Հայ-Ազրպէյճանական Վերջին ճակատումներուն Մասին Առցանց Զեկուցահաւաք՝ Կիրօ Մանոյեանի Հետ


Կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝  Շաբաթ, 25 Յուլիս 2020-ին, ժամը 12:00-ին տեղի պիտի ունենայ Հայ-Ազրպէյճանական սահմանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին յատուկ առցանց զեկուցահաւաք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ:

Զեկոյցին կարելի է հետեւիլ ուղիղ սփռումով Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Facebook-ի եւ YouTube-ի էջերու միջոցաւ:

Հարցումները նախապէս կարելի է ուղարկել National.Office@anccanada.org հասցէին: