Թորոնթոն Նշեց Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յիսնաﬔակը եւ Հանգանակեց 60,000 Տոլար


Խաժակ Գուլաճեան


Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի Յանձնախումբը բոլորեց իր յիսնաﬔակը: 1965էն, իր հիﬓադրութենէն ի վեր, յանձնախումբը դարձած է գանատահայ աﬔնաﬔծ եւ աﬔնաազդու մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւնը: Իր մասնաճիւղերով եւ քոյր կազմակերպութիւններով, ան աﬔնօրեայ ներկայութիւն է Գանատայի դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքային քաղաքական կեանքին մէջ, ներկայացնելու գաղութի հայութիւնը իր բոլոր հարցերով:

21 Հոկտեմբեր 2016ին, Հայ Կեդրոնի Սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հանգանակութեան ձեռնարկ մը, որ նպատակ ունէր հաւասարակշռելու յանձնախումբի պիւտճէն՝ իր գործունէութիւնը շարունակելու համար:

Ձեռնարկը վարեց շրջանային Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ Մարիան Դաւիթեան, որ բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց զօրակցութեան համար։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոﬕտէի ներկայացուցիչ՝ Ռաֆֆի Տօնապետեան անգամ մը եւս հաստատեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցթեան հովանաւորութիւնը՝ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ շատ հակիրճ անդրադարձ մը կատարեց վերջին 15 տարուան ընթացքին տարուած աշխատանքներուն, շեշտելով Օթթաայի մէջ գործօն գրասենեակի մը կարեւորութիւնը: Տօնապետեան ներկայացուց նաեւ յանձնախումբի պիւտճէն՝ տարեկան 125 հազար տոլար, ընդդէմ թուրք-ազերիական ﬕլիոններուն: Ան յայտնեց որ տարբեր հանգանակային ձեռնարկներ կատարուած են եւ պիտի կատարուին Գանատահայ տարբեր գաղթուներու մէջ, հանգանակելու համար 250 հազար տոլար: Խօսքի աւարտին, Տօնապետեան ներկայացուց Հայ Դատի Գրասենեակի նորանշանակ գործավար՝ Սեւակ Պէլեանը:

Գանատայի Հայ Դատի աշխատանքները ներկայացուց Շրջանային Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ՝ Շահէն Միրաքեան, որ խօսեցաւ տարուած աշխատանքներուն մասին եւ նշեց որ յանձնախումբը թերացած է նիւթական դժուարութեան պատճառով: Ընկերը շեշտեց, որ ﬔր յաջողութիւնները հասած են իրենց գագաթնակէտին, երբ ﬕասնական եւ հաւաքական աշխատանք տարած ենք։

Թորոնթոյի Հայ Դատի աշխատանքները ներկայացուց ատենապետ Զօհրապ Սարգիսեան, որուն յաջորդեց Աﬔրիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեանի ելոյթը: Մէջբերելով Մարթին Լտըր Քինկէն դրուագներ եւ խօսքեր, որոնք կ’առնչուին նպատակաուղղուած եւ կամաւոր աշխատանքի կարեւորութեան, Համբարեան յորդորեց ներկաները՝ նուիրել, թուեց նուիրելու մղիչ ուժերը, վեր առաւ Հայաստանի եւ Արցախի բարօրութեան համար տարուած սփիւռքի աշխատանքները շեշտելով սփիւռքի կարեւորութիւնը:

Ձեռնարկի վերջին խօսք առնողն էր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի աշխատանքներու պատասխանատու Յակոբ Տէր Խաչատրեան, որ ներկայացուց Հայ Դատի սահմանումը եւ համաշխարհային կառոյցը, կարեւորելով՝ «Մեր կամաւորները եւ հաւատքը՝ իրենց գումարներուն դէմ» թեման: Պաշտօնական բաժինի աւարտին, ներկաները մտերﬕկ մթնոլորտի մը մէջ շարունակեցին երեկոն եւ ﬕասնաբար հանգանակեցին 60,000 տոլար: