Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին Նուիրուեցաւ Այնթապի Հերոսամարտին Օգտագործուած Ատրճանակ Մը


«Արմենփրես»,–Այնթապի հերոսամարտի ընթացքին` 1920-ին օգտագործուած ատրճանակներէն մէկը Սուրիայէն հասած է Հայաստան ու իր տեղը գտած Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկին մէջ: Զայն թանգարան–հիմնարկին նուիրած է ատրճանակի տիրոջ` Գրիգոր Բարսեղեանի թոռը` սուրիահայ հայրենադարձ Ճորճ Բարսեղեանը:  Օգոստոս 29-ին տեղի ունեցաւ նուիրատուութեան արարողութիւնը:

«Ատրճանակը պատկանած է իմ մեծ հօրը` Գրիգոր Բարսեղեանին, որ զայն օգտագործած է Այնթապի հերոսամարտի ընթացքին, յետոյ, երբ Սուրիա գաղթած է իր հետ տարած: Պապս ու հայրս անոր մասին շատ պատմութիւններ պատմած են: Այս ատրճանակին տեղը Հայաստանն է, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, քանի որ, մենք կը հաւատանք, որ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու հոգիները կը գտնուին այս յուշահամալիրին մէջ», ըսած Ճորճը:

Ատրճանակը 1877ի արտադրութեան է: Մինչ տեղափոխումը ատրճանակը գտնուած է Ճորճ Բարսեղեանի տունը` Դամասկոս: Յետոյ ան զէնքը յանձնած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն` զայն Հայաստան հասցնելու մտադրութեամբ: Տեղափոխման հարցերը լուծուած են մօտ 4 տարուան ընթացքին: Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փօլատեանի ջանքերով ու օգնութեամբ կրցած են արտօնութիւն ստանալ եւ զայն բերել: Դեսպան Փօլատեան յիշեց` այս զէնքը իրենց փոխանցած են սուրիական պատերազմի ժամանակ:

«Դժբախտաբար նաեւ պատերազմական պայմաններու պատճառով դժուարութիւններ յառաջացան տեղափոխման համար: Միայն վերջերս սուրիացի պաշտօնեաներու դիմելէ ետք կրցանք զայն փոխադրել Հայաստան», ըսաւ դեսպանը ու իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց սուրիական իշխանութիւններուն:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ատրճանակի մասին իմացած է անձամբ Ճորճէն` մէկ ամիս առաջ:  Սփիւռքի նախարարութիւնը կազմակերպած է յանձնման արարողութիւնը: «Այս ատրճանակը պատմական մեծ նշանակութիւն ունի: Այս լոկ զէնք չէ, անիկա կը խորհրդանշէ ծանր կացութեան մէջ գտնուող հայու ոգիի, կամքի ուժը, միասնականութիւնը», ըսաւ նախարար Հայրապետեան:

Յանձնման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մոհամմետ Հաջ Իպրահիմ: