Հայրենահանումը Մեր Ժողովուրդի Ամէն Օր Ապրուող Աղէտն է


Յ Պալեան


Հայրենիքի սէրը գոյութիւն ունի միայն մեծ հոգիներու մէջ, շահի սէրը կը ներծծէ գռեհիկ հոգիները:

Փիէր-Ժիւլ Սթահլ

 

Ինչո՞ւ երբեմն հանդիսաւորութեամբ, մամուլով, խորհրդաժողովներով եւ գիտաժողովներով չենք նշեր Հայոց Հայրենահանման Օրը, որպէսզի խօսուի, գիտակցութիւն արթննայ Ազգի մը մեղմ եւ անցաւ մաշումին մասին:

Հայրենահանման ըմբռնումը բովանդակութիւն կու տայ զգացական հայրենասիրութեան եւ ճամբայ կը հարթէ յանձնառու հայրենասիրութեան առջեւ, յիշեցնելով տիրոջ պարտականութիւնը:

Ցեղասպանութեան զոհ միլիոնը սոսկ յիշատակ է, զանազան որակումներով. մարդկութեան դէմ ոճիր, սրբացում: Գումարեցէ՛ք բարոյական մխիթարութեան յարաճուն ճանաչումները, որոնք անհետեւանք աղմուկ են ցարդ, կը ծառայեն թուղթ սեւցնելու: Անոնք պատմութիւնը վերստին իր հունին մէջ դնող ազդակ չեն, ազգի որպէս այդպիսին վերականգումին վրայ քար չեն աւելցներ: Գէթ չկրցան այդ ընել ցարդ:

Հարիւր տարիէ ի վեր կ’ապրինք Հայրենահնման Աղէտին մէջ, բայց կարծէք այդ երեւոյթը մեզ չ’անհանգստացներ, ընդհակառակն: Բացորոշ կամ լուռ գոհունակութեամբ ընդունած ենք Հայրենահանումը, քանի որ ճողոպրած ենք օսմանեան հարստահարութիւններէ, ջարդէ, դարձած ենք յառաջադէմ երկիրներու քաղաքացի, կ’ապրինք ապահով պայմաններու մէջ, ձեռք կը բերենք բարձր կենսամակարդակ: Այս գոհունակութիւնը այն աստիճան մեզ գերած է, որ այժմ ունի իր նորագոյն հետեւանքները Կամաւոր Հայրենահանման իր ձեւով, զոր կը կոչենք Արտագաղթ:

Ազգի որակի եւ համրանքի տեսանկիւնէ, Արտագաղթը կը շարունակէ Հայրենահանումը:

Հայրենհանման եւ Արտագաղթի քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային հետեւանքները համապատասխան վերաբերումի չենք արժանացներ, քանի որ անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ, անոնց նկատմամբ չունինք ընկերային գիտութիւններու լոյսին տակ մշակուած ազգային գաղափարախօսութենէ ներշնչուած կեցուածք: Աւելի պարզ խօսելով, ցեղասպանութեան զոհերը ազգին համար մեծ կորուստ եղան, քանի որ ազգը կ’ապրի իր համրանքով: Ի՞նչ պիտի ըլլան Հայրենահանման  եւ Արտագաղթի հետեւանքները Ազգին համար, ժամանակի գիծին վրայ, երբ կը դադրինք անմիջականի հաւկուրութեամբ զանոնք դիտելէ եւ դատելէ:

Ասիոյ մէջ, կրօնական տարբերութիւններու եւ մոլեռանդութեան պատճառով, երկրի բնիկներ ապաստան կը գտնեն դրացի երկրի մը մէջ (Ռոհինկաները կ’ապաստանին Պանկլատէշ): Ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր, Միջազգային համայնքը իր օրէնքներու անբաւարարութիւնը եւ իր անկարողութիւնը կը շղարժէ բարեսիրութեամբ եւ քաղաքական երթեւեկով: Հայրենահանման կանխարգիլման, սրբագրութեան, եւ Հայրենահանուածներու իրաւունքի պաշտպանութեան օրէնքներ չկան: Եւ մեծ Խօսարանին մէջ, որ ՄԱԿ կը կոչուի, այս մասին ոչ ոք կը խօսի:

Ոչ մէկ ուժ, ոչ մէկ օրէնք, ինքզինք աշխարհի իրաւարարութեան կոչած ոչ մէկ պետութիւն, Հայրենահանումները որպէս օրակարգ չունին: Թերեւս օր մը, աշխարհի բոլոր պետութիւնները, ՄԱԿը եւ անոնց շարքին Թուրքիան, կրնան ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ցաւակցիլ, բայց ոչ ոք ձայն-ծպտուն պիտի հանէ Հայրենահանում աղէտի մասին, որուն այսօր գոհունակ զոհերն են Հայրենահանուածները եւ անոնց յետնորդները:

Ցեղասպանութեան ճանաչումներուն մէջ տեղ մը, մեր եւ այլոց կողմէ, չի յիշուիր, թէ ինչո՞ւ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ: Կրնա՞նք մէկ տող գտնել եղած եւ բազմապատկուող ճանաչումներուն մէջ, մէկ տող, որ խօսի իրաւ պատճառի մասին, որուն հետեւանքն է նաեւ այսօրուան սփիւռք(ներ)ը: Բայց ինչո՞ւ մեզի բաւարարութիւն տուող այդ ճանաչումներուն հեղինակները պիտի խօսին մեր կողմէ անգիտացուող եւ չպահանջուող հարցերու մասին:

Դիպուկ է 2001ին Ֆրանսայի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պարագան, որ չի յիշեր ոչ ցեղասպանութիւն գործողը, ոչ այն երկիրը ուր ան գործուած է, ոչ ալ պատճառը այդ ցեղասպանութեան: Մենք մեզի հարց կու տա՞նք, թէ ի՞նչ կը պահանջենք, ինչո՞ւ կը պահանջենք, ի՞նչ կը ճանչնան կամ պիտի ճանչնան:

Բայց պատճառի եւ նպատակի անգիտացման համար միթէ՞ցեղասպանութիւնը այս կամ այն ձեւով թերացողները ճանչցողներն են, թէ այդ ճանաչման համար դիմողները, աշխատողները:

Պահ մը երեւակայենք, թէ ի՞նչ պիտի մտածեն եւ ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն ցեղասպանութիւնը ճանչցող մեր բարեկամները, եթէ հարցը ներկայացնենք ըսելով, որ ցեղասպանութեան պատճառը հողն էր, եւ հայոց հայրենիքի բռնագրաւման եւ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերը անանջատելի են:

Մեր բարեկամները եւ խօսակիցները առնուազն մեզմէ նուազ միամիտ են: Անոնք կրնան հարց տալ, որ եթէ այդ բռնագրուած հողերը ազատագրուին, այսօրուան սփիւռք(ներ)ը, հայրենահանուածները եւ անոնց յետնորդները կը վերադառնա՞ն: Քայլ մըն ալ առաջ երթալով, կրնան դիտել տալ,թէ ինչո՞ւ պէտք է պահանջել այդ հողերը, երբ այսօր ուրիշներ կ’արտագաղթեն, հողը կը լքեն, կ’աճեցնեն հայրենահանուածներու համրանքը:

Աւելին ալ կրնան ըսել: Հայաստան եւ Արցախ միացեալ տարածութեան վրայ ամբողջ սփիւռքի բնակեցման տեղ կայ:

Այս անգիտացուած իսկական պատճառով կը բացատրուին հայոց ցեղասպանութեան բարոյամխիթարական ճանաչումները, որոնք ոչ մէկ քաղաքական նկարագիր ունին եւ չեն անհանգստացներ ոչ մեր բարեկամները ոչ ալ մեզ:

Խօսիլ ցեղասպանութեան պատճառի մասին պիտի ստիպէր, որ մենք որպէս անմիջական օրակարգ ունենայինք հայրենատիրութիւն եւ հայրենադարձութիւն զոյգը:

Հետեւաբար կէս-բերան եղած պահանջին կը տրուի կէս-բերան բաւարարութիւն:

Հայրենանուած ժողովուրդի իսկական կացութեան գաղափարախօսական պատասխանը հայրենիքի ամոբղջացումն ու բնակեցումն են:

Ցեղասպանութեան այսօրուան իրողական քաղաքական բովանդակութիւնը եղած եւ տեւող հայրենահանումն է: Այսինքն հողային պահանջն է, որ իսկական իմաստ կու տայ ցեղասպանութեան ճանաչումներուն, լացէն եւ սուգէն, յուշէն եւ յուշագրութիւններէն անդին, ազգային իրաւունքին եւ գոյութեան կու տայ քաղաքական որակ:

Եւ ի հարկէ, պէտք է խօսիլ սփիւռք(ներ)ի քաղաքական նախաձեռնութիւններու նկատի առնուելիք լրջութեան բովանդակութեան մասին: Ըսինք, քաղաքական նախաձեռնութիւններ, որոնք հայրենակցական միութիւններու ոչ հերիսայով եւ ոչ տուտուկ-զուռնայով կը սահմանուին:

Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որպէսզի ազգի աւելի քան սփիւռք(ներ)ը կուլ չերթայ համաշխարհայնացման հեղեղին: Այդ ընելու համար մենք պէտք է դադրինք բաւարարուելէ բաժակի կէս կամ քառորդ լեցուն մասով, այլ բոլոր միջոցներով մտածել եւ գործել որպէսզի այդ դատարկ մասը կրկին լեցուի, լեցուն մասն ալ ամէն օր քիչ մը աւելի չդատարկուի:

Այս նպատակով, իրապէս պէտք է կազմակերպել հայկական սփիւռք(ներ)ը ոչ որպէս այս կամ այն ձեւի հայկական ծագումով մարդոց ինքնագոհ համայնքներ, որոնք իրենք զիրենք կը տեսնեն յաւերժացող եւ յաւերժական սփիւռքացման մէջ: Սերունդ պէտք է պատրաստել հայրենատիրութեան եւ հայրենադարձութեան ենթահողի վրայ, օրինակ, դպրոցներու, միութիւններու, կուսակցութիւններու, եկեղեցիներու ծրագրային-կրթական առաջադրանքներուն մէջ պէտք է արձանագրել նոյն հայրենատիրութիւն-հայրենադարձութիւնը: Այսինքն, հայրենահանուած ըլլալու գիտակցութիւնը պէտք է թելադրէ այն առաջնորդող միտքը, որ սփիւռք(ներ)ը ժամանակաւոր սպասման կեդրոններ է հայուն համար:

Եթէ այս ժամանակաւորի սուր զգացողութիւնը կորսուի, սփիւռք(ներ)ը ինքզինք կը դատապարտէ դեռ ժամանակ մըն ալ ըլլալու ծագումով հայ, օր մը այդ անգամ մոռնալու: Ընկերութիւններու ձեւաւորման մէջ ժամանակը անգութ է:

Հայրենահանումը ազգի մը հանդէպ գործուած յոռեգոյն ոճիրն է: Ան ազգի անդամները կը դատապարտէ այլասերման, ազգին համար ողջ մեռեալներու:

Հայրենահանման աւեր գործած եւ գործող հետեւանքներուն, եւ անոնց վերացման կարելիութիւններու քննութեան համար, չ’արժե՞ր հակա-ամբոխավարական եւ հակա-ինքնախաբէական խորհրդաժողով մը գումարել, եւ խօսիլ զանգուածներուն, դուրս գալով բջիջներու օղակէն:

Զանգուածներուն. մէկ առ մէկ: Իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, ոչ միայն յայտարարութիւններով եւ հաղորդագրութիւններով, որոնք կը հասնին գիտցողներուն եւ համոզուածներուն:

Համաժողովը պէտք է արտայայտուի լուռ մեծամասնութեան եւ անտեսանելի դարձածներուն մասին, զինուելով հայրենատիրութեան եւ հայրենադարձութեան առաջադրանքներով: