«Այգեկութ»․ Համազգայինի «Անի» Եւ «Էրեբունի» Պարախումբերուն Ելոյթը


Արշօ Զաքարեան


Նոր բառ մը կ՚աւելնայ մեր բառապաշարին վրայ. այգեկութ։ Մեր ոսկեայ լեզուն հարուստ է։ Արդարեւ, գոհաբանական շաբաթավերջին կազմակերպուած Համազգայինի «Անի» եւ «Էրեբունի» պարախումբերուն երկար աշխատանքին հունձքն է։

Բեմին յարդարանքը երկու Հայկական գորգերու պատկերներն են։

Գաղութի տաղանդաւոր ասմունքող եւ «Գլաձոր» մասնաճիւղի ատենապետ Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան կ՚ողջունէ մեզ Պարոյր Սեւակի «Բարեւ» քերթուածով։ Բարեւը անցագիր է անկարելին կարելի ընելու։ Արդէն բարեւին խորիմաստ պարունակութիւնը մեզ կը յուսադրէ եւ բարձր տրամադրութեան կ՚առաջնորդէ։

Յայտագիրին առաջին մասը «Էրեբունի» պարախումբին պարերով կը սկսի։ Պարուսոյց Լոռի Նաճարեանի բեմադրութեամբ Ազգագրական, Վաղարշապատ, Եարխուշտա, Քալինքա, Սիրթաքի, Բալենի եւ Արտաշատ պարերը կը ներկայացուին։ Այս վերջինը Յաղթանակի պար է՝ նուիրուած Արցախեան ազատամարտերու հերոսներուն։ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը երախտապարտ է, որ Լոռիի բացակայութեան Յովհաննէս Յարութիւնեանը եւ Դաւիթ Մանուկեանը ստանձնած են «Էրեբունի»ի եւ Պարարուեստի Ուսումնարանի մեծերու խումբին փորձավարութիւնը, զորս ամենայն բծախնդրութեամբ կատարած են։

Հայկական տարազներու ճոխ գոյները, պարողներու խանդավառութիւնը, համաչափ քայլերը, ձեռքերու նազանքով շարժումները, խրոխտ ոստումները, անվախ թռիչքները կը հմայեն 350 ներկաները։

aykegoodk1Յայտագրին մէջ նաեւ կար Ազատ Ղարիպեանի Իլիկները, Յուշերը եւ Քոչարին, որոնք կը հրամցուին հարազատօրէն։ Նաեւ Վանուշ Խանամիրեանի Էնզէլին։ «Յուշեր» պարի կատարումէն ետք, Թամար Տօնապետեան-Գուզուեանն է բեմի վրայ՝ Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը» երկարաշունչ քերթուածով։ Երբ կը հասնի կարգը «Հալալ է քեզ Սասուն պարի՜, պարի,՜ Դու դեռ երազ ունես կատարելու, Վրէժ ունես պատմութիւնից դեռ հանելու» տողերուն, ահա երաժշտութիւնը կը հնչէ ու Եարխուշտա պարի տղաքը ներս կը մտնեն ինքնավստահ թափերով և կշիռքով. սրտառուչ խօսքն ու պարը միախառն՝ մեծապէս կը ոգեւորեն մեզ ու կը փոխադրեն Սասուն։

Ծրագիրին երկրորդ մասը Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Անի» պարախումբին էր։ Թռչող Վիշտը, Կարճ Քոչարին, Լեռնցիները, Քամանչան, Փոփուրին, Նոր Քոչարին, Հոյ Նարէ Նարէն, Սարդարապատը եւ Արտաշատը՝ բեմադրութեամբ պարուսոյց Եւա Հայրապետեանի, որ քսան տարիներէ ի վեր կը ղեկավարէ Անի պարախումբը։ Արդիական ոճով, պալէի և հայկական աւանդական պարաձեւերու այս բաղադրութիւնը հետաքրքրական, գրաւիչ եւ հաճելի է։ Մագնիսացած կը հետեւինք։ Արագընթաց է և բազմատեսակ։ Երբեմն կը շուարինք որ ուղղութեամբ նայինք, որովհետև տեսակաւոր շարժումներ և պարեր կը հրամցուին միաժամանակ։ Հեզասահ բաժանումները և խմբաւորումները, անակնկալները եւ գոյները կը հրապուրեն եւ կը դիւթեն մեզ։

Վայելքէն գինովցած հանդիսատեսներուն ծափահարութիւններու ուժգնութիւնէն յայտնի է խանդավառութիւնը։ Փակման խօսքին մէջ, Թամար Տօնապետեան վարչութեան կողմէ շնորհակալութեան խօսք կ՚ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս ելոյթը երազէն իրականութիւն դարձնելու աշխատանքին։ Ծաղկեփունջեր կը յանձնուին Եւա Հայրապետեանին, Յովհաննէս Յարութիւնեանին եւ Դաւիթ Մանուկեանին։ Հայր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետ Գիրէջեանի քաջալերական սրտի խօսքով եւ Պահպանիչով վերջ կը գտնէ այս բարձրորակ ու եզակի երեկոն։