Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակի Պաշտօնական Նշում Թորոնթոյի մէջ


Աջէն ձախ. Նահանգային երեսփոխաններ Արիս Պապիկեան, Պիլի Փէնկ, Վինսընթ Քի եւ Հայ Դատի ներկայացուցիչ Յարութ Մաթոսեան ծաղկեպսակ կը զետեղին Ցեղասպանութեան Յուշարձանին առջեւ, Ապրիլ 28, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն:

Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104-ա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ապ­րիլ 28-ին, Թո­րոն­թո­յի Հայ կեդ­րո­նի սրա­հին մէջ:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ո­գե­կոչ­ման Թո­րոն­թո­յի յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պած հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին տե­ղա­կան, նա­հան­գա­յին եւ դաշ­նակ­ցա­յին քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր, ինչ­պէս նաեւ գա­ղու­թա­յին ղե­կա­վար­ներ. ա­նոնց շար­քին` նա­հան­գա­յին  ե­րես­փո­խան Շէ­րիֆ Սա­պաո­ւէյ, Միթ­ցի Հան­թըր եւ Ա­րիս Պա­պի­կեան, դաշ­նակ­ցա­յին ե­րես­փո­խան­ներ Ժան Եիբ, Շոն ­Չէն, Հա­րոլտ Ալպ­րէխտ եւ Ա­լի Էհ­սա­սի, Լի­բա­նա­նի հիւ­պա­տոս Գրի­գոր Պոս­թա­ճեան, Օն­թա­րիո­յի խորհր­դա­րա­նի նախ­կին խօս­նակ Տէյ­վի­տ Ո­ւոր­նըր: Ներ­կայ էին նաեւ Թո­րոն­թո­յի քա­ղա­քա­պետ Ճոն­ Թո­րի, նա­խա­րար­ներ` Չէյ­մընտ­ Չօ« Ռոտ ­Ֆի­լիփս, Պիլ Պ­լէյր եւ Մայ­քըլ Թի­պո­լօ, Գա­նա­տա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ, Օն­թա­րիո­յի մէջ ՀՀ ­պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տոս Վա­րու­ժան Լա­փո­յեան, ինչ­պէս ­նաեւ բազ­մա­թիւ այլ քա­ղա­քա­կան­գոր­ծիչ­ներ« կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ թո­րոն­թո­հա­յեր:

Գա­նա­տա­յի, Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի քայ­լերգ­նե­րէն ետք, ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րո­ւե­ցան մէկ վայր­կեան յոտն­կայս յար­գե­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը: Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վար­ Սա­րիկ Պա­պեա­նիր բաց­ման խօս­քէն ետք, ներ­կա­յա­ցուց օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սը` Ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին Ըն­կե­րակ­ցու­թեան նա­խա­գահ փրոֆ. Հէն­րի­Թէ­րիոն:

Թէ­րիօ­ շեշ­տեց ­ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ու­սուց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րէն ներս: Ան անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ հա­տուց­ման գոր­ծըն­թա­ցին եւ դա­տա­պար­տեց Թուր­քիոյ ­հեր­քու­մի շա­րու­նա­կա­կան ըն­թաց­քը:

Ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին խօսք ա­ռին Գա­նա­տա­յի Շրջա­նա­յին Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Շա­հէն Մի­րա­քեան, պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տոս­ Վա­րու­ժան Լա­փո­յեան, Գա­նա­տա­յի սահ­մա­նա­յին ա­պա­հո­վու­թեան նա­խա­րար Պիլ Պ­լէյր, ե­րես­փո­խան Հա­րոլտ Ալպ­րէխտ, որ ներ­կա­յա­ցուց ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Անտ­րիւ Շի­րի ­խօս­քը եւ ­Թո­րոն­թո­յի քա­ղա­քա­պետ Ճոն ­Թո­րի: Բեմ բարձ­րա­ցան նաեւ նա­խա­րար­ներ Չէյ­մընտ­ Չօ, Ռոտ­ Ֆի­լիփս եւ Մայ­քըլ Թի­պո­լօ, որ ներ­կա­յա­ցուց Օն­թա­րիո­յի վար­չա­պետ Տակ ֆոր­տի պատ­գա­մը, իսկ ե­րես­փո­խան Միթ­ցի Հան­թըր ներ­կա­յա­ցուց Ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ժա­մա­նա­կա­ւոր ղե­կա­վա­րին խօս­քը. ըն­թեր­ցո­ւե­ցաւ նաեւ Գա­նա­տա­յի Նոր Դե­մոկ­րատ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ճակ­միտ Սին­կի ­խօս­քը:

Ե­լոյ­թ ու­նե­ցող­ներ­ն ու պատ­գամ­նե­րը բո­լո­րը կը շեշ­տէին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րո­ղու­թիւ­նը եւ զայն ըն­դու­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, որ­պէս­զի բնաւ եր­բեք նման ո­ճիր չկրկ­նո­ւի մարդ­կու­թեան աչ­քին ա­ռաջ:

Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր. մե­ներգ­նե­րով ե­լոյթ ու­նե­ցան Նո­ւէր Ղա­զա­րեան, տու­տու­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Սէյ­րան Ղա­զա­րեա­նի, եւ Լե­ւոն Նահ­հաս, իսկ աս­մուն­քով իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Ա­րիս Ջուլ­ճեան:

Հան­դի­սու­թեան նա­խոր­դեց լու­սան­կար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս, որ կ’ընդգր­կէ­ր եւ­րո­պա­կա­ն եւ այ­լ եր­կիր­նե­րու­ թեր­թե­րու ­մէջ ­լոյս ­տե­սած 1915-ի ն­կար­ներ, ո­րոն­ք ա­ռա­ջի­ն ան­գամ ըլ­լա­լով կը ցու­ցադ­րո­ւէին ­Թո­րոն­թո­յի ­մէջ:

Այ­նու­հե­տեւ, պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րեր­ն ու ներ­կա­նե­րը ծաղ­կեպ­սակ­ներ եւ ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­ցին Հայ Կեդրոնի շրջափակին մէջ գտնուող` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 1,5 մի­լիոն սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ:

(Լու­սան­կար­նե­րը` Իշ­խան Ղա­զա­րեա­նի)