Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկը Կոչ Կ՛ընէ Ապրիլ 24-ին “Ֆէյսպուք”ի Մէջ Կիրառելու «Կը Յիշեմ Ու Կը Պահանջեմ» Կարգախօսով Շրջանակ


Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յոիշահամալիր, Ծիծեռնակաբերդ

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին ընդառաջ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկը Ապրիլ 7-ին կոչով դիմած էր Հայաստանի քաղաքացիներուն, հայ ժողովուրդին ու անոր բարեկամներուն` յորդորելով Ապրիլ 24-ին «Ֆէյսբուք»ի մէջ իրենց լուսանկարները փոխարինել յատուկ այդ նպատակով ստեղծուած յուշային շրջանակի մէջ առնուած իրենց հարազատներուն` զոհ կամ վերապրող` լուսանկարներով, ատոր բացակայութեան պարագային` անուն-ազգանունով, նաեւ փոքր պատմութեամբ մը անոր կամ անոնց մասին: «Եթէ չկան զոհ կամ վերապրող հարազատներ, ապա տեղադրեցէք Ցեղասպանութեան զոհ արեւմտահայ մտաւորականներու, հասարակական-քաղաքական գործիչներու, ֆետայիներու, շարքային զինուորներու ու զօրավարներու լուսանկարները: Դրէք արեւմտահայութեան մշակութային ժառանգութեան գանձերու լուսանկարները, կիսուեցէք Արեւմտեան Հայաստանի ձեզի հասանելի պատկերներով: Եւ ընդամէնը մէկ պարզ գրութեամբ` «ԵՍ ՀԻՇՈՒՄ ԵՄ  կամ  ԿԸ ՅԻՇԵՄ», ըսուած էր Թանգարան-հիմնարկի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Սակայն առաջարկուած գրութիւնը բողոքի եւ բազմաթիւ քննարկումներու առիթ տուաւ, ըսելով՝ մենք ոչ միայն կը յիշենք, այլ նաեւ կը պահանջենք մեր իրաւունքները։ Աւելի ուշ թանգարան-հիմնարկը նկատի ունենալով հանրութեան մէջ բարձրացած բողոքի ալիքը, հարղորդագրութեամբ մը յորդորեց օգտատէրերուն Ապրիլ 24-ին` Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին, նախապէս առաջարկած «Ես ՀԻՇՈՒՄ Եմ  կամ  ԿԸ Յիշեմ» գրութեամբ շրջանակի փոխարէն կիրառել «ՀԻՇՈՒՄ ԵՄ ու ՊԱՀԱՆՋՈՒՄ» կարգախօսով շրջանակը, շեշտելով , որ «100-ամեակին ընդունուած Հռչակագիրն ու «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» կարգախօսը մեր ինքնութեան, պատմութեան, պայքարի անքակտելի մասն են» եւ «Պահանջատիրութիւնը ինչպէս կար, այնպէս ալ կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ մնալ մեր բոլորիս պայքարի առանցքը․․․»։

«Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի առաջարկին մէջ` դիմատետրի մէջ օգտատէրերու լուսանկարի փոփոխուած տարբերակին մէջ յուշային շրջանակի վրայ գրել «Յիշում եմ» բառակապակցութիւնը` հանրութեան որոշ շրջանակներու մէջ թիւր տպաւորութիւն ստեղծած է քաղաքական գիծի փոփոխութեան մասին, թանգարան-հիմնարկը որոշած է խուսափիլ հնարաւոր շահարկումներէն, փարատել հայրենակիցներու անհանգստութիւնները եւ փոխել յուշային շրջանակի գրութիւնը` որպէս ձեւակերպում օգտագործելով 2015-ին ընդունուած «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիր»ին մէջ նշուած «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսը:  «Մեր հիմնական առաջարկն ու խնդրանքը մեր հայրենակիցներուն կը շարունակէ մնալ նոյնը` կիսուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ու վերապրողներու լուսանկարներով ու պատմութիւններով դիմատետրի էջերուն վրայ”,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: