Հայութեան Հաւաքական Ջանքերով Կատարուած Ներդրումները Ազրպէյճանին Յանձնուած Տարածքներուն Մէջ


Սառա Պետրոսեան

«Հետք»,- Դեռ Արցախեան առաջին պատերազմի տարիներէն հայութեան ջանքերը նպատակուղղուած եղած են հայրենի Արցախը շէնցնելուն: 1992-ին այդ նպատակով ստեղծուեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը (ՀՀՀ), որ աշխարհասփիւռ հայութեան հանգանակած գումարներով պիտի շէնցնէր Արցախը և զարգացման ծրագիրներ իրականացնէր աղետալի երկրաշարժէն մեծապէս տուժած Հայաստանի մէջ: Խորհրդային շրջանին Ազրպէյճանի կազմին մեջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը գրեթէ զուրկուած եղած է ենթակառուցուածքներէ, իսկ Արցախեան պատերազմէն ետք եղածը վերածուած էր աւերակներու կոյտի:

Յետագային, հիմնադրամի ամէնամեայ մարաթոններուն աջակցելէն բացի, Արցախի մէջ զարգացման ծրագիրներ սկսան իրագործել հայկական այլ հիմնադրամներ ու անհատ ներդրողներ: Համայն հայութեան սիրոյ ու գուրգուրանքի երկիր Արցախը օրէ օր կը շէննար, կը մեծնար անոր նկատմամբ նեդրողներու հետաքրքրութիւնը: Վերջին տարիներուն ան հայրենիք կը դառնար Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ տուները կորսնցուցած հայութեան համար:

2020-ի Սեպտեմբեր 27-էն, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմի օրէն, համայն հայութեան հպարտութիւնը համարուող Արցախի Հանրապետութիւնը այլ ճակատագիր ունեցաւ: Պատերազմի մէջ պարտուած Արցախը հարկադրուած եղաւ մեծ տարածքներ զիջելու Ազրպէյճանին: Դեկտեմբեր 9-ին Արցախի Տարածքային Կառավարման և Զարգացման Նախարարութիւնը հրապարակեց Ազրպէյճանի Հանրապետութեան վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի Հանրապետութեան համայնքներու և բնակավայրերու ցանկը, 7 շրջաններու 118 համայնք: Անցնող 28 տարիներուն հայութեան հաւաքական ջանքերով այդ բնակավայրերուն մէջ կատարուած են հսկայական ներդրումներ, որուն վայելողը այսուհետեւ թշնամին պիտի ըլլայ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Արցախի Հանրապետութեան 7 շրջաններու բնակավայրերուն մէջ իրագործուած զարգացման խոշոր ծրագիրները՝ ենթակառուցուածքներու ստեղծում, հասարակական շինութիւններու կառուցում, ընկերային ապահովութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, պատմամշակութային արժէքներու պահպանութեան, արուեստի և մարմնամարզութեան բնագավառներուն մէջ։ Ծրագիրները իրականացուցած են «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, «Թուֆենքեան» Բարեգործական Հիմնադրամը, Հայ Առաքելական Եկեղեցին և այլք:

Ներդրումներուն մեծ ծաւալը բաժին կ’իյնայ ՀՀՀ-ին, Ազրպէյճանին յանձնուած տարածքներուն մէջ անոնց հանրագումարը, մեր հաշուարկներով, կը կազմէ մօտ 110 միլիոն տոլար: 1992-1997-ին իրականացուած ծրագիրներու գումարային արժէքը ներառուած չէ այս հաշվարկին մէջ, քանի որ այդ թուականներուն կատարուած աշխատանքներուն ծախսերը Հիմնադրամին հաշուետւութիւններուն մէջ չեն առանձնացուած ըստ համայնքներու:

«Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը «Հետք»ին տեղեկացուցած է, որ 1992-95-ին Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան ենթակառուցուածքներու վերականգնման, նորոգութեան և մարդասիրական ծրագիրներուն յատկացուցած է 4 639 848 ԱՄՆ տոլար: Հիմնադրամը Արցախի մէջ ստեղծած է ելեկտրականութեան, ջրամատակարարման, ճանապարհաշինական ենթակառոյցներ: Անդրանիկ խոշոր ծրագիրներէն եղած են Վաղուհաս գիւղի վերակառուցումը, Գորիս–Ստեփանակերտ մայրուղի կառուցումը, Շուշի-Կարմիր Շուկայ ելեկտրագիծի կառուցումը, Բալուջայ-Ստեփանակերտ ջրատարներու կառուցումը և այլն:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին ներդրումները յանձնուած բնակավայրերուն մէջ.

