Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Պիտի Ներառուի Սուրիոյ Պատմութեան Դասագիրքերուն ՄԷջ


“Հայերն Այսօր”,- 2019-2020 Սուրիոյ ուսումնական տարեշրջանի աւարտական դասարաններու (12րդ, պաքալորիա) պատմութեան դասագիրքերուն մէջ պիտի նեռարուին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայացնող թեմաներ:

Նախաձեռնոթիւնը Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան, ցեղասպանագէտ, պատմաբան, դոկտոր Նորա Արիսեանին է, որ դեռ 2017ի Փետրուար 21-ին եւ Սեպտեմբեր 20ին Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ գումարուած նիստերուն ժամանակ իր ելոյթներով պահանջած էր դպրոցական դասագիրքերուն մէջ ներառել Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ոճրագործութիւններու հետեւանքները Սուրիոյ մէջ, հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ սուրիական հասարակութեան բազմազանութեան մասին ներկայացնող հատուածներ:

Շարունակելով այս ուղղութեամբ աշխատանքները, Արիսեան նոյն պահանջով դիմած էր Սուրիոյ կրթութեան նախարարութեան «Ուսումնական ծրագիրներու վերամշակման ազգային կեդրոն»ին: Մասնագէտներու հետ երկարատեւ նիստերէ եւ քննարկումներէ, ինչպէս նաեւ 2019ի Յունուար 31ին պատմութեան դասագիրքերու վերամշակման առիթով տեղի ունեցած յատուկ ժողովին Հայոց Ցեղասպանութեան թեման ներկայացնելէ ետք` կեդրոնը վաւերացուց 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի աւարտական դասարաններու (պաքալորիա) պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ներառել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայացնող թեմաներ:

20րդ դարասկիզբին հայերու դէմ գործադրուած ոճրագործութեան լոյսին տակ վերամշակուած դասագիրքի «Քաղաքական տեղաշարժեր» բաժինին մէջ կը յիշատակուի տարածաշրջանի փոքրամասնութիւններու դէմ թրքական Միութիւն եւ Առաջադիմութիւն («Իթթիհատ վէ էլ Թերաքքի») կուսակցութեան վարած կամայական քաղաքականութեան մասին, ինչպէս նաեւ 1915ին գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու հայ ժողովուրդի տարագրութիւնը դէպի Սուրիա:

Հայոց ցեղասպանութեան թեման սուրիական աղբիւրներու տեսանկիւնէն ներկայացնելու համար` գիրքին մէջ իբրեւ օրինակներ յիշատակուած են սուրիացի պատմաբան Մուհամմետ Քուրտ Ալիի վկայութիւնները:

«Քաղաքակրթական միասնութիւն» ենթագլխուն մէջ կ՛ակնարկուի նաեւ Սուրիոյ մէջ հայերու մշակութային արժէքներու պահպանման խնդրին, ինչպէս նաեւ զանազան բնագաւառներու մէջ սուրիահայերու ներդրման մասին:

Այսպիսով, հայ երեսփոխանին տարիներու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ՝ սուրիական դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներուն մէջ, պաքալորիայի պատմութեան դասագիրքերուն միջոցով, պիտի դասաւանդուի Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Միւս կողմէն, աննախադէպ այս քայլով վերջապէս վաւերական եւ գիտական ձեւով Սուրիոյ մէջ աշակերտները պատմութեան դասաժամին պիտի տեղեկանան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: