Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Պաստառը Սան Ֆրանսիսքոյի Կամուրջին Վրայ


Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով՝ հայկական համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի պաստառ մը կը տեղադրէ Սան Ֆրանսիսքոյի հանրայայտ կամուրջին վրայ:

Պաստառին վրայ գրուած է «Հայոց Ցեղասպանութիւն 1915», նաեւ կայ յղում GenocideEducation.org կայքին։

Երեսուն հազար հաշուող հայկական համայնքը վճարած է պաստառին համար, որ ամբողջ Ապրիլին ընթացքին փակցուած պիտի մնայ կամուրջին մօտ: «Լաւ է, որ մարդիկ պիտի կարենան տեսնել պաստառը ամբողջ Ապրիլի ընթացքին, քանի որ անոր միջոցով մենք կը բարձրացնենք իրազեկումը ու հետաքրքրութիւն կ՝առաջացնենք: Մենք կ՝ուզենք, որ մարդիկ այցելեն մեր կայքը ու իմանան մեր պատմութեան մասին», յայտնած է հայկական համայնքի ներկայացուցիչ Գիմ Պարտաքեան: