Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20րդ Դարու Ամենամեծ Ողբերգութիւններէն է. Թերի Ճորճ


Հայոց ցեղասպանութիւնը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր: Անիկա առանցքային պահ էր յետագային նման ողբերգութիւններու կրկնութեան համար, ամերիկեան Charlie Rose տեսազրոյցի ժամանակ ըսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող հոլիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմի բեմադրիչ Թերի Ճորճ, որ իր կուրծքին կը կրէր Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի խորհրդանիշ անմոռուկը:

Անդրադառնալով հարցումին, թէ ե՞րբ ու ինչո՞ւ տեղի ունեցած է ցեղասպանութիւնը` ան պատմած է, որ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարութիւնը որոշում ընդունած է ոչնչացնել հայ բնակչութիւնը: «Օգտագործելով պատերազմը թուրքերու եւ ռուսերու միջեւ որպէս պատրուակ` անոնք յայտարարեցին, որ հայերը պէտք է հեռացուին պատերազմական գօտիէն: Ողջ կայսրութեան տարածքէն հայերը տարուեցան մահուան երթերու` սպաննուելով գետերու, դաշտերու, ժայռերու վրայ, խորտակուեցան ծովերու մէջ: Սա 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր, առանցքային պահ ցեղասպանութիւններու իրականացման համար: «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը յառաջացած է  նոյն այս իրադարձութիւնը բնութագրելու համար», աւելցուցած է բեմադրիչը:

Խօսելով այն մասին, թէ ինչո՛ւ Միացեալ Նահանգներ կը հրաժարի ճանչնալէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Թերի Ճորճ նշած է, որ Թուրքիան ռազմավարական մեծ ազդեցութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու վրայ: Ան յիշեցուցած է, թէ ինչպէս նախապէս տապալուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հոլիվուտեան ֆիլմերու նկարահանումները: «Երբ փորձ եղաւ նկարահանել «Մուսայ լերան 40 օրը» ֆիլմը, Թուրքիոյ կառավարութիւնը ճնշումներ գործադրեց արտաքին գործոց նախարարութեան եւ նկարահանման արուեստանոցներուն վրայ` տապալելով ֆիլմի նկարահանման փորձերը: Սա 20րդ դարու ամենամեծ ու անյայտ ողբերգութիւններէն է», ըսած է Թերի Ճորճ:

Ան յիշեցուցած է, թէ ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նախքան ընտրուիլը խոստացած էր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն ընտրուելէն ետք չպահեց խոստումը: «Այս հարցով անոր վերջին մեկնաբանութիւնը այն էր, թէ «իմ տեսակէտս այս հարցով չէ փոխուած», սակայն չըսաւ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը: Դեսպան Սամանթա Փաուըրը եւս անկարող եղաւ այդ բառը արտաբերելու, թէպեւ գրած է գիրք մը «Խնդիր մը դժոխքէն» («A problem from Hell»), ուր շեշտադրած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը` իբրեւ այս իրադարձութիւններու նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան վերաբերմունքի սկզբնաքար», պատմած է բեմադրիչը` ընդգծելով, որ այժմ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ ղեկավարութեան եւ նոր նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերաբերմունքի մէջ որեւէ փոփոխութիւն չի տեսներ:

Տեսազրոյցի մասնակից Էնժըլա Սարաֆեան ներկայացուցած է ֆիլմին մէջ մարմնաւորած իր կերպարը` Մարալը, որ հայկական աւանդական գիւղի բնակիչ է: «Ես հայ ըլլալով՝ երջանիկ եմ կերտելու հայ աւանդական կնոջ կերպարը: Մայրս ու տատս ատոր հրաշալի օրինակներն էին: Այս ֆիլմը ու պատմութիւնը շատ անձնական էին ինծի համար, քանի որ ես լսած էի պատմութիւններ իմ նախնիներէս, թէ ինչպէս  անոնք վերապրած են կատարուածը», ըսած է դերասանուհին: