Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ Տարելիցի Ձեռնարկները Դամասկոսի Մէջ


Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ Ապրիլ 23ին եւ 24ին տեղի ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ:

Ապրիլ 23ին Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս Հայ Առաքելական առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ կայացած է յիշատակի ձեռնարկ, որուն ընթացքին տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած բանախօսութիւն եւ քննարկում:

Ապրիլ 24ին Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Արմաշ արք․ Նալպանտեանի կողմէն մատուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի Սուրբ Պատարագ, որուն ներկայ էին Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արշակ Փոլատեան, խորհրդարանի պատգամաւոր, Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Նորա Արիսեան, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Յովսէփ եպիսկոպոս Առնաութեան, Դամասկոսի քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներ ու պատուիրակներ, հայկական համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ: Պատարագէն ետք՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ՝ մատուցուեցաւ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսութեան կարգ:

Նոյն օրը ձեռնարկ տեղի ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան մէջ: Դիմելով ներկաներուն` դեսպան Փոլատեան նշեց, որ Ցեղասպանութենէն աւելի քան հարիւր տարի անց՝ մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակը վառ է հայ ազգի յիշողութեան մէջ: Դեսպանը ընդգծեց նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող ծանր ռազմաքաղաքական իրադրութեան պայմաններուն մէջ հայ համայնքի հաւաքականութեան եւ համախմբուածութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միասնական ըլլալու կարեւորութիւնը:

Ապրիլ 24ի երեկոյեան, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Թագուհի Տիեզերեաց եկեղեցւոյ մէջ, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Յովսէփ եպս․ Առնաութեանի ղեկավարութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ աղօթք: Այնուհետեւ, Հայ Կաթողիկէ «Արմինիըն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոգեկոչում ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց» խորագիրով յուշահանդէսը` Դամասկոսի ազգային միութիւններու մասնակցութեամբ: Ձեռնարկին բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ Կիպրոսի Հայ Առաքելական թեմի նախկին առաջնորդ Վարուժան արք․ Հերկելեան։