Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Կ՚ուղղէ Գանատայի Կառավարութեան Դատապարտելու Պաքուի Յարձակողապաշտ Ընթացքը  


Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Մարտ 29-ին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կ՚անդրադառնայ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բնակչութեան դէմ գործադրուած բռնարարքներուն։

Յայտարարութեան մէջ յանձնախումբը խստօրէն կը դատապարտէ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի որդեգրած յարձակողական քայլերը եւ կոչ կ՚ուղղէ Գանատայի կառավարութեան անյապաղ դատապարտելու Պաքուի քաղաքական այս ընթացքը  եւ օգտագործելու իր տրամադրութեան տակ գտնուող դիւանագիտական բոլոր միջոցները՝ զսպելու Ազրպէյճանի բռնութեան եւ տարածաշրջանը ապակայունացնելու փորձերը։

Յանձնախուբը կը նշէ, որ Մարտ 24-էն ի վեր ազրպէյճանական զինուած ուժերը քանի մը անգամ ներխուժած են Արցախի Հանրապետութեան տարածք՝ կոպտօրէն խախտելով 2020-ի Նոյեմբերի հրադադարի համաձայնութիւնը և յստակ դարձնելով Արցախի մէջ ռազմական գործողութիւններ վերսկսելու իրենց մտադրութիւնը։ Օգտագործելով հրետանի և «Պայրաքտար» TB2 անօդաչու թռչող սարքեր, ազրպէյճանական նոր յարձակումները պատճառ եղած են մարդկային զոհերու եւ, որ խաղաղ բնակիչները լքեն իրենց գիւղերը։

Ըստ Հայ Դատի յանձնախումբին՝ Ազրպէյճան օգտուելով տարածաշրջանէն ներս ստեղծուած փխրուն իրավիճակէն՝ տարբեր միջոցներ կ՚որդեգրէ Արցախի բնակչութիւնը ահաբեկելու եւ բարոյալքելու՝ նպատակ ունենալով հայաթափել Արցախը։

Կոչ կ՚ուղղուի Գանատայի կառավարութեան՝ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ ազրպէյճանական հետագայ բռնութիւնները կանխելու համար: