Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչումը Օթթաուայի Մէջ


Գանատահայ երիտասարդներ բողոքի ցոյցի ընթացքին

«Հորիզոն»,- 24 Ապրիլ 2022-ին, Օթթաուայի մէջ Գանատահայութիւնը անգամ մը եւս յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը։ Ոգեկոչման իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Թորոնթոյէն, Գէմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Գաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանած հայորդիներ:

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցը այս տարի բացառապէս տեղի ունեցաւ Օթթաուայի Թրքական դեսպանատան դիմաց։ Միւս կողմէն, սակաւաթիւ թուրք եւ ազերի ցուցարարներ հակահայ պաստառներով նախաձեռնած էին հակացոյց մը եւ կը վանկարկէին հակահայ լոզունքներ:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհերգներով:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ մեր պատմութեան մէջ բազում պարտութիւններ ունեցած ենք, բայց իւրաքանչիւր պարտութիւն մղած է մեզ միանալու ազգային գափարախօսութեան շուրջ եւ նոր զարթօնքով կերտելու նոր յաղթանակներ: Ան կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին արթննալու իր թմբիրէն, մէկդի նետելու յուսահատութեան ու բարոյալքման ալիքները եւ լծուելու հայրենիքի փրկութեան գործին:

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան նշեց, որ այսօրուան ցոյցը երկու նպատակ կը հետապնդէ. առաջին՝ ոգեկոչում մեր մէկ ու կէս միլիոն զոհերուն, եւ երկրորդը՝ հայրենիքի փրկութեան ուխտի վերանորոգում, կոչ ուղղելով աշխարհասփիւռ հայութեան՝ թեւ-թիկունք կանգնելու Հայաստանին ու Արցախին, դառնալու մեր նորօրեայ ազատագրական պայքարի արտաքին պարիսպները եւ կերտելու նոր ժամանակներու անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:

Այնուհետեւ, խօսք առին   ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան ներկայացուցիչ Մարինա Քասիսն ու  Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Ռիթա Մուրատեանը, որոնք շեշտեցին երիտասարդութեան յանձնառութիւնը՝ շարունակելու պահանջատիրական պայքարը եւ Հայաստանի ու Արցախի բարգաւաճման ու հզօրացման ուղղուած աշխատանքները:

Եզրափակիչ պատգամով հանդէս եկաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արք․ Չարեան: Ան նշեց, որ նահատակներու ժառանգորդներուս պարտքն է՝ անոնց յիշատակը, հաւատքի խայծը անմար պահել մեր եւ նոր սերունդներու սրտին ու կեանքին մէջ։ Անոնց նահատակութիւնը եւ կտակը արժեցուցած եւ իրականուցած կ’ըլլանք, երբ նահատակներու հոգին մեր մէջ ապրեցնենք եւ միասնական ճիգերով անոնց անաւարտ երազները իրականացնենք։

Հանդիսութեան ընթացքին Նուշիկ Մխճեան ասմունքեց «Ապրում եմ եւ ոչ վերապրում» բանաստեղծութիւնը, Արիանէ Թասլաքեան ընթերցեց Աւետիս Ահարոնեանի «Յարգանք քեզ» խորագրով կտորը, իսկ «Դրօ-Գետաշէն» մասնաճիւղի պատանիները ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Նրանք Ընկան» բանաստեղծութիւնը: Աւարտին, հայրենասիրական երգերով հանդէս եկաւ Սագօ Թաշճեան:

Ոգեկոչման հանդիսութենէն նկարներ․ (Լուսանկարները՝ Մայք Թաշճեանի)