2020-ի Նոյեմբեր 9-ին Հայաստանի, Ազրպէյճանի և Ռուսիոյ միջև ստորագրուեցաւ պատերազմը դադրեցնելու եռակողմ յայտարարութիւն, որմէ ետք Շուշիի շրջանէն երեք համայնք՝ Շուշի քաղաքը, Քարին Տակ և Քիրսաւան գիւղերը անցան Ազրպէյճանի ենթակայութեան տակ: «Հայաստան» հիմնադրամը (ՀՀՀ) անցնող 26 տարիներուն խոշոր հիմնական աշխատանքներ իրականացուցած է Շուշի քաղաքին և Քարին Տակ գիւղին մէջ:

ՀՀՀ-ի ներդրումները Ազրպէյճանին յանձնուած Հադրութի շրջանին մէջ

Հադրութի մէջ զարգացման ծրագիրներ իրականացուցած են «Հայաստան» հիմնադրամը և ՀԲԸՄը։ ՀՀՀ-ն հիմնական ներդրումները կատարած է ենթակառուցուածքներ ստեղծելու, ընեկարային և առողջապահական խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ:

Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան ներդրումները Հադրութի մէջ

ՀԲԸՄի համար առաջնակարգը Արցախի վերաբնակեցումն էր և 2002-ին սկսաւ Հադրութի շրջանի Նորաշէն գիւղի վերակառուցումը։ Հետագային այս ձեռնարկը վերածուեցաւ ՀԲԸՄի Արցախը վերաբնակեցնելու ընդհանուր ծրագիրի, որուն նպատակն էր վերականգնել և վերաբնակեցնել 1988-1994 թուականներուն պատերազմի հետևանքով աւերակ դարձած ու լքուած հայկական գիւղերը։ Միութիւնը Նորաշէնի մէջ կառուցած է 20 տուն, բժակական կեդրոն, մանկապարտէզ և դպրոց: Դպրոցը, որ նախատեսուած է 80 աշակերտի համար, ունի ութ դասարան, դահլիճ` նախատեսուած տարբեր միջոցառումներու համար և համակարգչային սենեակ։ Արցախի մէջ ՀԲԸՄի կառուցած 30 տուներուն մէջ շուրջ 150 բնակիչ կ՛ապրի։ Բարեշէն գիւղին մէջ կառուցած են 10 տուն:

Ներդրումները Քաշաթաղի և Քարվաճառի շրջաններուն մէջ

Քաշաթաղի վերաբնակեցումը սկսաւ պատերազմը դեռ չաւարտած, պաշտօնական որոշումները տրուած են 1993-ի Աշնան: ԼՂՀ կառավարութիւնը 2001-ին հաստատած էր վերաբնակեցման 10-ամեայ ծրագիր, ուր յստակ են վերաբնակեցման նպատակները եւ աշխարհագրական դիրքերըՎերաբնակեցման 10-ամեայ ծրագիրով պիտի կառուցուէր 10 հազար բնակարան, 200 դպրոց, բժշկական հիմնարկներ, ջրագիծեր, ճանապարհներ եւ այլն:

Հայ Յեղափոխական դաշնակցութեան ներդրումները Քաշաթաղի և Քարվաճառի (Շահումեանի շրջան) շրջաններուն մէջ

Քաշաթաղի և Քարվաճառի շրջաններուն մէջ ամենախոշոր ներդրումները կատարած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ): Անոնց հաշուարկներով ներդրումներու ծաւալը կազմած է աւելի քան 20 միլիոն տոլար, որուն մէջ հաշուարկուած չեն բարեգործական ծրագիրները։ 2009-ին, Աղաւնոյ գետի շրջանին մէջ սկսան փոքր ջրաելեկտրակայաններու (ՋԷԿ) կառուցումը: 2011-ին բացուեցաւ «Սիւնիք-1» ելեկտրակայանը, այնուհետև «Սիւնիք-2», «Սիւնիք-3»,«Սիւնիք 4» կայանները:

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Յակոբ Մաթիլեան կ՛ըսէ, որ ՀՅԴ-ն կազմակերպած է ներդրումները և ի սկզբանէ անիկա բիզնես նպատակ չէ ունեցած։ ՋԷԿերու շինարարութեան նպատակը առաւելապէս ընկերային և ռազմավարական եղած է։ Այդ պատճառով բոլոր ՋԷԿերը նուազագոյնը 25 բաժնետէր ունին։ Ներդրողները կուսակցութեան անդամներն էին, որոնք պարբերաբար Հայաստանին կ՛օգնէին և կ՛ըսէին, եթէ երաշխիք կու տան՝ այս տարբերակն ալ իրականացնենք։ «Աշխատած ենք շատ մարդ ներգրաւել, հիմնականօրէն, սփիւռքահայեր։ Ուղղակի տեղացիները ներգրաւուած են այդ գործին մէջ որպէս երաշխիք, որպէսզի սփիւռքահայութիւնը վստահութիւն ունենայ ներդրումներ կատարելու համար։ Կը ցանկայինք նախ՝ որոշ քանակի աշխատատեղեր ստեղծել, այս շրջաններուն մէջ աշխուժացնել տնտեսական կեանքը, օրինակ ծառայել մնացած գործատէրերու, դրամագլուխ ունեցողներու համար», ըսաւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամը:

Պրն․ Մաթիլեան կ՛ըսէ, որ ներդրողները, ի հարկէ, մտահոգութիւն ունէին, քանի որ այդ տարածքներու կարգավիճակը յստակացած չէր: «Մենք վտանգի երթալով նախաձեռնեցինք աշխատանքները և Քաշաթաղի շրջանին մէջ առաջին ՋԵԿի շինարարութիւնը սկսանք։ «Սիւնիք-1»-էն ետք այլ ներդնողներ ընդգրկուեցան ծրագրին մէջ, որովհետև տեսան, որ որպէս գործ ծրագիրը յաջող է։ Քաշաթաղի շրջանին մէջ ՋԷԿերու յաջող փորձէն ետք այլ ներդրողներ ալ եկան և սկսան աշխատելու», կը պատմէ Մաթիլեան։

Վերջինիս խօսքով՝ միայն 4 ՋԷԿ կառուցելով 50 աշխատատեղ ստեղծած էին, կ՛ապահովէին Արցախի մէջ սպառուող ելեկտրականութեան 22%-ը, այսինքն՝ ՋԷԿերը այնքան կ՛արտադրէին, որքան Արցախը Հայաստանէն կը ստանար։ «Մենք դարձանք Արցախի Հանրապետութեան ամենախոշոր հարկատուն, Քաշաթաղի ղեկավարութեան օգնած ենք բոլոր հարցերու մէջ: ՋԷԿերէն ստացուած հասոյթով Բերձոր քաղաքի լուսաւորութիւնը իրականացուցինք, խաղահրապարակ կառուցուեցաւ, ստեղծեցինք «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամը, որուն պարբերաբար նուիրատւութիւններ ըրած ենք», ըսաւ ան։

Բացի այդ, Քաշաթաղի մէջ 4 տարի առաջ 10 հեկտար ընկոյզի այգի հիմնած ենք, որ այս տարի բերք պիտի տար։ Տնկիները արտասահմանէն բերած են։

Ան կ՛ըսէ, որ Քարվաճառի շրջանին մէջ նոյն ելեկտրականութիւն արտադրելու աղբիւրները կային, բայց չէր օգտագործուէր։ Արցախի ղեկավարութեան առաջարկով այստեղ փոքր վտակի մը՝ Լեւ գետին վրայ փոքր ՋԷԿ կառուցած են, ատկէ ետք սկսան մեծ ներդրումներ կատարել, մեծ ՋԷԿեր կառուցուեցան և աշխատանքները բարեյաջող կ՛ընթանային մինչև Արցախի յանձնումը։

Քարվաճառի Եղեգնուտ գիւղին մէջ ժամանակակից մանկապարտէզ կառուցած ենք բարերարի մը միջոցներով, որ ՋԷԿի մէջ բաժնետէր էր և հաւաքած գումարը նուիրեց մանկապարտէզին։

Քարվաճառի Աղաւնոյ գիւղին մէջ լիբանանահայ դաշնակցականներու նեդրումով կառուցուցած է Արիաւանը: Ժամանակակից սպասարկման յարմարութիւններով 50 տուն կառուցեցին՝ իր տնամերձ հողամասով: Արիաւանի մէջ բնակելի տուները տրամադրուած են բազմազաւակ ընտանիքներու, բանակին մէջ աւելի քան քսան տարի ծառայած սպաներու և այլ բնակիչներու: Ենթակառուցուածքները նոր պիտի ստեղծուէին։ Բերձորի միջանցքի սկիզբը գտնուող գիւղը պատերազմէն ետք զրկուած է ելեկտրականութենէն, բնական գազէն, սակայն բնակիչները չեն պատրաստուիր լքելու իրենց տուները և ստանձնած են գիւղի անվտանգութեան ապահովումը։

«ԱՐԻ» (Artsakh Roots Investment) ներդրումային հիմնադրամի երկրորդ խոշոր ծրագիրը «Սիտնէյ» թաղամասի կառուցումն էր Քարվաճառի մէջ։ «Սիտնէյ» թաղամասը կառուցուած էր հիմնականօրէն ներդրումներով լիբանանահայերու եւ ավստրալահայերու, որոնք մօտ 500 հազար տոլար ներդրում ըրած էին «Սիտնէյ»ը կառուցելու համար: Թաղամասին մէջ ենթակառուցուածքներ ստեղծելու համար եւս երեք հարիւր հազար տոլար ներդրած էր Արցախի կառավարութիւնը: «Սիտնէյ» թաղամասը դեռ չէր բնակեցուած, 15 առանձնատուներէն 12-ն պատրաստ էր բնակութեան։

 

«Թուֆենքեան» բարեգործական հիմնադրամի ներդրումները Քաշաթաղի շրջանին մէջ

«Թուֆենքեան» բարեգործական հիմնադրամը իր աշխատանքները Արցախի մէջ սկսած է 2003-էն: Ծրագիրները, հիմնականօրէն, իրականացուցած է Քաշաթաղի շրջանին մէջ, անոնց նպատակը եղած է վերաբնակեցումը և տնտեսական զարգացումը, որուն համար մօտ 4 միլիոն ԱՄՆ տոլար ներդրում եղած է: Կարեւոր նկատուած է դպրոցաշինութիւնը, բնակարանաշինութիւնը, տնտեսութեան զարգացումը, օժանդակութիւնը մշակոյթին, պատմական յուշարձաններու նորոգման և այլն: 2004-ին «Թուֆենքեան հիմնադրամը» Քաշաթաղի մէջ հիմնադրած է Առաջամուղ գիւղը: Անոնք 3-4 սենեակնոց առանձնատուներ են` կառուցուած ներկայ պահանջներուն համապատասխան և կից հողամասերով: Իւրաքանչիւր տարի նախատեսուած էր կառուցել 6 տուն՝ ընդհանուր թիւը կը նախատեսուէր հասցնել 40-ի:

ՀԲԸՄ-ի ներդրումները Քարվաճառի մէջ

Բերձորի տարածաշրջանի բնակիչներուն ՀԲԸՄը յատկացուցած է գիւղատնտեութեան մեքենաներ՝ 3 թրաքթոր, 2 շարքացան, սրսկիչներ և գիւղատնտեսական սարքեր։ Այդ սարքաւորումներուն համար հիմնուած է կառատուն, կառուցուած է պահեստ։ Բերձորի շրջանին մէջ հիմնուած են ձիթենիի այգիներ՝ 21,400 ձիթենի ծառ նուիրած են վերաբնակած 16 սուրիահայ և 15 տեղացի ընտանիքներուն:

2020-ի Նոյեմբեր 9-ի պատերազմը դադրեցնելու մասին եռակողմ յայտարարութենէն ետք Ազրպէյճանի ենթակայութեան տակ անցան նաև Ասկերանի շրջանէն 8 գիւղ (Աւետարանոց, Ակնաղբիւր, Արմենակաւան, Ջրաղացներ, Մադաթաշէն, Սղնախ, Ուղտասար և Մոշխմհատ համայնքներ), Մարտակերտի շրջանէն 8 գիւղ (Թալիշ, Մատաղիս, Հովտաշէն, Նոր Այգեստան, Նոր Կարմիրաւան, Նոր Հակաջուր, Նոր Մարաղայ, Նոր Սեյսուլան) և Մարտունիի շրջանէն 7 գիւղ (Ջիւանի, Շեխեր, Զարդանաշէն, Վազգենաշէն, Սարգսաշէն, Թաղավարդ, Ներքին Ճարտար քաղաքը):

Մարտակերտի շրջանի համայնքներուն մէջ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը «Թալիշի վերածնունդ» ծրագրի ծիրէն ներս գիւղին մէջ իրականացուցած է լայնածաւալ շինարարական շխատանքներ։ Մասնաւորապէս, կառուցուած է կենցաղի տուն, վերակառուցուած է 18 բնակելի տուն, համայնքային կեդրոնը, բժշակական կեդրոնը, ակումբը, հանդիսութիւններու սրահը, կառուցուած է 4,5 քմ․ երկարութեամբ խմելու ջուրի ցանցը, կոյուղին:

Հ․գ․- Սոյն հրապարակութեան մէջ չեն ներառուած յանձնուած տարածքներուն մէջ անհատերու կատարած ներդրումները, որոնք բազմաթիւ են։

 Տուեալներու վերլուծութիւնն ու տեղեկութիւններու գծագիրները՝ Կարին Մանուկեանի և Քաթիա Մամեանի

Լուսանկարները՝ Սարօ Պաղտասարեանի, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի