«Աւրորա»ն Եւ Փրկութեան Միջազգային Կոմիտէն Պիտի Աջակցին Սուրիացի Գաղթականներուն


Փրկութեան միջազգային կոմիտէն եւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը միասնաբար կը մշակեն սուրիացի գաղթականներուն կանխիկ դրամական միջոցներու փոխանցման ծրագիր: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ (IDeA) հիմնադրամը:

Այս ծրագիրով պիտի ֆինանսաւորուի հետազօտական նոր ծրագիր մը, որ թոյլ պիտի տայ Փրկութեան միջազգային կոմիտէին վստահելի եւ հաշուետու դրամական բաշխման միջոցով կենսական օժանդակութիւն ցուցաբերել սուրիական տագնապէն տուժածներուն:

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը տրամադրէ 100.000 տոլարի դրամաշնորհ, որուն օգնութեամբ կոմիտէն պիտի սկսի «Առաջնահերթ կանխիկ» ծրագիրի ճանապարհային քարտէսի մշակումը: Անիկա պիտի տեւէ մէկ տարի եւ ատկէ ետք պիտի առաջարկէ նոր մեթոտաբանութիւն, որ պիտի ուսումնասիրէ կանխիկի փոխանցման ընդլայնման առջեւ եղած խոչընդոտները` ըստ երկիրներու, եւ պիտի առաջարկէ միջոցներ, որոնք թոյլ պիտի տան յաղթահարել զանոնք:

«Ուրախ ենք գործակցելով Փրկութեան միջազգային կոմիտէին հետ, քանի որ միասին կրնանք իրականացնել կարիքի մէջ յայտնուած մարդոց օգնելու մեր ընդհանուր նպատակը,- ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբեն Վարդանեանը,- ոգեշնչուելով հարիւր տարի առաջ յանուն հայութեան փրկութեան գործող անհատներէն` մենք այսօր հպարտօրէն կը շարունակենք անոնց ոգին` աջակցելով ներկայիս ամենահրատապ մարդասիրական մարտահրաւէրները դիմագրաւող կազմակերպութիւններուն: Մեզի համար հաճելի է օժանդակել մարդասիրական օգնութեան այս նորարարական միջոցին, որ անհրաժեշտ օգնութիւնը տեղ կը հասցնէ աւելի արագ` գոհացնելով շահառուները»: