պատիւ ու մեծագոյն երջանկութիւն պիտի համարեն մեր որդիներն ու թոռները:

Աւագիմեան եղբայրներուն բարի ծառայութիւն կը մաղթենք, եւ կ’ըսէ, որ խաղաղ ըլլայ ձեր ամէն մէկ մայրամուտը եւ լուսաբացը, քանզի դուք եւ ձեր նմանները թանկ են ազգին եւ բանակին համար: