Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ Տարելիցի Միջոցառումներու Ժամանակացոյցը


Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարի գրասենեակը յայտարարութիւն տարածած է՝ տեղեկացնելով, որ Արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ Հայաստաի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի յիշատակի միջոցառումները տեղի պիտի ունենան այլ տեսքով։

Ստորեւ յայտարարութիւնը․

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի միջոցառումները տեղի պիտի ունենան այլ ձեւաչափով:

Այս անգամ Ապրիլ 24-ին բոլորս դէպի Ծիծեռնակաբերդ իւրայատուկ հեռավար ուխտագնացութեան եզակի հնարաւորութիւն պիտի ունենանք: Այսպիսով, Ապրիլ 24-ին` հայաստանեան ժամանակով ժամը 08:00-էն սկսած, սփիւռքի մեր հայրենակիցները արտերկրէն կրնան հաղորդագրութիւն ուղարկել 0037433191500 հեռաձայնի թիւին: Նոյն օրը` 22:00-ին մեկնարկող գեղարուեստական ծրագրի ողջ ընդացքին հաղորդագրութիւն ուղարկած մարդոց անունները պիտի արտացոլուին յուշահամալիրի սիւներուն:  Յարգանքի տուրքի գեղարուեստական ծրագիրը պիտի ընդգրկէ տարբեր ժանրերու` դասական եւ ժողովրդական ստեղծագործութիւններ, որոնք ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակուին հայաստանեան ժամանակով մինչեւ լուսաբաց: 

Օրուան ընդացքին` ժամը 10:00-էն, Ծիծեռնակաբերդ պիտի այցելեն ՀՀ նախագահը, վարչապետը, Ազգային ժողովի նախագահը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Ամբողջ հայութեան անունով ՀՀ կառավարութիւնը 105 հազար ծաղիկ պիտի խոնարհէ յուշահամալիրի անմար կրակին մօտ:

Միջոցառումներու ուղիղ եթերներուն կրնաք հետեւիլ նաեւ մեր գրասենեակի ֆէյսպուքեան  էջի միջոցով (https://www.facebook.com/DiasporaHighCommissionerOfficeArmenia/):

Տեղեկացնենք նաեւ, որ Ապրիլ 23-ին` երեկոյեան 21:00-ին, Հայաստանի մէջ 3 վայրկեան պիտի ղօղանջեն եկեղեցիներու զանգերն ու պիտի անջատուին Երեւանի եւ մարզերու հրապարակներու, փողոցներու լոյսերը: Սփիւռքի մեր եկեղեցիներուն, համայնքային կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն կը յորդորենք միանալ նախաձեռնութեան` 3 վայրկեան ղօղանջելով եկեղեցական զանգերն ու տեղական իշխանութիւններու հետ համաձայնութեամբ մարել հայկական փողոցներու եւ հրապարակներու լոյսերը:

Այդ ընթացքին Հայաստանի մէջ պիտի հնչէ Ռ. Պատկանեանի «Արի իմ սոխակ» երգը, եւ բոլորին հայեացքը պիտի ուղղուի դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք:

Միջոցառումը պիտի հեռարձակուի նաեւ ուղիղ եթերով: Սփիւռքի մեր հայրենակիցները աշխարհի տարբեր կողմերէն կրնան միանալ այս միջոցառման` իրենց միտքն ու հայեացքը հոգեպէս ուղղելով դէպի հայրենիք: