Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի Հա­լէ­պի Ազ­գա­յին Վար­ժա­րան­նե­րու 2016-2017 Ու­սում­նա­կան Տա­րեշր­ջա­նը` Անվ­ճար


Սու­րիոյ տագ­նա­պա­լի հինգ տա­րի­նե­րուն, հա­կա­ռակ հեր­թա­բար բազ­մա­ցող դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, Բե­րիոյ հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւ­նը ա­ռա­ւել յանձ­նա­ռու­թեամբ հե­տա­մուտ ե­ղաւ կան­գուն պա­հե­լու ազ­գա­յին բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը եւ յատ­կա­պէս` կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը:

Բե­րիոյ հա­յոց թե­մի ամ­բողջ տա­րած­քին, կրթա­կան մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, ի բա­ցա­ռեալ օ­րի­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հա­կակ­շի­ռէն դուրս մնա­ցած շրջան­նե­րը, շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց նո­ւի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը` յար­մա­րա­գոյն լու­ծում­նե­րով:

Հա­լէ­պի մէջ, ուր կը գտնո­ւի ազ­գա­յին կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ճնշող մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, ուր եւ տագ­նա­պի հե­տե­ւանք­նե­րու ամ­բողջ ծան­րու­թիւ­նը կը տի­րէ, մեր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը հսկա­յա­կան ճիգ եւ նիւ­թա­բա­րո­յա­կան ներդ­րում պա­հան­ջեց:

Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան հօր եւ ի­րե­րա­յա­ջորդ ազ­գա­յին վար­չու­թիւն­նե­րու տնօ­րի­նու­մով, ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան ծնող­նե­րուն ըն­ծա­յո­ւե­ցան հնա­րա­ւոր դիւ­րու­թիւն­ներ` մաս­նա­կից դառ­նա­լու կրթա­կան գոր­ծի շա­րու­նակ­ման անհ­րա­ժեշտ ծախ­սե­րուն:

Մաս­նա­ւո­րա­բար Հա­լէ­պի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու 2012-2013, 2013-2014, 2014-2015, 2015-2016 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջան­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցան` շնոր­հիւ ՍՇՕՎ­Մին, ՀՕ­Մին եւ «Գ. Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րուն, բայց յատ­կա­պէս` նոր հիմ­նո­ւած Բե­րիոյ հա­յոց թե­մի «Դպրոց» հիմ­նադ­րա­մին, որ գո­յա­ցած է ան­հա­տա­կան, հա­ւա­քա­կան, միու­թե­նա­կան ու թե­մա­կան նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն­նե­րով:

Նա­խա­գա­հու­թեամբ ա­ռաջ­նորդ Շա­հան արք. Սար­գի­սեա­նի, Բե­րիոյ հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը անց­նող ա­միս­նե­րուն, հա­մընդ­հա­նուր քննու­թեան են­թար­կե­լէ ետք կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ա­ռա­քե­լու­թեան ան­խա­փան շա­րու­նա­կու­մը խո­չըն­դո­տող խնդիր­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­բար` Հա­լէպ քա­ղա­քի ի­րա­վի­ճակն ու հե­տե­ւանք­նե­րը, սահ­մա­նադ­րա­կան իր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ կը յայ­տա­րա­րէ 2016-2017 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը Հա­լէ­պի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար անվճար:

Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը իր այս ո­րո­շու­մով թէեւ ծան­րա­գոյն յանձ­նա­ռու­թեան տակ պի­տի գոր­ծէ, սա­կայն յու­սադ­րո­ւած է, որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցող մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր զա­ւակ­նե­րը պի­տի զօ­րակ­ցին ի­րեն: