Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ Տարելիցին Կը Նախատեսուի 105 Դաշնամուր Տեղադրել Ծիծեռնակաբերդի Մէջ


“Արմենփրես։,- Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին՝ «Դարի Ղօղանջ» բարեգործական հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ՝ կը նախատեսուի Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրի՝ դէպի անմար կրակ տանող ճանապարհի երկու կողմը տեղադրել 105  հատ”Ռոյալ” մակնիշի դաշնամուր: 

Այդ օրը, աշխարհի տարբեր երկիրներէ, Հայաստան ժամանած 105 երաժիշտներ պիտի կատարեն հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները սիմֆոնիկ նուագախումբին նուագակցութեամբ:

«105 Royal» նախագիծին ծանօթանալէ ետք՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի» հիմնադրամի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան նախագիծին հեղինակ Արթուր Յովհաննիսեանին յայտնած է, որ կ՝ողջունէ որեւէ ողջամիտ նախաձեռնութիւն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հասարակական հնչեղութեան կ՛ապահովէ:

Ըստ Մարութեանի՝ եթէ «105 Royal» նախագիծը հաւանական դառնայ թանգարան-հիմնարկի ղեկավարութիւնը պիտի չառարկէ, որ դաշնամուրները ժամանակաւոր տեղադրուին յուշահամալիրի տարածքին՝ պայմանով, որ որեւէ վնաս չհասցուի կանաչ գօտիին եւ ընդհանրապէս յուշահամալիրի տարածքին։

Նախագիծի իրականացման պարագային՝ Ապրիլ 25-ի առաւօտեան՝ «Դարի ղօղանջ» բարեգործական հիմնադրամին առաջարկով եւ բարերարներու համաձայնութեամբ՝ դաշնամուրները պիտի նուիրուին Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու երաժշտական դպրոցներուն: