«Հայրենադարձները Պէտք Է Իրենց Հմտութիւններն Ու Գիտելիքը Բերեն։ Եկողը Պէտք Է Կարենայ Քիչ Մը Փոխուիլ, Քիչ Մըն Ալ Փոխել», Կ՛ըսեն Թորոնթոհայ Հայրենադարձներ Տէր եւ Տիկ․ Ն․ Աբրահամեան Եւ Զ․ Պէրպէրեան


 Տէր եւ Տիկին Նիկոլ Աբրահամեան եւ Զապէլ Պէրպէրեան

«Թորոնթոհայ Հայրենադարձներ» հարցազրոյցներու շարքին՝ այսօրուան մեր զրուցակիցներն են Տէր եւ Տիկին Նիկոլ Աբրահամեան եւ Զապէս Պէրպէրեան։ Անոնք  Հայաստան հաստատուած են աւելի քան քսան տարի առաջ։ Պրն․ Նիկոլ եւ Տիկ․ Զապէլ «Թորոնթոհայ»ին կը պատմեն Հայրենիքի մէջ երկար տարիներ ապրելու, գործելու եւ կարիքաւորներուն օգնութեան ձեռք մեկնելու իրենց փորձառութեանց մասին։

  • Հարցում- Պ. Նիկոլ եւ Տիկ. Զապէլ, կը պատմէք ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս որոշեցիք Հայաստան հաստատուիլ։
  • Նիկոլ Աբրահամեան- 1991-ին որոշեցի Հայաստան գալ մշտական մնալու համար, բայց տարբեր պատճառներով մէկ տարի Շուէտ մնալէ ետք, 1992-ին՝ պատերազմի ատեն, եկայ Հայաստան եւ մնացի երկու տարի։ Դժուար տարիներ էին, ջուր չկար, հոսանք չկար․․․։ 1994-ին, երբ երկիրը  տակաւին շատ անկայուն վիճակի մէջ էր, որոշեցի վերադառնալ Գանատա, քիչ մը փող շահիլ, ապա՝ հինգ տարի ետք, վերջնական վերադառնալ։ Հայաստան ապրած երկու տարիներու ընթացքին վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստած էի Արցախի մասին։ Արցախը հիւսիսէն մինչեւ հարաւ, մշակութային կոթողներով նկարած էի։ Երբ Գանատա վերադարձայ, Սուրէն Չէքիճեանը, որ «Հայ Հորիզոն»ի հիմնադիրներէն է, ինծի ըսաւ, որ Զապէլին հետ աշխատիմ, որպէսզի ֆիլմին հայերէն բնագիրն ալ պատրաստենք։ Մինչ այդ պատերազմը վերջացաւ եւ այդ նկարահանած ֆիլմս պէտք չեղաւ, որովհետեւ ես կ’ուզէի զայն պատերազմի ընթացքին CBS-ի պէս կայաններէն ցուցադրել, փաստելու համար, որ Ղարաբաղը հայկական է։ Ֆիլմի հարցը փակուեցաւ, բայց ուրիշ հարց բացուեցաւ (խնդալով)։ Զապէլին ըսի, ես հինգ տարիէն Հայաստան պիտի երթամ, ամուսնանա՞նք, կու գա՞ս հետս։ Ըսաւ՝ անպայման։ Այս ձեւով ես կեանքիս ընկերոջը գտայ։
  • Զապէլ Պէրպէրեան- Առաջին օրէն որոշեցինք՝ պիտի տեղափոխուինք Հայաստան, միայն ժամանակի հարց էր։ 1996-ին եկանք այստեղ պսակուեցանք, յետոյ քանի մը տարի Գանատա աշխատելէ ետք, երբ արդէն որոշած էինք գալ, 1999-ին՝ Նայիրի Յունանեանը մտաւ Ազգային Ժողով եւ տեղի ունեցաւ այդ ցաւալի դէպքը։ Մեր հարազատները մեզի խորհուրդ տուին, որ չգանք, անկայուն վիճակ է, բայց մենք ըսինք՝ մեր ճակատագիրը մեր ժողովուրդի ճակատագրին հետ կը կապենք։ Նոյեմբեր 1999-ին եկանք եւ 2000 թուականը այստեղ դիմաւորենցինք։
  • Ն-․Ա․- Այն ժամանակ յաղթանակ տարած երկիր եկանք։ Կ’ըսէինք, որ պատերազմին յաղթեցինք, պէտք է սկսինք երկիրը շինել:

Հարցում- Պրն․ Նիկոլ, դուք նաեւ գործարար էք եւ հիմնադիրն էք «Վանահովիտ» թաղամասին։ Կը պատմէք Ինչպէ՞ս սկսաք, ո՞րքան աշխատատեղեր ստեղծեցիք։

  • Ն․Ա․- Երբ տեղափոխուեցանք, տակաւին չէինք որոշած՝ ինչ գործով զբաղինք։ Առաջինը գործը՝ դուրսէն, յատկապէս Թորոնթոյէն զբօսաշրջիկներ պտըտցնելը եղաւ։ Այն ատեն Հայաստան այցելելու հետաքրքրութիւնը շատցած էր, եւ յատկապէս սիւռքահայերուն ճաշակը գոհացնող յարմար հիւրանոցներ չկային տակաւին։ «Բարեւ» հիւրատունը բացինք։ Սկիզբը տարեկան մօտ 500 հոգի կը հիւրընկալէինք, ընդհանրապէս մեծ խումբեր․ պատանեկանը, AGBU-ն, եւ այսպէս կամաց-կամաց բաւական մեծ խանդավառութին ստեղծուեցաւ․  ծանօթներ, ծանօթներու ծանօթներ մեզի վստահելով կու գային։ Հիւրանոցէն երեք տարի յետոյ Լոս Անճելըսէն ընկեր մը եկաւ, եւ ուզեց՝ ծերանոց մը հիմնենք։ «Վանահովիտ»ի հողը այդ նպատակով առինք։ Ես Գանատա գացի, որ ծերերու հետ խօսիմ, բայց շատեր չուզեցին գալ, որովհետեւ չէին ուզեր իրենց զաւակներէն եւ թոռնիկներէն հեռու ապրիլ։
  • Զ․Պ․- Ծերանոցը պիտի ըլլար Լոս Անճելըսի «Ararat Home» նման, ուր հայ ծերերը շատ լաւ խնամք կը ստանան։ Սկիզբը քանի մը ծերեր եկան, բայց հայ մշակոյթին մէջ դեռեւս չկայ, որ մեծ հայր-մայրը իր թոռնիկէն շատ հեռու ըլլայ եւ․․․ չյաջողեցաւ։
  • Ն․Ա․- Ծերանոցի գաղափարը վերածուեցաւ տուն շինելու գաղափարին։ 2003-ին, գործընկերոջս՝ Վիգէն Արապեանի հետ նոյն հողին վրայ սկսանք տուներ շինել։ Սարքուած առաջին տուները մեր մօտիկները գնեցին։ Մինչեւ 2005 մօտ 27 տուն արդէն վաճառուած էր։

Հարցում-  Հիմա քանի՞ տուն կայ «Վանահովիտ»ին մէջ։

  • Ն․Ա․- Հիմա 95-ի չափ են։ Այդ շրջանին հող կ’առաջարկէին ինծի, ես ալ կը գնէի, ինչ որ ձեռքս դրամ կ’անցնէր հող կը գնէի։ Ինծի համար դրամը արժէք չունի, Ես մինչեւ Հայաստան գալս 45-50 տարի ապրած էի սփիւռքի մէջ, ոչ տուն գնած էի, ոչ մէկ այլ բան, որովհետեւ չէի հաւատար, որ հոն պիտի մնամ։ Բայց երբ Հայաստան եկայ, virus-ի պէս միայն հող կը գնէի։ Առաջարկեցին ուրիշ մեծ հողեր ալ, ուր ծառեր սկսայ տնկելու, 30 հազար ծառ տնկեցի, յետոյ սկսայ կով պահել եւ այսպէս։
  • Զ․ Պ․- Այդքան տարի դուրսը ապրելէ ետք, մեր արմատները հոս նետեցինք։

Հարցում- Շինարարութեան եւ այլ ձեր գործերուն մէջ մեծ թիւով աշխատատեղեր ալ ստեղծեցիք, չէ՞։

  • Ն․Ա․- Այո, շրջան մը 75 հոգի կ’աշխատէր, բոլոր շինարարները եւ աշխատողները տեղացիներ էին, եղան քանի մը հայրենադարձներ, բայց շատ քիչ։ Նոյնը նաեւ ագարակին մէջ, մօտ 25 հոգի կ’աշխատի հողագործութեան մէջ։ Հիւրանոցն ալ 4 հոգի կար։ Տակաւին շինարարութիւնը կը շարունակեմ։ 2010-ին թաղամասին երկրորդ բաժինը սկսայ կառուցելու։

Հ․- Բնակիչներուն մեծ մասը սփիւռքահայե՞ր են։

  • Ն․Ա․- Այո, 90 տոկոսը հայրենադարձ են, տեղացիներ ալ կան։ Առաջին մասին մէջ մեծ մասը Գանատայէն եւ Ամերիկայէն են, որոնք ամառները կու գան։ Մշտական բնակիչները քիչ են։ Երկրորդ մասին մէջ Լիբանանի եւ Սուրիոյ տագնապներէն ետք տեղափոխուած հայրենադաձներ են։

Հարցում- «Վանահովիտ»ը շատ մօտ է Պռոշեան համայնքին եւ մեծ է ձեր ներդրումը հոն։ Ինչպիսի՞ աշխատանքներ տարած էք գիւղի զարգացման համար։

  • Ն․Ա․- Առաջին անգամ մեր ընկերը՝ ընկ․ Հրաչ Մուրատեանը, երբ գիւղապետ դարձաւ, մեզմէ խնդրեց, որ գիւղի բժշկական կեդրոնը նորոգենք։ Զուիրցերահայ երկու ընկերներու հետ, հիմնովին նորոգեցինք զայն․ արեան քննութեան, բժշկական նոր գործիքներ բերել տուինք։ Շրջանի ամենէն մաքուր եւ լաւ բժշկական կեդրոնը եղաւ։ Յետոյ դարձեալ Հրաչին խնդրանքով՝ գիւղի ակումբ նորոգեցինք․ զուիցերահայ ընկերոջս սկաուտապետին՝ Հայկ Արսլանեանի անունով նորոգուեցաւ մարզասրահը, իսկ ես ալ ակումբը նորոգեցի։ Գիւղին Պանթէոնը բարեկարգեցինք, զանգակատուն շինեցինք, դպրոցը կազ անցուցինք։ Ընկերս՝ Միհրան Պարոնեանը, որ գանատացի է, բայց Զուիցերիա կ’ապրի, Մանկապարտէզը հիմնովին նորոգեց։

Իսկ 44-օրեայ պատերազմի ատեն Պռոշեանը 22 նահատակ ունեցաւ։ Այնպիսի ծանր վիճակ էր, որ շատեր երեխայ ունէին եւ դժուար վիճակի մատնուեցան։ Սկսանք դուրսէն ընկերներու օժանդակութեամբ օգնել այդ ընտանիքներուն։ Կիներ, որոնք ամուսին կորսնեցուցին, մնացին առանց եկամուտի։ Այդ ատեն Զապէլը ձեռք առաւ այդ գործը։

  • Զ.Ա․ – Պռոշեանի ընկերները, որոնք նահատակուեցան, մեծ մասը մտերիմներ էին, օրինակ Արշակ Մելիքենանը, Գէորգ Հաճեանը, Վիգէնը, Երուանդը, Ալիքը, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին եւ գերագոյն զոհողութեան գացին, իսկ ատոր փոխարէն կը մտածես՝ դուն ի՛նչ կրնաս ընել։ Օգնութեան գաղափարը այդտեղէն սկսաւ։

Մարդիկ մեզի վստահելով օգնութիւն կ’ուղարկէին, բայց ես միշտ կը քաջալերէի, որ ընտանիքէ ընտանիք ըլլայ օգնութիւնը, դրամը ոչ թէ մեզի գայ, այլ կապ ստեղծուի, որպէսզի բարոյահոգեբանական աջակցութիւն ալ ցուցաբերուի ընտանիքներուն։ Պռոշեանով սկսանք, բայց յետոյ անդրադարձայ, որ ասիկա միայն Պռոշեանի հարցը չէ, այլ ամբողջ Հայաստանի եւ Արցախի հարցն է, եւ մենք որքան որ կրնանք, պէտք է օգնենք։

Հարցում- Իսկ Պետութիւնը չ’օգնե՞ր այդ ընտանիքներուն։

  • Զ․Ա․ – Պետութիւնը «Զինծառայողների Ապահովագրութեան Հիմնադրամ» ին (Հիմնադարմին նպատակն է հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ատեն զոհուած, վիրաւորուած, հաշմանդամ դարձած կամ անհետ կորած զինծառայողներու ընտանիքներու աջակցութիւն տալ-Թ․) միջոցով 10 միլիոն դրամ կու տայ նահատակուածի ընտանիքին, բայց որոշ անձերու չի հասնիր, որովհետեւ այնքան պայմաններ կան լրացնելու։ Շատեր կը զրկուին դրամական այդ օգնութենէն եւ շատ խոցելի վիճակի մէջ կը յայտնուին։

Օրինակ՝ եթէ ամուսինները օրինաւոր պետական ամուսնութեան վկայական չունին (Հայաստանի մէջ շատ-շատ են այդպիսի պարագաները) կը զրկուին այդ օգնութենէն, կամ եթէ ստանան գումարը պէտք է բաժնուի կնոջ, երեխաներուն եւ զոհուածի հօր եւ մօր միջեւ, կամ այնպիսի հարցեր, որոնք դատարանի միջոցով պէտք է լուծուին։  Ընդհանրապէս աղքատ եւ միջին դասակարգի մարդիկ գացին հայրենիքի համար զոհուեցան։ Գոնէ այս հանգրուանին պէտք է ըլլան հասարակական կազմակերպութիւններ կամ անհանտներ, որոնք օգնութեան պէտք է հասնին այս խոցելի դասակարգին։ Ամէն կիներուն կը քաջալերեմ, որ իրենց ուսումը շարունակեն եւ որպէս զարգացած մայրեր իրենց զաւակներուն տէր ըլլան։

Հարցում- Ինչ ձեւով կ՛օգնէք այդ ընտանիքներուն։

  • Զ․ Պ․- Մենք սկսանք զոհուածի եւ անհետ կորածի իւրաքանչիւր երեխայի ամսական 100 տոլար տալ՝ մէկ տարի ժամկէտով։

Անցեալ Ապրիլին էր՝ անդրադաձայ, որ ճիշդ չէ, որ գումարը ես գանձեմ եւ փոխանցեմ, թափանցիկութեան համար «Նոր Թռչնոց Բոյն»ը հիմնեցինք։ Ամերիկայէն Րաֆֆի Արտհալճեան,- որ ի յիշատակ իր կնոջ եւ աղջկան, որոնք օդանաւի արկածի զոհ գացած են, հիմնադրամ մը ստեղծած է,- ինծի գրեց եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օգտակար դառնալու։ Հայաստան եկաւ եւ երկուքով միասին ստեղծեցինք «Նոր Թռչնոց Բոյն»ը։ Ամերիկայի մէջ դրամահաւաք ըրաւ եւ 30,000 տոլար ուղարկեց անցեալ տարուան վերջաւորութեան։ «Թռչնոց Բոյն»ը ասկէ հարիւր տարի առաջ ստեղծուած էր որպէս որբանոց, իսկ «Նոր Թռչնոց Բոյն»ը ֆիզիքական տեղ չունի, գաղափարը այն է, որ նեցուկ կանգնինք միակողմանի ծնողազուրկ երեխաներուն։ Մենք կ՛օգնենք այդ կիներուն, որոնք կարենան իրենց ուժերով իրենց երեխաները մեծցնել։ Ատիկա լաւագոյն ձեւն է, քան թէ որբանոց մը բանանք եւ այդտեղ հաւաքենք զանոնք։  Ներկայիս ունինք 200 երեխայ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Նպաստ ստանալու ամենէն կարեւոր սկզբունքը այն է, որ անոնք հայրենաբնակ ըլլան։ Եթէ ընտանիքը ձգէ Հայաստանը եւ նախընտրէ դուրսը ապրիլ, ան փող չի ստանար։

«Վանահովիտ»ի պարապ տուները, որոնց տէրերը դուրսը կ’ապրին, տուինք արցախցի տեղահանուած ընտանիքներու, «Բարեւ» հիւրատունը նոյնպէս, քանի հոգի որ կը տեղաւորուէր, տրամադրեցինք։ Առաջին ամիսներուն նաեւ ուտելիքի, դեղերու հարցը լուծեցինք։ Բայց շատեր, որոնց տուները բարեբախտաբար չէին վնասուած, քանի մը ամիս ետք վերադարձան Արցախ։ Մտքիս մէջ միշտ կայ մեծ մօրս յուշերը, որ իրենք ցեղասպանութեան ընթացքին այդ կագավիճակին մէջ եղած են, հիմա եթէ դուն կրնաս քու ազգիդ զաւակներուն ինչ որ բանով օգտակար դառնալ, ինչո՛ւ չընես։ Բարեբախտաբար անհատներ կան, որոնք նախարարութենէ մը աւելի գործ կ՛ընեն։ Իմ ըրածս անոնց քով ոչինչ է, շատ աւելի ընողներ կան։ Ռիդա անունով ընկերուհի մը ունիմ, թերեւս 1000 ընտանիքի կրցած է օգնել եւ ինքը քաղցկեղ յաղթահարած անձ է, Շանթ Չարշաֆճեանը, որ հիմա Արցախ է, անշուշտ հայաստանաբնակ անձեր ալ կան։

Հարցում- Երկար տարիներ ապրելով եւ գործելով Հայաստանի մէջ, հոս ապրելու բաւական մեծ փորձառութիւն ունիք, սփիւռքահայերը ի՞նչ ձեւերով պէտք է հաստատուին Հայաստան։

  • Զ․․Պ․- Ճիշդը ըսեմ, որ երկուքս ալ խորհուրդ չենք կրնար տալ։ Ամէն մարդ իր որոշումով պէտք է գայ։
  • Ն․Ա․- Ինծի շատ կը հարցնեն, թէ ի՞նչ կրնան ընել Հայաստանի մէջ։ Նայած անձը ինչ ֆինանսական վիճակի մէջ է, ինչ գիտէ։ Պիտի գայ փորձէ, իր ճամբան ինք պիտի բանայ։ Եկողները իրենց ապրած երկիրներուն հետ պէտք չէ համեմատեն Հայաստանը, հոս տարբեր է, օրինակ Գանատա որ երթաս, սկիզբը կառավարութիւնը կ’օգնէ քեզի, բայց հոս ատիկա չկայ, զերոյէն պիտի սկսիս։  Շատեր մեր օրինակին հետեւելով փոխադրուած են եւ յաջողած են։ Անձը իր ուժերով, իր գիտելիքով պիտի աշխատի, իսկ եթէ երկու հոգիի աշխատանքով ապահովէ, երկու ընտանիք պահած կ’ըլլայ եւ ատիկա արդէն երկրի համար մեծ օգուտ է։ Երբ փոխադրուեցանք, շատ մը գործերու դիմեցինք, նոյնիսկ UN-ի գրասենեակ։ Տարբեր տեղերէ մերժումները պատճառ եղան, որ մտածենք մեր անձնական գործի մասին։ Կրնամ ըսել, որ եկողը տարբեր դժուարութիւններէ պիտի անցնի, բայց պիտի դիմանայ․ ուր որ ալ երթաս, սկիզբը դժուար կ’ըլլայ։ Շատեր կը վերադառնան, ատիկա կը նշանակէ, որ իրենց մէջ այդքան մեծ հայրենասրութիւն կամ կամք չկայ՝ դժուարութիւններուն դիմանալու։
  • Զ․Պ․- Հիմա որոշ հոսք մը կայ Լիբանանէն, եթէ անշուշտ դիմանան կը հաստատուին։ Հայաստանը Լիբանանէն աւելի լաւ է, Սուրիայէն աւելի ապահով է, որքան կանուխ գան, այդքան աւելի շուտ կրնան մերուիլ։ Ամերիկայէն եւ Գանատայէն եկողները իրենք իրենց հմտութիւնները պէտք է բերեն, որ երկիրը առաջ երթայ։ Եկողը պէտք է կարենայ քիչ մը փոխուիլ, քիչ մըն ալ փոխել։
  • Ն․Ա․- Իրականութեան մէջ մենք եկած ենք իրենց երկիրը, իրենք 70 տարի դիմացած են այստեղ։ Ես միշտ իրենց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այդքան տարի չարչարուեր են։ Մենք առիթը ունեցանք գանք եւ Հայրենիքի մէջ ապրինք։ Իրենք եթէ չըլլային, այս հայրենիքն ալ չէր ըլլար։