Հայ Դատը Կը Հովանաւորէ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Պաշտպանութեան Նուիրուած Ժողովը


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս տարի եւս հովանաւորներէն մէկը պիտի հանդիսանայ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք՝ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» համաժողովին, որուն պիտի մասնակցին մեծ թիւով քաղաքական եւ հոգեւոր առաջնորդներ, ներառեալ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Հոկտեմբեր 24էն 26 կայանալիք ժողովի մասնակիցներուն ուշադրութեան առանցքը պիտի ըլլան Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան եւ քրիստոնէութեան ու կրօնական ազատութեան պահպանման հետ կապուած հարցեր: Նշենք, որ անցեալ տարուան համաժողովին մասնակցած էին աւելի քան 50 քոնկրեսականներ:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան կենսական համարած է նման համաժողովի մը գործօն մասնակից ըլլալը՝ աւելցնելով, թէ այս տարուան հաւաքին ընթացքին պիտի մեծարուի նաեւ 1980էն ի վեր հայութեան մօտիկ գործակիցը հանդիսացող քոնկրեսական Քրիս Սմիթ (Հ., Նիւ Ճըրզի)։

Հայ Դատի ներկայացուցիչները նաեւ քննարկումի նիւթ պիտի դարձնեն Լիբանանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ցեղասպանութեանց զոհերու օգնութեան տրամադրումը, «Իսլամական պետութիւն»ը, «Քայիտա»ն եւ ցեղասպանութիւն իրականացուցած այլ կազմակերպութիւններ պատժելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում ու վնասուց հատուցում ապահովելու ջանքերը։

Նշենք, որ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» համաժողովի կրօնական խորհրդակցական մարմինին մաս կը կազմեն Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ վեր. Պերճ Ճամպազեան։

Համաժողովին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.youtube.com/watch?v=At2fxqlnHP0 կամ https://indefenseofchristians.org/idc-2017-summit կայքէջերը։