Հայուհիին Ani and Alex Jewelryին Կրնայ Աշխարհի Առաջատարներէն Դառնալ. Forbes


Ամերիկեան Forbesի յունիսեան թիւի շապիկին ամերիկեան Ani&Alex ոսկերչական ապրանքանիշի հիմնադիր Քերոլայն Ռաֆայէլեանն է:

Ամերիկահայ ձեւաւորող, բարերար եւ գործարար Քերոլայն Ռաֆայէլեան ներառուած է Միացեալ Նահանգներու ամենահարուստ կանանց Forbesի ցանկին մէջ, որոնք ինքնուրոյն վաստակած են իրենց կարողութիւնը:

Ռաֆայէլեան տարեկան 10 միլիոն տոլար կը վաստակէ` 33 դոլարնոց ապարանջաններ վաճառելով: Յօդուածին մէջ կ՛ըսուի, որ ընկերութեան եկամուտին 80 տոկոսը առանձնայատուկ ապարանջաններն են, որոնց ձեւաւորումներուն վրայ աշխատած է ինքը՝ Ռաֆայէլեանը:

Forbes կը նշէ, որ 50ամեայ հայուհիին կը պատկանի ոսկերչական ապրանքանիշի բաժնետոմսերուն 80 տոկոսը, որոնք կը գնահատուին առնուազն 1,2 միլիառ տոլար:

Ըստ կանխատեսումներու, 2020ին Ռաֆայէլեանի հիմնած ապրանքանիշը կրնայ լուրջ մրցակից դառնալ յայտնի Pandora ապրանքանիշին, որ ոսկերչական զարդերու համաշխարհային շուկայի առաջատարն է:

Ռաֆայէլեան նաեւ ընդգրկուած է «Աշխարհի ամենաուժեղ 50 կանանց» ցանկին մէջ, ըստ ամերիկեան Working Together ամսագիրին: Անոր կարողութիւնը 700 միլիոն տոլար է: Ան կը համարուի աշխարհի ամենահարուստ հայուհին: