Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Թաներ Աքչամի Գիրքը Լոյս Պիտի Տեսնէ Յունուարին


«Արմենփրես»․- Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի անգլերէն նոր` «Սպանութեան հրամանները. Թալէաթ փաշայի հեռագիրներն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը» գիրքը 2018ի Յունուարին հասանելի պիտի ըլլայ ընթերցողներուն:

Հեղինակը յայտնած է, որ այս գիրքին մէջ ներառուած են երկու գլուխներ, որոնք չկան աւելի առաջ թրքերէն հրատարակուած «Նայիմ էֆենտիի յուշագրութիւնները եւ Թալէաթ Փաշայի հեռագիրները» գիրքին մէջ:

«Շատ ոգեւորուած եմ: Գիրքս լոյս պիտի տեսնէ 2018ի Յունուարին: Երկու նոր գլուխ կայ, որ ներառուած չէ թրքերէն` Նայիմ էֆենտիի յուշագրութիւններու մասին գիրքին մէջ: Այստեղ ոչ միայն կը ներկայացնեմ  նոր փաստաթուղթեր, այլեւ կը քննարկեմ «կեղծ ստորագրութիւններու» եւ «կեղծ ժամանակագրութեան» հարցը: Մեծ ցանկութիւն ունիմ այս նոր փաստերը ներկայացնելու թուրք ընթերցողներուն», յայտնած է հեղինակը:

Թրքերէնով 2016ին հրատարակուած «Նայիմ էֆենտիի յուշագրութիւնները եւ Թալէաթ Փաշայի հեռագիրները» աշխատանքին մէջ ներառուած Թալէաթ փաշայի հեռագիրներուն մէջ բացէիբաց կ՛երեւին հայերը կոտորելու հրամանները: Օրինակ` 1915 Սեպտեմբեր 22ի հեռագիրներէն մէկուն մէջ Թալէաթ Փաշան այսպիսի հրաման տուած է․ «Հայերը Թուրքիոյ տարածքին ապրելու, աշխատելու իրաւունքներէն ամբողջութեամբ զրկուած են, պետութիւնը, իր վրայ վերցնելով ամբողջ պատասխանատուութիւնը, կը հրամայէ ողջ չձգել նոյնիսկ օրօրոցի երեխաները»: