Հայրենիքը Պիտի Ըլլայ Այնպիսին, Ինչպիսին Զայն Պիտի Դարձնենք Միասին. Արմէն Սարգսեանի Ուղերձը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Տօնին Առթիւ


Նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման 103-րդ տարեդարձին առիթով.

«Առաջին Հանրապետութիւնը նշանակալից իրադարձութիւն էր մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ` անկախ պետականութեան վերականգնում ինքնիշխանութեան համար երկարամեայ պայքարէն ետք: Ան եւս մէկ անգամ ցոյց տուաւ, որ երբ միասնական ենք, կրնանք յաղթել:

Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը ստեղծուեցաւ այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ վտանգուած էին մեր ինքնութիւնն ու ֆիզիկական գոյութիւնը, վտանգ, որ կանխուեցաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերի արդիւնքով, մեր միասնութեան ու անձնազոհութեան շնորհիւ:

Այսօր մենք կանգնած ենք բարոյականութեան ու արժանապատուութեան Սարդարապատի շեմին, ճակատամարտ, որուն միայն յաղթակա՛ն արդիւնքը կրնայ երաշխաւորել ամուր պետականութիւն եւ զարգացման հեռանկար:

Այսօր կարիք ունինք սթափ դատողութեան ու առողջ մտածողութեան, կարիք ունինք պատմութեան դասը սերտելով` նորովի գիտակցելու,

որ Հայրենիքը որպէս իրականութիւն կրնայ ապրիլ միայն անկախ պետականութեան տեսքով,

որ անկախ պետականութիւնը ձեռք կը բերուի եւ կը պաշտպանուի դժուարութեամբ,

որ շատ ժողովուրդներ այսօր ալ կ’երազեն ատոր մասին:

Անկախ պետականութիւնը մեր ինքնութեան ու ազգային շահի գիտակցումն է, յանուն որուն զէնքն ձեռքին ելած է մեր ժողովուրդը` բանակն ու աշխարհազօրը աւելի քան 100 տարի առաջ: Ատոր կարիքը կայ բոլոր ժամանակներուն մէջ` ինչպէս Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրօք էր, այնպէս ալ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակ, եւ ատո կարիքը պիտի ըլլայ նաեւ վաղուան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

Անկախ պետականութիւնը մեր սահմաններու անձեռնմխելիութիւնն է ու անսակարկելիութիւնը, որոշում կայացնելու եւ զայն իրագործելու մեր կարողութիւնը, անվտանգութիւն ապահովելու եւ խաղաղութիւն թելադրելու մեր ունակութիւնը:

Մենք պէտք է կարենանք ոչ միայն յաղթել, այլեւ խորութեամբ հասկնալ, թէ ինչպէս վարուիլ այդ յաղթանակին հետ:

Պէտք է կարենանք յաղթանակը լեցնել մնայուն բովանդակութեամբ ու վերածել յաջողութիւններու:

Պէտք է կարենանք խորութեամբ հասկնալ եւ ընկալել` ինչ տեղի ունեցաւ երէկ, ինչ տեղի կ’ունենայ այսօր եւ արձագանգել ու գործել համարժէք:

Պէտք է կարենանք կանխատեսել եւ կառավարել այն, ինչ կրնայ ըլլալ վաղը:

Պէտք է կարենանք սթափ վերլուծել մեր անյաջողութիւններուն պատճառները, որոնց մէջ` Առաջին Հանրապետութենէն ցայսօր, եւ աշխատիլ սեփական սխալները ուղղելու վրայ, մշակել յստակ տեսլական եւ զարգացման ծրագիրներ:

Ես կը հաւատամ, որ կրնանք հասնիլ այնպիսի ձեռքբերումներու, որոնք դեռ երէկ անհնարին կը թուէին, կրնանք իրականութիւնը համապատասխանեցնել մեր ցանկութեան, կրնանք կեանքի կոչել այն երազանքը, որ առաջին հայեացքէն անհասանելի կը թուի:

Թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ մեր Հայրենիքը` Հայաստանն ու Արցախը, կախուած է մեզմէ, իւրաքանչիւրէս: Իսկ Հայրենիքը պիտի ըլլայ այնպիսին, ինչպիսին զայն պիտի դարձնենք միասին»։