Հայ Գրքի Շաբաթավերջ Թորոնթոյի մէջ


Արշօ Զաքարեան


Անցնող քառասուն տարիներուն աւանդութիւն դարձած է Հայ Գրքի Շաբաթավերջ կազմակերպելը Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գլաձոր մասնաճիւղի գրադարան-գրատարածի յանձնախումբին համար։ Դեկտեմբեր 2, 3 եւ 4ի ձեռնարկը բացառութիւն չէր, բայց յատկանշական էր ՀՕՄի ամէնօրեայ վարժարանի 4րդէն մինչեւ 8րդ դասարաններու այցելութիւնը, Ուրբաթ օր, իրենց Հայերէնի ուսուցիչներուն եւ տնօրէնին ընկերակցութեամբ։

Շատ հաճելի է վկայել աշակերտներուն ընտրութիւնները կամ նախասիրութիւնները։ Ահաւասիկ քանի մը հատը.

-Հայերէնով Ուիլեըմ Սարոյեան ունիք՞։

-Եղիշէ Չարենց ունիք՞,- կը հարցնէ ոչ հայախօս ծնողքի մը զաւակը։

-Ես ալ կ՚ուզէի Տիկին Զանիի «Վարագի Կաղանդը» գիրքէն ունենալ,- կ՚ափսոսայ ուրիշ մը, նկատելով, որ վերջին օրինակը այլ աշակերտ մը արդէն գնեց։

Պատասխանատուները ճախարակի պէս կը դառնան՝ գոհացում տալու բոլորին։

Ցուցադրուած գիրքերու և յուշանուէրներու իւրաքանչիւր սեղան կը կրէ բացատրական ցուցանիշ մը, ինչպէս՝ Նորութիւններ, Մանկապատենական, Ազգային, Վէպեր, Արուեստ, Բացիկներ, Զեղչեալ գիներով գիրքեր, Ճաշագիրքեր։ Ընտրութիւնները լայն են։

Ուրբաթ երեկոյեան Հայկական երաժշտութեան պատմութեան տոկդորայի պատրաստուող ուսումնասիրող մը կ՚այցելէ։ Գրատարածի պատասխանատուները խիստ գոհ են, որ կրնան զանազան գիրքեր առաջարկել։

Երեք օրերու ընթացքին չորսէն ութսունըչորս տարեկան այցելուները կը գտնեն իրենց փափաքածները՝ իրենց հարազատներուն համար յարմար նուէրները։

Նման միջոցառումներու շնորհիւ մեր լեզուն պիտի ապրի և վտանգի մէջ ըլլալէ դադրի։