Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (AGBU) Կազմակերպած Ձեռնարկը՝ Ի Նպաստ Արցախի Երեխաներուն


«Թորոնթոհայ»,- Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան դժուարագոյն շրջաններէն մէկը կ’ապրի ներկայիս ու բիւրաւոր վէրքերով պատուած սեփական տան ծուխին կարօտը կը քաշէ։ 

Արցախի տուժած հայորդիներուն աջակցելու նպատակով սփիւռքի հայկական օճախները միակամ կ’աշխատին, որպէսզի հնարաւորինս օգտակար դառնան հայրենազուրկ մեր հայրենակիցներուն եւ մեղմացնեն անոնց ցաւերը։

Այս ծիրէն ներս, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (AGBU) կազմակերպած է ձեռնարկ մը, որուն կրնանք մասնակցիլ բոլորս։

«Արցախի մեր հազարաւոր երեխաները այսօր դժուար պարագաներու մէջ կը գտնուին, որովհետեւ պատերազմի ծանր պայմաններուն բերումով մօտաւորապէս 90,000 հայ ընտանիքներ  պարտաւորուեցան իրենց տուներէն հեռու մնալու եւ կարօտ մնացին ընտանեկան տաքուկ բոյնին. Ուստի, Նոր Տարուան առիթով, Արցախի մեր երեխաներուն ժպիտ մը պարգեւելու միտումով որդեգրեցինք միջոց մը, որմով վերարկու, կօշիկ, մոյկ եւ խաղալիք պիտի ապահովենք անոնց եւ փոխանակ ապրանքը ղրկելու եւ տեղափոխութեան ծախսեր ընելու` իւրաքանչիւր նուիրատու $30 նուիրելով կրնայ ուրախացնել երեխայ մը», կ’ըսէ Թորոնթոյի AGBU-ի վարիչ-տնօրէնուհի Սալբի Տէր Ղազարեան եւ կը յայտնէ, թէ հաւաքուած գումարները պիտի փոխանցուին Երեւանի AGBU կեդրոնին եւ հոն անոնք պիտի գնեն այդ ապրանքները եւ բաժնեն երեխաներուն։ 

Ան կը վստահեցնէ, որ այս ձեւով Նոր Տարուան ուրախութիւնը ապահոված կ’ըլլանք մեր երեխաներուն, միեւնոյն ժամանակ օգնած կ’ըլլանք Հայաստանի տնտեսութեան։

Վարիչ-տնօրէնուհին կը նշէ, որ իրենք Թորոնթոյի հայ գաղութին տեղեակ պահած են բարեսիրական այս ձեռնարկին մասին եւ կը սպասեն բոլորին աջակցութեան։ «Կը յուսանք, որ մինչեւ Դեկտեմբերի կէսը բաւական գումար կը հաւաքուի եւ այդպիսով Նոր Տարուան սեմին առիթ կ’ընծայենք ժպիտ պարգեւելու մեր ազգի զաւակներուն։ Կը մաղթենք, որ այս սեւ ամպը շուտով հեռանայ մեր հայրենիքի երկինքէն», յոյս կը յայտնէ ան։

Սոյն նախաձեռնութեան ձեր մասնակցութիւնը կրնաք բերել եւ $30 նուիրել e-Transfer-ի միջոցով՝ toronto@agbu.org կամ AGBU-ի գրասենեակի mail-ին  cheque ղրկելով։

*           *           *

This year has been quite difficult to say the least. It has been particularly difficult for those in Artsakh, forced to leave home under difficult circumstances. Please join us in our efforts to provide a Cheerful Christmas to the children of Artsakh who need something to smile about. $30 will provide a package of a warm winter jacket, warm boots and a toy to a newly displaced child from Artsakh. There are currently thousands of displaced children who need our support. Consider donating in honor of a family member or friend as their Christmas gift this year.
You can e-transfer us at toronto@agbu.org , or mail a cheque to the AGBU offices.
Thank you for your continued support.