Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Գիրք Մը Լոյս Տեսած է Միացեալ Նահանգներու Մէջ


«Արմենփրես»․- Ճորճ Շիրինեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած է նոր գիրք մը «Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ. Հայերը, ասորիներն ու յոյները. 1913-­1923թթ․» խորագիրով:

Գիրքը լոյս տեսած է 2013 Մայիս 10-­11­ին Միացեալ Նահանգներու Իլինոյս նահանգին մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի նիւթերուն հիման վրայ: Անիկա հրատարակած է Berghahn Books հրատարակչական ընկերութիւնը:

«Երբ կը տեսնես, թէ ինչ տեղի կ՝ունենայ Թուրքիոյ մէջ այս պահուն, ինչպէս Թուրքիան կը վերաբերի իր փոքրամասնութիւններուն, ինչ լեզու կ՝օգտագործէ Թուրքիոյ նախագահը ոչ իսլամ Եւրոպայի մասին խօսելու ժամանակ, այդ ամէնը կը կրկնէ այն նոյն նեղ, ցեղա­կրօնական ազգայնականութիւնը, որ կար 100 տարի առաջ: Թուրքիոյ նախագահը ատիկա այսօր կը կիրառէ զանգուածները զօրաշարի ենթարկելու համար` իրականացնելու իր քաղաքական նպատակները: Այսօր Թուրքիոյ ոչ իսլամ բնակչութիւնը միասին՝ հայերը, ասորիները, յոյներն ու հրեաները, կը կազմեն ընդամէնը 100 հազար մարդ, մինչդեռ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, նախքան ցեղասպանութիւնը, անոնց թիւը 4.5 միլիոն էր», նշած է գիրքի յառաջաբանի հեղինակ Շիրինեան։